Թրքական իշխանամերձ «Թիւրքիյէ» թերթը վերոնշեալ խորագրով խիստ ծանրակշիռ ու այլապէս մտահոգիչ զրպարտութիւններ կ՛ընէ Հայաստանի հասցէին, բաժին հանելով նաեւ Ֆրանսային, Իրանին, Հնդկաստանին եւ քիւրտերուն, ակնյայտօրէն միակ նպատակ ունենալով ստեղծել գրգռութիւն եւ Ալիեւի առջեւ ճամբայ հարթել՝ Սիւնիքի վրայ Ատրպէյճանի այնքան ցանկացած յարձակման համար։
Լրատւութեան սկիզբը թաւ գիրերով, որպէս լուրին «միջուկ»ը ներկայացուած սա քանի մը տողերը արդէն բաւական խօսուն են եւ չեն կարօտիր որեւէ մեկնաբանութեան.
«Հրոսակներուն, որոնց մէջ կը գտնուին նաեւ ՓՔՔի (Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան) ահաբեկիչներ, կը վճարեն օրական 12 տոլար։ Այդ գումարները ապահովող Ֆրանսան զէնք ալ կը մատակարարէ։ Իսկ Իրան, Զանգեզուրի գօտիի երկայնքին կ՛իւրացնէ տարածքներ ու կը տեղաւորէ իր զինուորները»։
«Թիւրքիյէ» այնուհետեւ կը գրէ (կը ներկայացնենք նոյնութեամբ, թարգմանաբար).
«Զանգեզուրի միջանցքը, որ առեւտրական եւ քաղաքական տեսանկիւնէն իրարու պիտի կապէ թրքական աշխարհը, յայտնուած է արտաքին ուժերու թիրախին։ Ֆրանսայի կողմէ գանձատրուող հազարաւոր հայ հրոսակներ տեղակայուած են սահմանին վրայ։ Իսկ Իրան ու Հնդկաստան զէնք կ՛առաքեն դէպի այդ թէժ տարածաշրջանը։
Զանգեզուրի հարցը Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին քննարկուեցաւ պատկան զրուցակիցներու կողմէ։ Հայկական կողմը պաշտպանեց այն տեսակէտը, որ վերահսկողութեան ու շահագործման իրաւունքը կը պատկանի իրենց։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն թրքական կողմը առաջարկեց Զանգեզուրին տալ յատուկ կարգավիճակ, Քալինինկրատի օրինակով, որ ունի ինքնավար նահանգի կարգավիճակ, թէեւ կախեալ է Ռուսիայէն։ Դիւանագիտական համաժողովին ելոյթ ունենալով՝ Ատրպէյճանի փոխնախագահ Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան որոշ յօդուածներ կը սպառնան Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։
ԴՐԱՄԸ ԿՈՒ ԳԱՅ ՓԱՐԻԶԷՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԷՆ
Ատրպէյճանցի փորձագէտ Կաֆֆար Մեհտիեւ բացատրեց, որ 10 հազար հոգի, ի շարս որոնց ՓՔՔի ահաբեկիչներ, տեղակայուած են Զանգելանէն սկսող եւ մինչեւ Թաշքեսեն երկարող գիծին վրայ։ «Սասնայ ծռեր», «Վոմա», «Նոր Ասալա», «Բեւեռ» եւ «Երկրապահ» խմբաւորումներու օրական վարձքը, որ անոնց իւրաքանչիւր անդամի համար կը կազմէ 12 տոլար, կը դիմագրաւուի Ֆրանսայի եւ հայկական Սփիւռքին կողմէ ստեղծուած յատուկ հիմնադրամին կողմէ։
Ապահովութեան աղբիւրներուն յայտնի դարձած է, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գիծին վրայ եւ Զանգեզուրի մէջ տեղակայուած ահաբեկիչներն ու հրոսակները հաւաքագրուած են Սուրիայէն, Լիբանանէն, եւրոպական երկիրներէ, Իրանէն եւ Ամերիկայէն։
ԵՐԵՒԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ
Ընդգծելով, որ ներկայ իրավիճակը կայուն չէ, փրոֆ. դոկտ. Մեհտիեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց սահմանին ոտնձգութիւններու վրայ եւ զգուշացուց.
«Զանգեզուրը միջանցք մը չէ, որ կը շահագրգռէ միայն թրքական աշխարհն ու Հայաստանը. ան կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի եւ համաշխարհային առեւտուրի դիտանկիւնէն։ Հայերը չյարգեցին իրենց ոչ մէկ խոստումը։ Անոնք, Անթալիոյ մէջ ալ շարունակեցին պնդել, որ ապահովութեան եւ առեւտուրի առումով՝ Հայաստանի օրէնքները պէտք է գործեն։ Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ի հարկէ չեն ընդունիր այդ։ Հայերը երեք տարիէ ի վեր, Ֆրանսայէն ու Իրանէն իրենց ստացած հրահանգներուն հետեւելով՝ չառին դոյզն քայլ։ Անոնք գաղտնի կը պատրաստուին պատերազմի։ Ղարաբաղեան բռնագրաւման ընթացքին այսպէս կոչուած հրամանատար Սամուէլ Բաբայեան բացայայտեց այս իրականութիւնը։ Ան յայտարարեց, որ բոլորը պէտք է պատրաստ ըլլան պատերազմի։ Հնդկաստան, Իրան եւ Ֆրանսա կ՛ուզեն տարածաշրջանը վերածել հուրէ գնդակի՝ բարդ զէնքերու գործածութեամբ»։
ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ՝ ՀՐԹԻՌՆԵՐ, ԻՍԿ ՖՐԱՆՍԱ՝ ԶԷՆՔ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐԵՑԻՆ
Հայաստանի համար աշխատող հրոսախումբերու անդամները հաւաքագրուած են Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եւրոպայէն, Իրանէն եւ Ամերիկայէն։ Ֆրանսացի եւ իրանցի ռազմական փորձագէտները դարանուած հրոսախումբերուն կու տան գրգռութիւններ հրահրելու, ելեկտրոնային պատերազմ մղելու, հրթիռ, ական գործածելու եւ հետախուզական գործողութիւններ ծաւալելու ուղղուած ուսում: Երեւան խոստովանեցաւ, որ ժամանակակից զէնքի համակարգեր գնեց Ֆրանսայէն։ Հնդկաստան Հայաստանի մատակարարեց նաեւ Brahmos գերձայնային հեռահար թեւաւոր հրթիռներ։
ԱԼԻԵՒ. «ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՆՍՏԻԼ ՁԵՌՆԱԾԱԼ ՈՒ ԴԻՏԵԼ»
Ռազմագէտ Թալեհ Շահսուվարլը կը նշէ, որ Երեւան կը յամառի համաձայնագրի յօդուածները չգործադրել, ապաւինելով արտաքին աջակցութեան։
Նշելով, որ Ֆրանսա եւ Իրան տարբեր ծրագրեր ունին, Շահսուվարլը ըսաւ. «Անոնք զինեալ եւ զէնք կը կուտակեն Զանգեզուրի գիծին վրայ։ Բացի ատկէ, միջանցքի հայկական կողմի բազմաթիւ գիւղեր պարպած են։ Իրան խաբելով՝ այդ տեղերէն հողեր կ՛իւրացնէ ու իր զինուորները կը տեղաւորէ հոն։ Ֆրանսա ալ Փաշինեանին կու տայ խորհուրդներ վերստին ամրապնդելու համար անոր ցրուած բանակը եւ կը սպառազինէ զայն»,ըսաւ ան։
Ատրպէյճանական ապահովական աղբիւրները հաղորդեցին, թէ սահման տեղափոխուած այդ հրոսախումբերը արձանագրուած չեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քով։ Նաեւ կը հաղորդուի, որ Պաքու նախազգուշական միջոցներու կը ձեռնարկէ այս աճող սպառնալիքներուն ու գրգռութեան փորձերուն դէմ։ Հայաստանի սպառազինումը որակելով լուրջ սպառնալիք՝ Ատրպէյճանի ղեկավար Ալիեւ յղեց հետեւեալ պատգամը. «Մենք այլեւս չենք կրնար անարձագանգ մնալ այս իրավիճակին»։