Ցաւակցական

Ցաւակցական

Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութիւնը, Հոգեւորականաց դասն ու Կրօնական ժողովը ցաւով կը գուժեն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան վարչական խորհուրդի գործադիր տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանի մահը, որ պատահեցաւ 9 Օգոստոս 2024-ին, Կլենտէյլի մէջ:

Հանգուցեալը զաւակն է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողներու: Հանրային գործիչ եւ հաւատքի մարդ Խանճեան, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին գնահատելի ու նուիրեալ ծառայութիւն բերած է Հայ եկեղեցւոյ, հայ ազգին ու մշակոյթին:

Ան եղած է նաեւ անխոնջ գործակիցը Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին՝ իբրեւ Աւետարանչական համայնքի կարկառուն դէմքերէն եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան յանձնախումբի ներկայացուցիչներէն մէկը: Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք, հանգուցեալի տիկնոջ՝ Սոնային, զաւակներուն, թոռներուն, Աւետարանչական համայնքին եւ բոլոր հարազատներուն ու բարեկամներուն: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Share