Երեւան, 23 Հոկտեմբեր 2023- Հ.Յ. Դաշնակցութեան անդամ, Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) փոխանախագահ Սարինէ Աբրահամեանը Հոկտեմբերի 20-22-ը Պարսելոնայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարներու (Young European Socialists) ընդհանուր ժողովին: Վերջինս այդ կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, ուր կը ներկայացուի հաշուետուութիւն կատարած աշխատանքին մասին, կ’ընդունուին կազմակերպութեան քաղաքականութիւնը որոշող նոր բանաձեւեր, եւ կ’ընտրուի նոր նախագահութիւն:
Ժողովի ընթացքին, Ֆրանսայի Երիտասարդ ընկերվարներու կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Գերմանիայի ընկերվարական երիտասարդական կազմակերպութեան աջակցութեամբ առաջարկուած է բանաձեւի նախագիծ, որով Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարները կը դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ էթնիկ զտումները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ, կոչ կ’ընեն միջազգային դատական ատեաններուն մէջ պատերազմական յանցագործութիւններու համար քննել բոլոր պատասխանատուներուն եւ անոնց խիստ պատիժներու ենթարկել: Աւելին, կը դիմեն Եւրոպական միութեան ղեկավարութեանը վերանայելու իր յարաբերութիւնները բռնապետ Ազրպէյճանին հետ: Կոչ կ’ընեն աւելի արագ եւ անրդիւնաւէտ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել Արցախէն տեղահանուածներուն: Եւրամիութեանը եւ եւրամիութեան անդամ պետութիււններուն կը յորդորեն աջակցիլ Հայաստանին պաշտպանելու իր սահմանները, որոնք վտանգուած են Ազրպէյճանի կողմէ: Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարները իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն նաեւ վտանգի տակ ենթարկուած Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան վերաբերեալ եւ կը պաշտպանեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի վերադարձի եւ իր հայրենիքին մէջ արժանապատիւ ու ապահով ապրելու իրաւունքը: Ամբողջական բանաձեւը կը գտնէք այստեղ:
Բանաձեւը միաձայնօրէն ընդունուեցաւ եւ եւրոպացի պատուիրարկութիւնները արտայայտեցին իրենց բարձր աջակցութիւնը:
Հ.Յ.Դ. անդամ Սարինէ Աբրահամեանը լիագումար նիստին ընթացքին նոյնպէս անդրադարձաւ բանաձեւին` շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսացի եւ գերմանացի գործընկերներուն իրենց յանձնառութեան համար: Աբրահամեանը խօսեցաւ Եւրոպական միութեան ղեկավարութեան, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի բացթողումներուն մասին Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ եւ կոչ ըրաւ որդեգրել լուծման յստակ քայլեր, որոնք են Արցախահայութեան հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը։ Բացի այդ, Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը նշեց, որ հայկական կողմը չի կրնար միայն մեղադրել միջազգային հանրութեան, այլ պէտք է ձգտիլ ունենալ ուժեղ ղեկավարութիւն: Փաշինեանը իր դէմ արտայայտուողներուն կը ձեռբակալէ եւ այլակարծութիւնը կը պատժէ, իսկ նոյն ժամանակ ԵՄ-ն կ’օրինականացնէ անոր ձեռնավարական ամբոխավարութիւնը եւ հակաժողովրդավարական գործողութիւնները:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ