Ասիկա Մեր Պարտութիւնը Չէ

Եւ անշուշտ պարզ է, թէ վերջին այս ընտրութիւններով ինքզինքին ի՞նչ գնահատական տուած է ՀՀ հասարակութիւնը… Ինքզինք դատապարտած է ինչպիսի՜ ապաշնորհ կարգավիճակի։

1890-ին, հասարակութեան այս իսկ կարգավիճակը ջարդուփշուր ընելու առաքելութեամբ էր, որ հրապարակ իջաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Մարտահրաւէրը նոյնն էր 130 տարի առաջ։

Այսօր ընդվզած ենք բոլորս ի տես այն անորակելի քաղաքական խեղճութեան, որուն մատնուած կը թուի ըլլալ հայրենի մեր հասարակութեան հսկայ մէկ զանգուածը։ Խեղճութիւնը, որուն կ՚ակնարկեմ, անկարողութիւնն է ոտքի կանգնելու և քաղաքացիական ողնայար ցուցաբերելու հաւաքական կեանքի վճռական րոպէներուն։ Անատակութի՛ւնը՝ ինքնիր ճակատագիրը տնօրինելու։ Քաղաքական կամքի ահաւոր բա՛ցը՝ որ ազգերու մահավճիռն իսկ է։

Իմ լուսահոգի ընկերոջ՝ Զօրայր Խալափեանի «Ոսկէ Միջինը» վիպակին մէջ դաժան իրապաշտութեամբ տրուած է հոգեբանական անելը այն մարդուն, որուն յանկարծ առիթ կ՚ընծայուի փախուստ տալու Սիպերիոյ կեդրոնացման ճամբարներէն և որ ազատութեան մէջ յայտնուելէ ետք իսկ՝ ի վերջոյ կ՚որոշէ ինքն իր կամքով վերադառնալ և վերստին յանձնուիլ ճամբարային բռնատիրութեան նախընտրելով կալանքն ու պատիժը՝ ազատութեան մղձաւանջային հարցերը դիմագրաւելու փոխարէն։

Յստակ է, որ մեր երկրի հասարակութեան մէկ մեծ շերտը որոշումէ կը խուսափի որոշում առնելու քողին տակ…Ֆրանսացիք այս հոգեվիճակը կը կոչեն adhesion de desespoir։ Մարդոց այս կամազուրկ հոգեվիճակին ապաւինելով է, որ կրցաւ ինքզինք մշտնջենաւորել Խորհրդային Միութիւնը մէկ ամբողջ դար։ Մենք ընդունած էինք ապրիլ կեղծ ազատութեան մէջ և այնուամենայնիւ ապրիլ ստեղծագործ կեանքով մինչև որ հասնէին ազատութեան օրերը։

Ազատութեան օրերը հասան։ Գերութեան հասարակակարգը թաղեց ինքզինք երեսուն տարի առաջ և սակայն ահաւասիկ երեսուն տարի ետք մեր հասարակութեան մէկ մեծ շերտը կը մերժէ ինքնիր ինքնութեան տէր կանգնիլ։ Կը մերժէ կերտել իր քաղաքական մտածողութիւնը ազատութեա՛ն նորմերով։

ՀՀ հասարակութեան այս շերտը համոզուած կը թուի ըլլալ, որ Փաշինեան այսօր նախընտրուած է տարածաշրջանին տիրութիւն ընելու քաղաքականութեամբ գործող արտաքին ուժերուն կողմէ։ Աւելի վա՛տը։ Ան համոզուած կը թուի, որ պարտութեան կարգավիճա՛կն է իր ապահովութեան հոգեբանական գօտին և ոչ՝ ազատութեան կարգավիճակը…Եւ համոզուած է, որ Փաշինեան — իր կերպարով — աւելի ատակ է պարտութեան այդ կարգավիճակը կառավարելու…Չեմ ուզեր այս կերպարը իր իսկական անունով բնորոշել, բայց յստակ է, թէ ի՞նչ կերպար է անիկա և թէ քաղաքական կեանքի ինչպիսի՞ նուաստացման մէջ կ՚ուզէ մեզ պահել արտաքին ուժերու մեծապետական համակարգը։ Փաշինեանով կը շարունակուի պարտութեան վարչակարգը Հայաստանի մէջ և այդ է, որ կ՚ուզեն գերտէրութիւնները մեր երկրին մէջ, եթէ այդ բանը տրուի իրենց։

Այս խնդրին մէջ, Ռուսաստանն ու Արևմուտքը նոյն դիրքերէն կը գործեն և իւրաքանչիւրը իր յատուկ շահերէն խթանուած։ Անոնք չեն ուզեր Հայաստանի գահին վրայ տեսնել հայ ազգի ազատ կամքը։ Անոնք կ՚ուզեն կամակատար հայը — ի փոխարէն ազատակա՛մ հայուն — և զայն խլել մէկզմէկու ձեռքէն…

Եւ անշուշտ պարզ է, թէ վերջին այս ընտրութիւններով ինքզինքին ի՞նչ գնահատական տուած է ՀՀ հասարակութիւնը… Ինքզինք դատապարտած է ինչպիսի՜ ապաշնորհ կարգավիճակի։

1890-ին, հասարակութեան այս իսկ կարգավիճակը ջարդուփշուր ընելու առաքելութեամբ էր, որ հրապարակ իջաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Մարտահրաւէրը նոյնն էր 130 տարի առաջ։ Նոյնն է նաև այսօր։ Մեր առաքելութիւնն է ժողովուրդի այս աղաւաղուած տեսակին չնմանիլ։ Մեր առաքելութիւնն է ծառայել մեր ազգին անոր կապուած ըլլալով ամենէն դառն և կարծր սիրով և ընտրել իր ազատութիւնը իր ներկայ կարգավիճակին փոխարէն։ Ընտրել մանաւանդ իր վաղուա՛ն սերունդներու ազատութիւնը։ Մեր առաքելութիւնն է ընել այնպէս, որ մեր ժողովուրդը անհատ առ անհատ և իր ազատ կամքով ընտրէ արժանապատիւ կեանքը և բացարձակապէս մերժէ այս պարտադիր ստրկահաճութիւնը։ Եւ կարևոր չէ, թէ որո՞ւն լկտի դիմագծով կը ներկայանայ ան։ Ան վերջ պիտի գտնէ։

Ներկայիս, իսկական պատերազմը այս ճակատին վրայ է, որ տեղի կ՚ունենայ և մեր գործը նոր է, որ կ՚ըսկսի։ Մենք չենք վերջացած։ Մենք չենք վերջանար։ Կը կրկնե՛մ։ Մեր պայմանագրութիւնը մեր ազգին հետ է և մեր յանձնառութիւնը ժամանցումի չ՚ենթարկուիր։ Մենք պատուհասն ենք թշնամիին առանց որևէ սահմանափակիչ եզրերու (with no statute of limitation) և — կասկած մի՛ ունենաք — մեր յաղթանակը անպայման պիտի գայ։

Կարօ Արմենեան

Share