Զարեհ Վարդապետ Սարգիսեան ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած ընդունելութեան

Զարեհ Վարդապետ Սարգիսեան ՀՕՄ-ի շրջանային վարչութեան կազմակերպած ընդունելութեան

Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք․ Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Հոգեշնորհ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան ներկայ եղաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հանգանակային տարեկան ձեռնարկին, Լէնտմարք սրահին մէջ: Յանուն Առաջնորդ Սրբազանին, Հայր սուրբը ուղղեց աւուր պատշաճի խօսք եւ փոխանցեց շնորհաւորանքներ՝ մաղթելով, որ միշտ երիտասարդ ՀՕՄ-ը անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը ե՛ւ հայրենիքի, ե՛ւ աշխարհի հայութեան կեանքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Հայր սուրբը դրուատիքով արտայայտուեցաւ աշխարհի ՀՕՄ-ական հայուհիներու տարած հայրենանուէր գործունէութեան եւ գաղութներու մէջ իրականացուցած մարդասիրական, կրթական, ընկերային եւ այլ ծրագիրներու մասին, դիտել տալով, որ հայ կանանց այս «բանակ»ը յատկապէս ճգնաժամային պահերու մէջ ինքզինք կը գերազանցէ՝ գուրգուրոտ մայրերու եւ քոյրերու նուիրական ծառայութեամբ եւ կարելի փութով ու անտրտունջ կը փորձէ հասնիլ ազգի վիրաւոր կամ կարիքաւոր հատուածներուն, մեծին ու փոքրին: Յայտնենք որ հանդիսութեան բացման աղօթքը կատարեցին Լոս Անճելըսի հոգեւոր պետերը, որոնց շարքին՝ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան: 

Share