Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու թղթածրարը կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելն է:
Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութիւնը, թէ Երեւան Պաքուին առաջարկած է չյարձակելու մասին պայմանագիր ստորագրել:
«Եռակողմ համաձայնութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման` այլընտրանք չունեցող ճամբու քարտէս են, որ կը ներառէ նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի մշակում», ըսած է Զախարովա:
«Հայաստանի մէջ պէտք է վերլուծեն, թէ որո՛նք են իրենց ազգային շահերը», յայտարարած է ան` մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի մէջ ՕԹԱՆ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինայի` ՕԹԱՆ-ի եւ Երեւանի դիրքորոշումներու մերձեցման մասին վերջին յայտարարութիւնները:
«Եթէ ոեւէ մէկը կ՛ուզէ մերձենալ, պէտք է նախ հասկնայ, թէ ատիկա որքանո՛վ վտանգաւոր է եւ ի՛նչ հետեւանքներու կրնայ յանգեցնել», ըսած է Զախարովա:
«Թերեւս պէտք է նաեւ առաջնորդուիլ հիմնարար սկզբունքներով` բանալ քարտէսը, տեսնել, թէ ի՛նչ շրջանի մէջ կը գտնուի այդ երկիրը, կարդալ պատմութեան դասագիրքերը», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Զախարովայի համաձայն, «Արեւմուտքը բոլորին խոստումներ կու տայ: Զիս ուղղակի կը հետաքրքրէ` իսկ այդ խոստումները ո՞ւր կատարուած են»: