Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ

Առաջնորդ սրբազան հայրը ընդունեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ

Հինգշաբթի, 20 Յունիս 2024-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ Յանձնախումբի ատենապետ՝Տիար Օշին Յարութիւնեանի եւ անդամ Լենա Յովհաննէսեանի, ընկերակցութեամբ Գործադիր տնօրէն՝ Տիար Սարգիս Պալխեանի։

Ծաւալեցաւ զրոյց, որուն ընթացքին հիւրերը Յանձնախումբի ներկայ գործունէութիւնն ու հետապնդած աշխատանքները ներկայացուցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր կարգին փոխանցեց խորհուրդներ:

Այս առիթով, այցելուները նաեւ խնդրամատոյց եղան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հրաւիրեցին Հայ Դատի յանձնախումբի ամէնամեայ աւանդական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 20 Հոկտեմբեր 2024-ին:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան եւ գնահատեց՝ Ամերիկայի տարածքին գործող քաղաքական այս մարմինին կողմէ, ի նպաստ Հայաստանի ու արցախահայութեան իրաւունքներուն, տասնամեակներէ ի վեր իրագործուող աշխատանքները, ապա իր ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց այցելուներուն եւ Յանձնախումբի ծրագիրներուն աջակից բոլոր ազգայիններուն:

https://www.facebook.com/WesternPrelacy

Share