«Արեւմուտքը Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանը կը ներգրաւէ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած համագործակցութեան տարբեր ձեւաչափերու մէջ»: Այդ մասին երէկ, խօսելով «Արծիւ գործընկեր 2024» հայ-ամերիկեան ռազմափորձերուն մասին, յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Այդ ռազմափորձերը ափսոսանքէ զատ ոչինչ կը յառաջացնեն, յատկապէս այն հանգամանքներուն մէջ, երբ Երեւանը փաստացի կը սառեցնէ իր գործունէութիւնը ՀԱՊԿ-ի մէջ եւ հասարակական յարձակումներ կը կատարէ այդ կազմակերպութեան վրայ», ըսած է Զախարովա:
Անոր պնդումով, Հարաւային Կովկասի մէջ ամերիկացիներուն յայտնուիլը միայն պիտի ուժեղացնէ շրջանին մէջ տագնապներու մնացորդային ներուժը եւ պիտի ստեղծէ բաժանարար նոր գիծեր:
Զախարովայի համաձայն, այդպիսի ռազմափորձերու միջոցով ամերիկացիները Հայաստանին կը պարտադրեն ՕԹԱՆ-ի զինուած ուժերու չափանիշները եւ արտաքին քաղաքականութիւնը:
«Արծիւ գործընկեր 2024» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերը պէտք է տեղի ունենան 15-էն 24 յուլիսին: