Հաղորդագրութիւն
Վերջին շրջանին բազմացան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մամլոյ հրապարակումները, թափ առին նաեւ անճիշդ տեղեկութիւններու սպրդումները ընկերային ցանցերու վրայ, ինչ որ ստիպեց համապատասխան մարմիններ քանի մը առիթով հերքումներ կատարելու։
Այս մտահոգիչ պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կու գայ յստակացնելու հետեւեալ կէտերը.-
Առաջին. ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ մեկնելով երկիրը, պետութիւնը եւ ժողովուրդը իրենց յաջորդական տագնապներէն եւ դժուարութիւններէն դուրս բերելու անհրաժեշտութենէն՝ այս փուլին նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի նախագահութեան թեկնածութեան եւ ընտրութեան մէջ տեսաւ լաւագոյն ընտրանքը։ Կարեւոր էր նաեւ կազմել կառավարութեան մը, որ քայլ պիտի պահէր նախագահի երդման ճառին հետ եւ զայն վերածէր փրկութեան գործնական քայլերու։ Արդ, Նաուաֆ Սալամի վարչապետ նշանակումը եղաւ բնական ընտրանք։
Երկրորդ. Հակառակ մեր այն համոզումին, որ լիբանանեան բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքական ուժերը իրենց շարքերուն մէջ ունին կարող եւ բոլորէն գնահատուած տարրեր, ծանօթ՝ իրենց փորձառութեամբ, ազգային ոգիով եւ մաքրամաքրութեամբ։ Հակառակ նաեւ մեր այն հարցադրումին, թէ կուսակցական տարրեր ինչո՞ւ հեռու պէտք է պահել կառավարուեթան քաղաքական գործունէութենէն, կրնանք հասկնալ կուսակցականներու՝ կառավարութեան մաս չկազմելու քայլը, ջանալով կառավարութիւնը կազմել անձնաւորութիւններէ, որոնք կուսակցական յստակ պատկանելիութիւն չունին։
Երրորդ. Բայց եւ այնպէս, այս բոլորը չեն ենթադրեր կառավարութեան կազմութեան ժամանակ վախ ապրիլ բոլոր անոնցմէ, որոնք հանրային կեանքին մէջ ներգրաւուած են՝ տրուած ըլլալով, որ լիբանանցի ժողովուրդը զարգացած եւ քաղաքականացած է մեծ համեմատութեամբ։
Չորրորդ. Կառավարութիւնը երկրորդ խորհրդարանի վերածելէ խուսափելու կարգախօսը պէտք է թարգմանուի այնպէս մը, որ ի յայտ գան անուններ ու անձեր, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իրենց ներկայացնելիք հաւաքականութիւններուն հետ՝ անոնց պարտադրելով այդ անհատները։
Հինգերորդ. Բոլոր պարագաներու, կարելի չէ նոյն երդիքին տակ ձմրան եւ ամրան վերաբերում ունենալ եւ երկու կշիռի մօտեցում ցուցաբերել։ Հարկ է քաղաքական եւ համայնքային բոլոր կողմերուն հետ վերաբերիլ նոյն հաւասար մօտեցումով։
Վեցերորդ. Յուսալից ենք, որ նախագահութեան նոր նստաշրջանը երկիրը դուրս կը բերէ իր ապրած յաջորդական տագնապներէն եւ ողբերգութիւններէն։ Կը գիտակցինք, որ ան կարիքը ունինք արտակարգ կառավարութեան մը, երկրին մէջ ընթացք տալու համար բարեկարգումներու, վերաշինութեան, հաստատութիւններու ու տնտեսութեան վերականգնումին։
Հետեւաբար՝ մեկնելով կառավարութեան կազմութեան մէջ նշանակեալ վարչապետին յաջողելու մեր նախանձախնդրութենէն եւ խորհրդարանին կողմէ այդ կառավարութեան հանգիստ կերպով մեծամասնութեան վստահութեան քուէին արժանանալու եւ աշխատանքի լծուելու կարեւորութենէն, նաեւ ունենալու համար ժողովրդային այնպիսի զօրակցութիւն մը, որ արտայայտիչը ըլլայ նախագահի երդման ճառին ներշնչած վստահութեան, կոչ կ’ուղղենք բոլորին՝ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին վերաբերելու գործակցութեան ոգիով, դիւրացնելու համար նախագահին եւ նշանակեալ վարչապետին պարտականութիւնը։
Կոչ կ’ուղղենք նաեւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին՝ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին առաջնորդուելու միատեսակ չափանիշներով, ապահովելու համար երեսփոխանական, քաղաքական եւ ժողովրդային շրջանակներու աջակցութիւնը՝ նոր կազմուելիք կառավարութեան աշխատանքներուն։
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ