Արեւմտեան թեմի առաջնորդը Հայաստանում

Արեւմտեան թեմի առաջնորդը Հայաստանում

Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, Երեւանի մէջ այցելեց «Գոյ» մարդասիրական հիմնադրամի կերամազարդ արուեստանոց-ուսումնարան, ուր հանիդպում մը ունեցաւ արցախցի երեխաներու եւ անոնց ծնողներուն հետ։

Այս առիթով, արցախցի մանուկներ յատուկ խօսքերով եւ երգերով ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Արեւմտեան Թեմին, որ Թորգոմ Եպիսկոպոսի ճամբով ե՛ւ բարոյապէս ե՛ւ նիւթապէս կը զօրակցի զանազան ծրագիրներու իրականացման։

Յայտնենք, որ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը այլազան ծրագիրներու կողքին կը շարունակէ իր մարդասիրական առաքելութիւնը ծաւալել հայրենիքի եւ սփիւռքեան զանազան օճախներէ ներս։


Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տ․ Թորգոմ Ս․ Եպս․ Տօնոյեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հայաստան, նաեւ իրականացուց մարդասիրական ծրագիրներ,  որոնցմէ կը կարեւորուի ընդհանրապէս արցախցի նահատակ ընտանիքներու ցուցաբերած նիւթաբարոյական զօրակցութիւնը եւ մասնաւորաբար «Գոյ» մարդասիրական հիմնադրամի կաւագործական արուեստանոց-ուսումնարան յաճախող պատանի ու երիտասարդ տարիքի ստեղծագործ խումբ մը արցախցիներու ձեռակերտ «բերք»ը քաջալերելու առաքելութիւնը:

Արդարեւ, Թորգոմ Եպիսկոպոս՝ յանուն Ազգ. վարչութեան, կատարեց ինքնաբուխ, խոնարհ ժեսթ մը եւ ձեռք ձգեց արցախցի շնորհաշատ տղոց ու աղջիկներուն ձեռային բոլոր աշխատանքները, մէկ խօսքով՝ ուսումնարանի խանութին մէջ տեղադրուած կաւեղէն ամբողջ «բերք»ը, որ շուտով կը փոխանցուի Լոս Անճելըս, Ազգ. Առաջնորդարան: 

Share