Չորեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարժարանները իրենց դռները լայն բացին՝ հիւրընկալելու համար 2024-2025 տարեշրջանի կրթական վերամուտը, որ մեծապէս խանդավառեց հայ նախկին եւ նոր աշակերտները, պատասխանատու մարմինները, ուսուցիչները, ծնողներն ու Հայ Դպրոցին բարերարներն ու բարեկամները:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նոյն առաւօտ նախագահեց Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան, որուն ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան եւ անդամ՝ Տիար Արա Շապանեան:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խանդավառ աշակերտներուն եւ անոնց ուղեկցող ծնողներուն ուղղեց գնահատանքի խօսքեր՝ ընդգծելով հայկական վարժարաններու առանձնայատկութիւնները հոգեւոր, ազգային եւ հաւաքական կեանքի մէջ եւ բոլորին մաղթեց անխափան ու ապահով տարեշրջան: Յաջորդ օրը՝ Հինգշաբթի, 22 Օգոստոսի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ներկայ եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Մարի Գապայեան մանկապարտէզի վերաբացման հանդիսութեան եւ հայրական իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:
Յայտնենք, որ Ազգային միւս վարժարաններու վերամուտի արարողութեանց ներկայ եղան տեղւոյն Հոգեւոր հայրերը՝ փոխանցելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերամուտի առիթով յղած պատգամը եւ բոլորին մաղթեցին կրթական օրհնաբեր տարի մը:
Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի վերամուտի հանդիսութեան Սրբազան Հօր ներկայացուցիչն էր Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան, հանդիսութեան ներկայ եղան Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհնյ. Թորոսեան, Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ անդամ՝ Տիար Գեւիկ Պաղտասարեան:Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի մէջ կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտի հանդիսութեան ներկայ եղան Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան:
Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի վերամուտը օրհնեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ներկայութեամբ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեանի: Փասատինայի մէջ գործող Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր- մանկապարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Օգոստոսի առաւօտեան: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ ողջունեց կրթական ընտանիքի բոլոր անդամները, օրհնեց հաստատութիւնը եւ բոլորին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր հայրական բարեմաղթութիւնները: