Ուիթքոֆ. «Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրի Ստուգումը Իրանցիներուն Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Կարելիութեան Գլխաւոր Կէտը Պիտի Ըլլայ»

Ուիթքոֆ. «Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրի Ստուգումը Իրանցիներուն Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Կարելիութեան Գլխաւոր Կէտը Պիտի Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն կախեալ պիտի ըլլայ իւրանիոմի հարստացման մակարդակներուն ու հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու կարողութեան քննութենէն:

Ուիթքոֆ, որ անցեալ շաբաթ Օմանի մէջ Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ գլխաւորեց ամերիկեան պատուիրակութիւնը, յայտնեց. «Հարցը մեծապէս կախեալ է հիւլէական ծրագիրի ստուգումէն»:

Ան ըսաւ, որ հիւլէական ծրագիրի «ռազմականացման» կարողութիւններու քննութիւնը Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ «գլխաւոր» կէտ է` նշելով. «Ատիկա կը ներառէ հրթիռները եւ ռումբերու պայթուցիչները»:

«Անոնք (իւրանիոմը) 3,67 առ հարիւրէն աւելի հարստացնելու կարիք չունին, ինչ որ առաւելագոյն մակարդակն է, որ արտօնուած է 2015 թուականին կնքուած հիւլէական համաձայնութեամբ, որմէ դուրս եկաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը 2018 թուականին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարգ մը պարագաներու 60 առ հարիւրի կը հասնին, ուրիշ պարագաներու` 20 առ հարիւրի»` նշելով, որ այդ մակարդակը քաղաքային հիւլէական ծրագիրի մը համար անհրաժեշտ եղող հարստացումէն աւելի է:

«(Իրանի հետ) առաջին ժողովը դրական էր, շինիչ ու համոզիչ», նշեց Ուիթքոֆ, սակայն աւելցուց. «Սատանան մանրամասնութիւններուն մէջ է»:

Խամենէի. «Ամերիկայի Հետ Բանակցութիւններուն Նկատմամբ Լաւատես Կամ Յոռետես ՉենքԵւ Մենք Հակառակորդ Կողմին Չենք ՎստահիրԱյլ Մեր Կարողութիւններուն»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Օմանի մէջ բանակցութիւններուն նկատմամբ չափազանց լաւատես կամ յոռետես չենք, եւ երկրին խնդիրները անոնց չենք կապեր»:

«Հակառակորդ կողմին վրայ վստահութիւն չունինք, սակայն մեր կարողութիւններուն կը վստահինք», շեշտեց Խամենէի:

«Օմանի բանակցութիւնները մէկն են այն տասնեակներով առաքելութիւններէն, որոնք կը կատարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը», ըսաւ ան:

«Բանակցութիւններու առաջին քայլը առնուեցաւ եւ անոր փուլերուն առաջինը լաւ կերպով գործադրուեցաւ», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:

Share