Պէտք Է Փրկել Արցախը

Պէտք Է Փրկել Արցախը

Տիգրան Ճինպաշեան

Այն օրէն, երբ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն յայտարարեց, որ «Միջազգային ընտանիքը» կը պահանջէ նշաձողը իջեցնել, հիմը դրուեցաւ «խաղաղութեան դարաշրջանի» քաղաքականութեան: Փաշինեան կը վստահեցնէր, որ պահանջներու մակարդակին նուազումին պիտի յաջորդէ միջազգային հասարակութեան «քոնսոլիտացիան» Հայաստանի շուրջ, այսինքն` համատարած զօրակցութիւնը ի նպաստ հայութեան: Նշաձողի իջեցումը տեղի ունեցաւ, սակայն Հայաստանի պահանջներու, համեստ պահանջներու բաւարարումը` անորոշ միջազգային հասարակութեան կողմէ, տեղի չունեցաւ: Նշուած քաղաքական գիծը բանակցային միջավայր բերաւ արեւմտեան աշխարհը, գլխաւորաբար` Եւրոպական Միութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Առ այժմ, միակ նուաճումը Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանի երկայնքով, հայաստանեան կողմը, եւրոպացի դէտերու տեղակայումն է: Դէտերը կը դիտեն ու կը զեկուցեն: Այդքան միա՛յն:

Նշաձողի իջեցումը յանգեցաւ Հայաստանի տարածքին 29.800 քառ. քմ սահմանման, միաժամանակ միակողմանիօրէն Ազրպէյճանի տարածքին ճանաչումը` 88.600 քառ. քմ: Այսինքն, Հայաստան կ՛ընդունի, որ Արցախը, կամ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան: Փոխան այս յանձնուողական քայլին, Փաշինեան կ՛ակնկալէ, որ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան եւ իրաւունքներուն շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ, անորոշ ու առայժմ անգոյ միջազգային հովանաւորութեամբ:

Այս բոլորին դիմաց, Ազրպէյճան կը շարունակէ իր զաւթողական քաղաքականութիւնը: Կը խստացնէ Արցախի պաշարումը, Բերձորի միջանցքը փակ կը պահէ, իւրաքանչիւր բանակցային հանգրուանի զինուորական գործողութիւն մը կը կատարէ ու կը հրաւիրէ Արցախի 120.000 ժողովուրդը, որ, ըստ ընդունուած որոշման, ազրպէյճանական հողի վրայ կ՛ապրի, «ինթեկրուելու» (համարկուելու) ազրպէյճանական հասարակութեան` Ազրպէյճանի միւս քաղաքացիներու իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով: Կը հետեւի, որ պէտք է մոռնայ Արցախի Հանրապետութիւնը, անկախութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը: Արցախցիները կասկած չունին, որ Արցախեան հարցին նման «լուծում» պիտի յանգեցնէ Արցախի հայաթափման ու վերջնական կորուստին:

Բազում բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, գլխաւորաբար` արեւմտեան մասնակցութեամբ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Վերջինը` Ուաշինկթընի մէջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի, եռօրեայ բանակցութիւններն են, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի: Ըստ այս վերջինին, խաղաղութեան համաձայնագիր խմբագրելու գործին մէջ փոխըմբռնման յառաջընթաց արձանագրուած է (նոր զիջումնե՞ր), թէեւ քանի մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը պահանջեն հետագայ աշխատանք: Կառուցողական համարուած բանակցութիւնները, ըստ Միացեալ Նահանգներու, տակաւին չեն հասած իրենց վերջնագիծին:

Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ «կառուցողական» բանակցութիւնները մեկնաբանելու համար Հանրային հեռուստացոյցը հարցազրոյցի հրաւիրած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանը` Քրիսթինա Քուինը: Ան գոհ է Հայաստանի իշխանութիւններու գործելաոճէն եւ Հայաստանը կը համարէ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան կղզեակ մը: Ամերիկացիները սովորութիւն ունին նոյնիսկ ամբողջատիրական վարչաձեւերն ալ գովաբանելու, պայմանով որ անոնց կողմնորոշումը ի նպաստ իրենց ըլլայ: Այլ բաներու կարգին, Քուին յայտնած է, որ իր երկիրը կը հաւատայ եւ կը յուսայ, թէ արցախահայութիւնը խաղաղօրէն կ՛ապրի երբ Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս դառնայ. ատիկա կարելի է, եթէ բոլոր կողմերը միասնաբար ջանք թափեն զայն կարելի դարձնելու համար: Եւ աւելցուցած, թէ ատիկա է ճիշդ մօտեցումը: Հասկնալի եղա՞ւ, թէ ո՛վ է նշաձողը իջեցնելու հեղինակը:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներառումը բացառելու համար, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները բազմաթիւ փորձեր կատարեցին: Տեղի ունեցան խորհրդարանական լսումներ. «Արցախը չի կրնար Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ» թեմայով քննարկումներ, նման նիւթով բանաձեւի մը որդեգրման համար խորհրդարանի օրակարգ մտցնելու առաջարկ, զոր մերժեց մեծամասնութիւնը, ընդդիմութեան կողմէ հրաւիրուած նմանատիպ նիստ մը չկայացաւ մեծամասնութեան բացակայութեան պատճառով:

Ինչպէ՞ս կարելի է օրինական միջոցներով արգիլել իշխանութիւններուն Արցախը թողնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Խորհրդարանին կողմէ նման որոշման մը կայացման դէմ դրուած կրկնուած արգելքներէն ետք, խումբ մը մտաւորականներ դիմած են ժողովրդային մերժումի միջոցին: Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ ժողովրդային նախաձեռնութեամբ օրակարգ մտցնելու Ազգային ժողովին: 50.000 քաղաքացիներ, իրենց ստորագրութեամբ իրաւունք ունին Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ արձանագրելու նիւթ մը: «Հայաքուէ» կոչուած այս նախաձեռնութիւնը երկու նիւթ կ՛առաջարկէ Ազգային ժողովին. Արցախը երրորդ այլ պետութեան մը մաս չի կրնար կազմել եւ` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման պահանջը: Այս երկու հարցերու ժխտումը կը քրէականացուի եւ կրնայ պատճառ դառնալ 10-էն 15 տարի ազատազրկման: Ստորագրահաւաքը, որ սկսած է յունիս 29-ին (փոխան 26-ի) տեղի կ՛ունենայ, ըստ օրինի, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու եւ համայնքապետերաններու մէջ: Ստորագրահաւաքը պիտի տեւէ 60 օր: Առաջին շաբթուան արդիւնքները, խոստմնալից են. 15.000 քաղաքացիներ արդէն ստորագրած են «Հայաքուէ»-ին:

Յուսանք, որ այս նախաձեռնութիւնը վերջապէս կը յաջողի սահման մը դնել իշխանութիւններու շարունակական զիջումներուն եւ փրկել Արցախը:

Share