Զախարովա. «Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ»

Զախարովա. «Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ճիշդ ընտրութիւն կը կատարի հայ ժողովուրդի համար: Այս մասին ան յայտարարած է շաբաթական զրոյցի ժամանակ` մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը այն մասին, որ Ռուսիոյ դաշնութիւնը այլեւս չի կրնար առանցքային գործընկեր ըլլալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ:

«Մեր երկիրները կը մնան դաշնակիցներ, հայ ժողովուրդի շահերը չեն տարանջատուիր Ռուսիոյ հետ բարի դրացիական կապերէն: Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ատիկա հաշուի կ՛առնէ եւ ներկայիս աշխարհաքաղաքական վերափոխումներու խորապատկերին վրայ ճիշդ ընտրութիւն կը կատարէ», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունին յուսալի երկկողմանի իրաւապայմանագրային հիմք: Այս կը վերաբերի նաեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան: Երկու կողմերն ալ ունին պարտաւորութիւններ մէկզմէկու նկատմամբ` ներառեալ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութեան պաշտպանութիւնը: Ան ընդգծած է, որ Երեւանը նաեւ հաւաքական երաշխիքներու ներքեւ է ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ, նաեւ` հաւանական նախայարձակումի պարագային: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ երկիրները 2016 թուականին համաձայնագիր ստորագրած են զօրքերու միացեալ խմբաւորման մասին:

«ՀԱՊԿ-ի շրջանակներուն մէջ աշխուժ փոխադարձ գործակցութեան վերադառնալը կը բխի նախ եւ առաջ նոյնինքն Հայաստանի շահերէն: Երեւանի տրամադրութեան տակ է կազմակերպութեան կարելիութիւններու լայն շրջանակ, անոր ներուժը` հիմնուած բազմամեայ փորձի վրայ», աւելցուցած է Զախարովա:

Ան համոզուած է, որ ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դիտորդներուն, որոնք կը զբաղին այն հարցերով, որոնք հեռու են յայտարարուած նպատակներէն, ՀԱՊԿ-ը կրնայ կայունացնող դեր կատարել Հարաւային Կովկասի մէջ:

Share