Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն խոր ցաւով կը գուժէ մահը շրջանիս վաստակաշատ ընկեր ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆի։ Ընկերը մահացաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2021ին։
Ընկ. Վազգէն Մատէնլեան շրջանէս ներս ունեցած է կազմակերպական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն, վարելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ։ Ան եղած է Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ու երկար տարիներ վարած է Ազգ. «Վահան եւ Անուշ Շամլեան» միջնակարգ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։
Կեդրոնական Կոմիտէս իր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ ընկերոջ ընտանեկան պարագաներուն