Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ քննելէ ետք 2024-2025 տարեշրջանի համար ներկայացուած դիմումնագրերը, կրթանպաստի արժանացուց երկու ուսանողներ՝ Տանիելա Ճուլի Ակոճեան (UCI) եւ Ալիք Էլիզապէթ Թիւֆէնքճեան (Եու.Սի.Էլ.Էյ):
Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ այս ուսանողները կը հետեւին գիտական տարբեր մասնագիտութեանց, ցարդ ձեռք բերած են շատ փայլուն արդիւնքներ եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն գաղութի ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս։
«Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը կը բաղկանայ հետեւեալ երեք անդամներէ. բարերարուհի Տիկին Թամարա Պարսամեան, Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։
Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի