Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Այս օրերուն հայութեան շրջանակի մէջ ամէնէն տարածուած հարցումը այն է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այդքան վճռական եւ արագ աջակցեցաւ Իսրայէլի, բայց ո՛չ Հայաստանին ու Արցախին:
Հարցումը աւելի արդիական դարձաւ, երբ անցեալ շաբաթ Politico յայտնեց, որ պետական քարտուղար էնթընի Պլինքըն նախազգուշացուցած է՝ «Ատրպէյճան յառաջիկայ շաբաթներուն կրնայ ներխուժել Հայաստան»:
3 Հոկտեմբերին քոնկրեսականներ Նենսի Փըլոսիի, Աննա Էշուի, Ֆրենք Փալոնի եւ այլոց հետ հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ Պլինքըն, ըստ հաղորդագրութեան, ըսած է անոնց. «Պետական բաժանմունքը կը փնտռէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղիներ եւ չի ծրագրեր երկարաձգել վաղեմի պայմանագիրը, որ թոյլ կու տայ ԱՄՆի՝ ռազմական օգնութիւն տրամադրել Պաքուի»: Պլինքըն աւելցուցած է. «Պետական բաժանմունքը հաւանական կը տեսնէ, որ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Ատրպէյճան ներխուժէ հարաւային Հայաստան»: Politico գրած է, որ երկու այլ անյայտ աղբիւրներ հաստատած են հեռաձայնային զրոյցը։ Քոնկ. Փալոն, 11 Հոկտեմբերին, թուիթըրի մէջ գրած է, որ «Ալիեւ յառաջ կը շարժի իր նպատակին հասնելու՝ գրաւելու համար Հայաստանի հարաւը»: 15 Հոկտեմբերին, «Արմէնփրես»ի տուած գրաւոր հաղորդագրութեան մէջ պետական բաժանմունքի խօսնակ Մեթիու Միլըր ըսած է, որ «Politico»ի յօդուածը «սխալ է եւ ոչ մէկ կերպով կ՛արտացոլէ այն, ինչ որ քարտուղար Պլինքըն ըսած է օրէնսդիրներուն»: Այսուամենայնիւ, Politicօ յայտարարած է, որ հաստատակամ է իր զեկոյցին մասին։
Զարմանալիօրէն, Նիկոլ Փաշինեան 11 Հոկտեմբերին ըսաւ, որ «ռիսքը չափազանց ցած է», եւ թէ սահմանի երկու կողմերը ռազմական կուտակումներ չկան։ Այսպիսով, վարչապետը հակասած է Եւրոպական միութեան մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեանի, որ 6 Հոկտեմբերին ըսած էր, թէ Ատրպէյճան աշխուժօրէն կը նախապատրաստուի՝ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Հայաստան ներխուժելու։
Եւ ամէնէն կարեւորը, Պլինքըն եւ Միացեալ Նահանգներու այլ պաշտօնեաներ բազմիցս ըսած են, որ իրենք հաւատարիմ են «Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան»: Անոնք յայտարարած են, որ «խորապէս մտահոգուած են Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններով՝ յայտարարելով, որ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է»։ Այսուամենայնիւ, ԱՄՆ կառավարութիւնը ոչ միայն անտեսեց Ատրպէյճանի ուղղուած սեփական նախազգուշացումները, այլեւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի որոշ հատուածներու բռնագրաւումը։ ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ Ռուսիա, ըստ երեւոյթին, որոշած են, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան շատ աւելի կարեւոր են իրենց համար, քան Հայաստանը՝ անտեսելով Հայաստանի հետ Ռուսիոյ կնքած պայմանագիրները եւ հայերու նկատմամբ արեւմտեան երկիրներու ունեցած համակրանքը։ Անոնք հայերուն ուղղակի կարեկցական խօսքեր ըսած են՝ զերօ գործողութեամբ։ Այսպիսի խայտառակ պահուածք մը քաջալերած է Պաքուի բռնակալը՝ անպատիժ կերպով յառաջ երթալու համար իր բռնագրաւման ծրագիրներուն մէջ: Այս խոշոր տէրութիւնները նոյնիսկ համարձակութիւն չունեցան ընդունելու ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւ, որ կը դատապարտէր Ատրպէյճանը կամ պատժամիջոցներ կը սահմանէր անոր։
Հասկնալի է, որ հայերու մեծ մասը զայրացած է Իսրայէլի կառավարութեան դէմ, որ իր համար զէնք արտադրողներուն թոյլ տուած է՝ Ատրպէյճանի տրամադրել անոր արդիական սպառազինութիւններուն 60 տոկոսը, որով ան սպաննած եւ վիրաւորած է հազարաւոր հայ զինուորներ, 2020ի պատերազմին եւ ատկէ ետք:
Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այն է, թէ ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ այդքան կը պաշտպանեն Իսրայէլը, բայց ո՛չ Հայաստանը: Կարճ պատասխանն է՝ հիմնականին մէջ, Ամերիկայի հրէական համայնքի աշխուժութեան շնորհիւ: Կար ժամանակ, երբ հրեայ ամերիկացիներ կ՛ենթարկուէին խտրականութեան, բազմաթիւ առումներով: 1920ականներէն մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ եւ անկէ ետք, ամերիկեան համալսարանները սահմանափակած էին ընդունուող հրեայ ուսանողներուն թիւը։ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Միացեալ Նահանգներ նոյնիսկ հրաժարած էր ընդունիլ Հոլոքոսթէն փրկուած հազարաւոր հրեաներ:
Այսուամենայնիւ, հրեայ ամերիկացիները յաղթահարեցին բազմաթիւ խոչընդոտներ՝ նշանակալից դեր խաղալով ամերիկեան կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպիսիք են առեւտուրը, գիտութիւնը, արուեստը, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, ժապաւէնը, թատրոնը, կատակերգութիւնը, լրատուական միջոցները, քաղաքացիական իրաւունքները եւ քաղաքականութիւնը: Յունուար 2023ի դրութեամբ, Քոնկրեսի մէջ կային 37 հրեայ ամերիկացիներ՝ 10 ծերակուտական եւ Ներկայացուցիչներու պալատի 27 անդամ։ Ծերակուտական Չաք Շումըր Ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդն է: ԱՄՆ կառավարութիւնը 53.6 միլիոն տոլար յատկացուցած է Միացեալ Նահանգներու Հոլոքոսթի յիշատակի թանգարան կառուցելու համար՝ նուիրուած դաշնակցային հողի վրայ: Տարիներու ընթացքին տասնեակ ամերիկացի հրեաներ ծառայած են ԱՄՆ Գերագոյն դատարանին մէջ: Շելլի Կրինսփան հրեաներու հետ կապերու Սպիտակ Տան ներկայացուցիչն էր: Պետական քարտուղարութեան մէջ Էլեն Ճըրմըն Հոլոքոսթի հարցերով յատուկ բանագնացն է, իսկ դեսպան Տեփորա Լիփշթատ՝ հակասեմականութեան վերահսկման եւ անոր դէմ պայքարի յատուկ բանագնացը: Փոխ նախագահ Քամալա Հարիսի ամուսին Տակլըս Էմհոֆ ծագումով հրեայ ամերիկացի է: Կան քանի մը հրեաներ կառավարական բարձր պաշտօններու վրայ, ինչպիսիք են պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, պետական քարտուղարի տեղակալ Ուենտի Շըրմըն, ֆինանսներու նախարար Ճանըթ Ելին, գլխաւոր դատախազ Մերիք Կարլընտ, ներքին անվտանգութեան քարտուղար Ալեխանտրօ Մայորքաս, Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Աւրիլ Հէյնզ, CIAի փոխ տնօրէն Տէյվիտ Քոհըն, Արժեթուղթերու եւ սակարանի յանձնախումբի նախագահ Կէրի Կենսլըր, Գիտութեան եւ արհեստագիտութեանց քաղաքականութեան տնօրէն Էրիք Լանտըր, Առողջապահութեան փոխ նախարար Ռէյչըլ Լեւին եւ Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան եթերային անվտանգութեան տնօրէն Էնն Նիւպըրկըր:
80 տարի առաջ, երբ 400 ռաբբիներ խնդրած էին հանդիպիլ նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվըլտի հետ, մերժում ստացած էին: Սակայն, անցեալ շաբաթ, խումբ մը հրեայ ամերիկացիներ հանդիպեցան նախագահ Ճօ Պայտընի հետ Սպիտակ Տան մէջ, որ լուսաւորուած էր Իսրայէլի դրօշի գոյներով։ Անոնք երկար ճամբայ կտրած են։
Ուիքիփիտիան, «Միացեալ Նահանգներու մէջ իսրայէլական լոպի» դասակարգման մէջ, կը նշէ «Յանուն Իսրայէլի միացած քրիստոնեաներ»ը՝ աւելի քան եօթը միլիոն անդամով, Հանրային կապերու ամերիկա-իսրայէլեան կոմիտէն (AIPAC), որ ունի երեք միլիոն անդամ եւ 100 միլիոն տոլար տարեկան պիւտճէ, եւ «J Street»ը՝ տարեկան 2 միլիոն տոլար պիւտճէով։ Միւս կողմէ, ամերիկահայերը ունին նեցուկ կանգնող երկու խումբ՝ Ամերիկայի Հայկական համագումարը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ սահմանափակ պիւտճէներով: Հայերը պէտք է վարձեն ամերիկեան լոպիիստական հզօր ընկերութիւններ՝ հակազդելու համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ լոպիիստական ընկերութիւններուն:
Հայերը պէտք է բազմապատկեն իրենց ներգրաւուածութիւնը քաղաքական քարոզարշաւներու մէջ եւ առաջադրուին իբրեւ թեկնածու՝ ընտրովի պաշտօններու համար: Ուսումնական հաստատութիւններու հայ ուսանողները պէտք է մասնագիտանան քաղաքագիտութեան կամ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ: Հայերը պէտք է աւելցնեն իրենց շփումները Միացեալ Նահանգներու լրատուական միջոցներու հետ, գրեն նամակներ խմբագիրներուն եւ կատարեն վերլուծումներ՝ տեղական եւ համաամերիկեան թերթերու մէջ: Համայնքը պէտք է ֆինանսապէս աջակցի հայկական լոպիիստական խումբերուն եւ նպաստէ քաղաքական թեկնածուներու դրամահաւաքի քարոզարշաւներուն: Ամերիկայի կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալով` հայերը կը կարողանան ազդել Միացեալ Նահանգներու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ եւ աջակցիլ Հայաստանին ու Հայ Դատին:
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան