Գէորգ Պետիկեան
Այդ օր, պատահաբար դիմատետրիս էջին վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ քանի մը օրինակներուն, որոնք ինծի ինքնաբերաբար տարին չես գիտեր մինչեւ ուրտեղերը:
Արդիւնք.- Մեր ներկայ կեանքի անօրինակ մթնոլորտին մէջ, դարձեալ սկսած էի ես զիս փնտռել: Բայց, նախ միտքս պարզեմ: Կարգով յիշեցնեմ:
ա.-Տարիներ առաջ, Եգիպտոսի նախագահ՝ Անուար Սատաթը սպաննողին դատարանին մէջ հարց տուին.-
Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մեր երկրի նախագահը:
Ոճրագործ.- Նախագահը, կարծեմ աշխարհիկ մըն էր:
Դատաւոր.- Է՛հ, ի՞նչ կը նշանակէ «աշխարհիկ»:
Ոճրագործ.- Այդ բառին իմաստը, ես ալ չեմ գիտեր:
բ.-Եգիպտացի յայտնի գրող եւ մտաւորական՝ Նէճիպ Մահֆուզ, օր ցերեկով սպաննուեցաւ: Ապա դատարանին մէջ.-
Դատաւոր.- Ոճրագործ, ինչո՞ւ սպաննեցիր մեծ գրագէտը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ ան մեր նոր սերունդին համար անյարմար բաներ կը գրէր:
Դատաւոր.- Արդեօ՞ք կարդացած ես Նէճիպի գործերը:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, չեմ կարդացած, լսած եմ:
գ.- Եգիպտացի մտաւորական Ֆարալ Ֆուտան սպաննելուն համար ոճրագործ մը ձերբակալուեցաւ: Դատարանին մէջ.-
Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպաննեցիր մտաւորական Ֆարաճը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ, ան իսլամ չէր, եւ անհաւատ մըն էր:
Դատաւոր.- Ուրկէ՞ գիտէիր, որ ան անհաւատ մըն էր:
Ոճրագործ.- Իր գիրքերէն:
Դատաւոր.- Էհ, դո՛ւն իր գիրքերը կարդացա՞ծ ես:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, ես կարդալ չեմ գիտեր:
դ.- Աստուածաշունչէն.-(Ղկ. 23.34)
Յիսուսի խաչին վրայ, վերջին պահուն, իր Հօր հետեւեալը ըսաւ.-
«Հայր ներէ ՛անոնց, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ’ընեն»:
Իսկ հիմա, ուրկէ՞ սկսիմ: Կ’ուզէ՞ք աւելին շարեմ: Շարունակեմ:
Առաջին իսկ հերթին, պիտի փորձեմ ամփոփել մտածումներս, միաժամանակ բացայայտելով մտահոգութիւններս: Նաեւ պիտի աշխատիմ դուրս գալ այս անկարգ ու անկանոն վիճակէս ու այս բոլորին մէջ որոշ եզր մը գտնել: Մտքիս մէջ կարծես ամէն ինչ խառնակ է: Վերի օրինակները յստակօրէն կը պարզեն, թէ մարդոց մօտ յաճախ արմատացած եւ քարացած մնացած են զանազան մտայնութիւններ ու մտածումներ: Պէտք է գիտնալ, որ կեանքի մէջ ամէնէն վտանգաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք իրենց սահմանափակ մտածողութեամբ, չեն կրնար ընկալել ճիշդը, իրաւը, դրականը, եւ վերլուծել խնդիրներուն էութիւնը եւ կուրօրէն կը հետեւին ուրիշներուն եւ կամ կը բաժնեն անոնց կարծիքները:
Անոր համար վշտահար անցորդի նման, յաճախ կը վախնամ բառերէս:
Ներկայ մեր ապրած կեանքը իրապէս, որ ցաւալի է: Յստակօրէն բոլորս ալ ցաւի աշխարհը կ’ապրինք, ու այսպէս ալ կ’երթանք, առանց մեր կամքին:
Ամէն «բան» նիւթականացած է: Դրամը դարձած է մարդոց մօտ միակ պաշտելին: Արարք, սէր, բարեկամութիւն եւ խոստում դարձած են կեղծ, շինծու եւ խաբեբայ: Յարգանքը կորսուած է եւ սուտն ալ՝ բազմապատկուած: Բարին եւ բարիկամեցո-ղութիւնը մահացած են: Ահա՛, այս է կեանքը:
Ու նման մտահոգ մտքերով՝ միշտ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք վերակազմել եւ վերակազմուիլ: Յստակ պատասխան մը չունիմ:
Տողերս, թէեւ շատ պարզ են, սակայն ոչ մէկ գաղտնիք պահած եմ անոնց ետեւ: Հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս կ’ուզենք ազգային հաւաքականութեան մը գոյատեւումն ու բարգաւաճումը տեսնել, եթէ նոյն այդ հաւաքականութենէն ներս բացակայ է դրական քննադատողի գրիչն ու խօսքը, անոր ձայնն ու մատնանշումները:
Իրականութիւն է, որ ներկայիս ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է մեր հայրենիքը, որուն գլխաւոր խորհուրդը, այնպէս կ’երեւի, թէ մարդոցմէ հեռացած է: Ե՞րբ մենք տէրն ու տիրականը պիտի ըլլանք մեր միտքերուն: Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք եւ զանազանենք էականը՝ միւսէն:
Նախապայման է, որ բոլորս ալ դառնանք անկախ մտքով եւ սրտով հայեր ու մեր պահանջը ճակատաբաց դնենք սեղանին վրայ, առանց ատելութեան: Քաջութեամբ մօտենանք մեր իրականութեան:
Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ: Պարտուած երկիր մը ունինք: Մեր բոլորին մօտ, ոխն ու վախը, չարն ու բարին իրար խառնուած են: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:
Մեր երազները փլած, եւ ուղեղներն ալ՝ սառած են: Կարծես հոսանքէն տարուած կ’ապրինք: Ուստի, երկար կը մտածեմ, որ այս օրերուն մեզի եւ անպայման հայ մարդու թա՛փ է պէտք: Իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութիւն է պէ՛տք, որպէսզի որոնենք մեր ինքնութիւնը: Ասոնք են պահանջուածները:
Մենք տակաւին ազգովին կը կարծենք, որ ամէն «բան» գիտենք…: Չենք անդրադառնալ, որ ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած ենք:
Լրջանա՛նք: