Կարճ, ամփոփ եւ պարզ էր Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիէրի ամանորեայ շնորհաւորական նամակ-ուղերձը:
Կ’ըսէր, թէ անհամբերութեամբ կը սպասէ 2025 թուականը՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ յառաջընթացին համար:
Մերթ երախտապարտ, մերթ դիւրայոյզ եւ դեռ քիչ մըն ալ ամբոխահաճ՝ տիկին Քվիէր իր պարտականութիւնը, գէթ թուղթին վրայ, լի ու լի կատարած է, այդ ալ ամենայն դիւրութեամբ եւ… խղճի հանգստութեամբ: Ի վերջոյ, ան իր երկիրը ներկայացնող դիւանագէտ մըն է, եւ Հայաստանի մէջ ըստ էութեան իր երկրի իշխանութիւններուն տրամաբանութենէն բխող պարտականութիւն մը կը կատարէ, իսկ այդ տրամաբանութիւնը հաշուի կ’առնէ Հայաստանը անմիջակայ կերպով շրջապատող ու հեռու ինկող տարածքներ…
Ան կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ կապերը կը շարունակեն ամրանալ: Այս ամրացման մէկ ցայտուն օրինակը՝ «Արծիւ Գործընկեր» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձն է վստահաբար, որ յառաջիկայ ամառ պիտի կրկնուի:
Գաղտնիք չէ, թէ այս ռազմափորձն ու նմանօրինակ քայլեր աչքի փուշի վերածուած են Մոսկուայի համար, մանաւանդ, որ ռազմափորձը կ՛ենթադրէ խաղաղապահ առաջադրանքներու ընթացքին հակամարտող կողմերու միջեւ կայունացման գործողութիւններ, բարձրացնելով միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխադարձ գործակցելիութեան մակարդակը: Ու դժուար չէ հետեւցնել, որ տասնամեակներ շարունակ մեծ ուժերու հետ որոշ հաւասարակշռութիւն եւ գործակցութիւն պահպանող վիճակը նոր խախտումի առարկայ կ’ըլլայ:
Մեր հայրենիքը ընդգրկող տարածաշրջանին մէջ, կացութիւնը դժնդակ է, մասնաւորաբար 2020-ին ռազմական գետնի վրայ ծանօթ պարտութենէն ու աւելի քան տարի մը առաջ ամբողջացած՝ Արցախի հայաթափումէն ետք. եւ հիմա, դիւանագիտութիւնն է անտէր ու անտիրական, արդէն իսկ՝ յորձանուտի մէջ, կ’իյնայ անդունդէ անդունդ, եւ այդ անկումները վախճանի նախանշաններ չեն ցոլացներ, կը սպառնան հոն քաշել նաեւ մեր երկիրը:
Այս վիճակին մէկ հաստատումն ալ եկաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայէն, որ ամանորեայ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ամենայն անկեծութեամբ եւ համոզումով շեշտեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խորհրդաժողովի միւս կառոյցները պէտք է լուծարուին, գնդակը պէտք է փոխանցել Պաքուին եւ Երեւանին:
Դժուար չէ հետեւութիւններ ընել. Զախարովա այդ եզրակացութեան յանգած է, պարզ այն պատճառով, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախը արդէն իսկ Ճանչցած է իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասը: Զախարովայի դիտանկիւնէն, պարզ է որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խորհրդաժողովի համանախագահներու լիազօրութիւնն ու բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբը կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը, նաեւ՝ կազմաւորման իմաստը, հիմը, այսինքն… Արցախը:
Ահաւասիկ լաւապէս չափուած, ձեւաւորուած ու ծրարուած ամանորեայ նուէր մը, որ հասցէագրուած է ո՛չ միայն ինքզինք անգործութեան մատնած՝ Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան, այլ նաեւ երկրի ներկայ ձեռնունայն իշխանաւորներուն:
Վերադառնալով դեսպան Քվիէրի ուղերձին, տեղին է նշել դասական հաստատում մը, թէ տօները հիանալի առիթ են` միացեալ ձեռքբերումներու մասին խորհելու եւ գալիք տարին ծրագրելու համար:
Տարիներ շարունակ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ (ներառեալ քայլերգը) քանդումն ու փլուզումը ապրող հայորդին ալ խորհելու եւ գալիք տարին (տարիները) ծրագրելու բաղձանք եւ պարտականութիւն ունի, որ բնականաբար տարբեր է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին ի մտի ունեցած հորիզոնէն:
Այս բոլորը կարելի է իրագործել ՄԻԱԿԱՄ ՊԱՅՔԱՐ մղելով, մէկդի դնելով անձնական թէ կուսակցական հաշիւները, աչքերը սեւեռել Հայրենիքի փրկութեան եւ վերականգնումին:
Եւ այս է, որ ԱՆՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ մե՛նք:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական