Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Սեպտեմբեր ամսուան առաջին երկուշաբթին «Աշխատաւորներու Օր» է: Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ «Աշխատանքի Օր»ը կը տօնուի Մայիս 1-ին:
Երբ կը խօսինք աշխատանքի մասին, ի միտի ունենալու ենք, որ ի վաղուց յետէ, մարդիկ աշխատած են: Աւանդական առաջին մարդը, Ադամն ալ, կ’աշխատէր Եդեմի պարտէզին մէջ:
Ի՞նչ կը վերաբերի աշխատանքին, հարկ է ըսել, որ այս աշխարհի մէջ կան մարդիկ, որոնք չեն սիրեր աշխատիլ, չեն սիրեր որեւէ տեսակի գործ: Հակադարձաբար, կան ուրիշներ, որոնք կը սիրեն աշխատիլ եւ կը սիրեն իրենց գործերը: Ոմանց համար աշխատանքը օրհնութիւն է, իսկ ուրիշներու համար աշխատանքը անէծք է:
Կ’արժէ տեսնել, թէ գիրքերու Գիրքը, Աստուածաշունչ Մատեանը, ինչ կ’ըսէ աշխատանքի մասին: Աստուածաշունչ Մատեանի տեսակէտը աշխատանքի մասին հետեւեալն է.-
Առաջին, ըստ Աստուածաշունչ Մատեանին, Աստուած աշխատող Աստուած է եւ իր կամքը այն է, որ իր արարածներն ալ աշխատին: Բովանդակ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կը յայտնէ, թէ ստեղծագործութենէն ի վեր Աստուած կ’աշխատի տիեզերքի, բնութեան եւ մարդոց կեանքերուն մէջ: Տիեզերքի եւ բնութեան կարգ ու սարգը Աստուծոյ աշխատանքին արգասիքն են: Աստուած իր ստեղծած մարդը Եդեմի պարտեզին մէջ դրաւ, որպէս զի այդ պարտէզը «մշակէ ու պահէ» (Ծննդ. 2.15): Աստուծոյ ծրագիրն էր, որ մարդ արարածը աշխատի:
Սուրբ Գրական բոլոր հերոսներն ալ աշխատող, գործունեայ մարդիկ եղած են: Դաւիթ հովիւ էր ապա եղաւ թագաւոր, Պետրոս ձկնորս էր ապա եղաւ եկեղեցւոյ առաջնորդ, Մատթէոս հարկահաւաք էր, ապա աւետարանիչ, Լիտեան վաճառական կին էր ապա՝ եկեղեցւոյ սիւներէն մին, Պօղոս վրանագործ էր ապա դարձաւ հեթանոս աշխարհի մեծագոյն աւետարանիչը: Նոյնիսկ մեր Տէրը, Յիսուս Քրիստոս, իր հանրային առաքելութիւնը չսկսած արհեստով հիւսն էր:
Աստուածաշունչ Մատեանը յստակօրէն ցոյց կու տայ թէ աշխատանքը անէծք մը չէ մարդ արարածին համար, այլ կեանքի անբաժան մէկ իրողութիւնը:
Երկրորդ, Աստուածաշունչ Մատեանը կը դատապարտէ անգործութիւնն ու ծուլութիւնը: Անշուշտ անգործութեան պարագային, հարկ է նշել զանազանութիւնը կամայ եւ ակամայ անգործութեան: Կան մարդիկ, որոնք կը սիրեն աշխատիլ, բայց պարագաներու հարկադրանքին պատճառով, անգործ են: Սակայն, ուրիշներ չեն սիրեր աշխատիլ եւ այդ պատճառով չեն աշխատիր եւ կը դառնան ձրիակեր: Պօղոս Առաքեալի թելադրութիւնը այս վերջիններուն նկատմամբ այն է, թէ «ան որ չ’ուզեր գործել, հաց ալ թող չուտէ» (Բ. Թես. 3.10):
Ծուլութիւնը ոչինչ ընելու, դատարկ կեանք մը ապրելու իրավիճակն է: Զանցառութեան մեղքն է ան: Յիսուս իր «Տաղանդներու Առակ»ին մէջ, «ծոյլ եւ չար ծառայ« կոչեց այն միատաղանդ ծառան, որ իրեն տրուած տաղանդը չշահարկեց, այլ գետնին մէջ պահեց եւ ապա իր տիրոջ վերադարձուց:
Կամովին անգործութիւնն ու ծուլութիւնը իրենց տխուր հետեւանքներն ունին: Առակաց Գիրքին հեղինակը կը գրէ. «Ծուլութիւնը թմբիրի մէջ կը ձգէ, եւ թոյլ անձը պիտի անօթենայ» (Առկ. 19.15): Նոյնպէս Ժողովողի Գիրքը կը գրէ. «Ծուլութեամբ շէնքը կը փլչի, եւ ձեռքերու թուլութեամբ տունը կը կաթի» (Ժողով. 10.18):
Միջին դարերէ ի վեր ծուլութիւնը «Եօթը Մահացու Մեղքեր»էն մին կը համարուի: Ծոյլ մարդիկ ինքնահաճ եւ անպատասխանատու են եւ մարդկային ընկերութեան ոչ միայն նպաստ մը չեն բերեր, այլ բեռ կը դառնան անոր:
Երրորդ, աշխատանքին մէջ հոգեւոր նպատակ կայ: Կեանքը աննպատակ չէ: Աստուած ամէն անհատի կեանքին մէջ նպատակ մը ունի: Եթէ մարդիկ իրենց կեանքը նպատակալից կը սեպեն, այն ատեն իրենց աշխատանքն ալ իմաստալից պիտի սեպեն: Եթէ մարդիկ իրենք զիրենք Աստուծոյ որդիները կը համարեն, այն ատեն իրենց աշխատանքը պիտի համարեն որպէս ծառայութիւն: Եփեսացւոց Եկեղեցիին գրած իր նամակին մէջ՝ Պօղոս Առաքեալ կը գրէ, «Մենք Անոր (այսինքն Աստուծոյ) ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար, որոնց համար սկիզբէն մեզ պատրաստեց, որպէս զի անոնցմով լեցնենք մեր կեանքը» (Եփես. 2.10):
Անցորդ մը, ածուխի հանքի մը քովէն անցած ատեն, նշմարեց մուրէ սեւցած հանքագործի մը կերպարանքը եւ մեղքանալով անոր գոչեց. «Այս ի՜նչ տաժանակիր եւ աղտոտ գործ է»: Հանքագործը ծռելով ափ մը ածուխ առաւ իր ձեռքին մէջ եւ ըսաւ, «Պարոն, չեմ կարծեր որ դուն գիտես, թէ այս ձեռքիս ածուխը լոյս է, ջերմութիւն է, ոյժ է: Այս ձեռքինս փողոցներ կը լուսւորէ, տուներ կը տաքցնէ եւ մեքենաներ կ’աշխատցնէ: Ես այս հանքին մէջ չեմ աշխատիր միայն դրամ վաստկելու համար, այլ ծառայելու մարդոց, զորս չեմ տեսած, իրենց կեանքը բարելաւելու, զիրենք հանգստացնելու եւ ուրախ պահելու»:
Աստուածաշունչի հայեցակէտէն դիտուած, պատուաւոր, եւ օգտակար գործ մը որչափ ալ համեստ ըլլայ՝ ծառայութիւն մըն է հանրութեան եւ այդ իմաստով հոգեւոր տարողութիւն մը ունի: Ձկնորսին, մաքսաւորին, հովիւին, բժիշկին կամ որեւէ արհեստաւորի կամ արհեստավարժի գործերը աստուածահաճոյ գործեր են այնքան ատեն որ այդ գործերը կը կատարուին ուղիղ առումով, անոնք օգտակար եւ անհրաժեշտ ծառայութիւններ են: Անշուշտ երբ հարկ է, գործ մը պէտք է իր վարձատրութիւնը ունենայ: «մշակը արժանի է իր վարձքին»: Բայց գործաւորը իր գործը կատարելու է՝ իր վարձատրութենէն աւելի վսեմ գիտակցութեամբ: Այդ հասկացողութիւնը նիւթական վարձատրութենէն անդին եւ աւելի աշխատողին կու տայ արժանապատուութեան զգացում եւ հոգեկան գոհունակութիւն:
Չորրորդ, աշխատանքը պէտք է լաւագոյն ձեւով կատարուի: Ինչ գործ որ անհատ մը կ’ընէ, իր լաւագոյնը ընելու է, փոյթ չէ թէ որչա’փ համեստ է այդ գործը: Եթէ գործը աղբահաւաքութիւն է, կամ ճաշարանի մը մէջ աման լուալ, կամ շէնքի մը պատուհանները լուալ, կամ համբաւաւոր (prestigious) գործ մը, ինչպէս բժշկութիւն, հոգեբանութիւն, կրթութիւն կամ հոգեւոր գործ, այն բոլոր աշխատանքները կատարուելու են խղճմտօրէն, ազդուօրէն եւ լաւագոյն կերպով: Պօղոս Առաքեալի յորդորը Թեսաղոնիկեցի քրիստոնեաներուն հետեւեալն է . «Բարիք գործելէ մի’ ձանձրանաք» (Բ. Թես. 3.13): Նոյն առաջադրութեամբ ան կը պատուիրէ Հռոմի քրիստոնեաներուն, «Եռանդագին աշխատեցէք եւ ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք« (Հռոմ. 12.11):
Առաքեալին յորդորը նոյն է նաեւ մեզի ինչ գործի մէջ որ ըլլանք, կատարելու ենք զայն եռանդով, խղճմտօրէն եւ լաւագոյն ձեւով: Այդ ոգիով կատարուած աշխատանքը օրհնութիւն մը կը դառնայ թէ’ ուրիշներուն եւ թէ’ մանաւանդ զայն կատարողին: