Արևմտեան ԱՄՆ-ի Հայկական կազմակերպութեանց համատեղ յայտարարութիւնը Արցախի շրջափակման վերաբերեալ

Արևմտեան ԱՄՆ-ի Հայկական կազմակերպութեանց համատեղ յայտարարութիւնը Արցախի շրջափակման վերաբերեալ

Յայտարարութիւն

Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը Լաչինի միջանցքի փակումով մօտ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուի Ատրպէյճանի կողմէ հաստատուած ամբողջական շրջափակման մէջ։ Զրկուած պարենի պաշարներէն, դեղորայքէ, ազատ տեղաշարժելու իրաւունքէն, Արցախահայութիւնը կը գտնուի մարդասիրական լուրջ աղէտի առջեւ։

Ցաւով կ՛արձանագրենք, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ճիգերը ցարդ ցանկալի արդիւնքներ չեն տուած սանձելու համար ատրպէյճանական կողմի սադրանքներն ու հակահայ գործողութիւնները։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ անտարբեր մնայ կամ բաւարարուի դատապարտումի պարզ կոչերով, որոնք կ՛անտեսուին Պաքուի իշխանաւորներուն կողմէ։

Ռուսաստանը, Եւրոպական կառոյցներն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները` ի տես այս կացութեան պարտաւոր են օգնութեան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող ու գործող խաղաղ բնակչութեան։ Մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն նկատող երկիրները գործնական քայլերու պէտք է դիմեն տարբեր տեսակի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու համար ձմրան եղանակի պայմաններուն տակ տառապող ժողովուրդին։

Լոս Անճելոսի Հայ համայնքը խստագոյնս կը դատապարտէ Ատրպէյճանի վարած հայաթափման միտող ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։

Մենք կը պահանջենք Սպիտակ Տունէն, որպէսզի գործնական միջոցներ ձեռք առնէ, ներառեալ օդային մարդասիրական կամուրջ հաստատելու եւ Ստեփանակերտի օդակայանը հասցնելու մեծ քանակի ուտեստեղէն, դեղորայք, հիւանդանոցային գոյքեր եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքները` ապահովելու համար Արցախահայութեան ֆիզիքական գոյութիւնը իր պատմական հայրենիքին մէջ:

Կոչ կ’ուղղենք Ներյայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն, որպէսզի միանան դատապարտումի ալիքին, պատժամիջոցներ ձեռնարկեն Ատրպէյճանի դէմ եւ գործադրութեան դնեն թիւ 907 օրենքը` արգիլելով բորոր տեսակի զինուորական օժանդակութիւնները այդ երկրին։

Վերջին այս իրադարձութիւնները, որոնց շարքին նաեւ կազի մատակարարման դադրեցումը անգամ մը եւս  կը փաստեն որ, Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար դառնալ Ատրպէյճանի մաս: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է հաստատէ այս իրողութիւնը` ճանչնալով Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքը։

Դեկտեմբեր 21, 2022

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Կայծ Երիտասարդական Միութիւն

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդ

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն (ՀԵԴ), Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութիւն

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Հայ Իրաւանց խորհուրդ

Հայ Մարմնամարզական Միութիւն

Հայ Օգնութեան Միութիւն, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

(Կառոյցներու վերոյիշեալ յայտարարութեան որդեգրումը կը շարունակուի)

Share