Առաջնորդ սրբազան հայրը երկօրեայ այցելութեամբ պատուեց Սան ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիք

Առաջնորդ սրբազան հայրը երկօրեայ այցելութեամբ պատուեց Սան ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիք

Անցնող շաբաթավերջին՝ Ուրբաթ 20 եւ Շաբաթ 21 Սեպտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, համաձայն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին կատարած անդրանիկ այցելութեան ընթացքին իր տուած խոստումին, ներկայ եղաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան միացեալ ջանքերով կազմակերպուած տարեկան քերմէս-պազարին եւ մէկէ աւելի առիթներով խօսք առնելով դրուատեց համահայկական բնոյթ կրող եւ եկեղեցւոյ աւանդական 67-րդ հասութաբեր ձեռնարկը հանդիսացող քերմէս-պազարն ու այս առիթով շրջանին մէջ հայութեան նկատմամբ բարձրացուած հետաքրքրութիւնը՝ հայ եւ ոչ հայ քաղաքացիներու կողմէ: 

Եկեղեցւոյ մուտքին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ շրջանի Հոգեւոր հովիւներ՝ Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի եւ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեանի, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանի Ազգ. երեսփոխան Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, ապա ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր համայնքի ջանասէր նուիրեալներն ու կամաւոր ձեռքերը անցեր էին գործի եւ սրահին մէջ ու եկեղեցւոյ շրջափակը վերածեր քերմէս-փառատօն-պազարի՝ համապատասխան խաղերով, վաճառքի դրուած իրերով, հայ տանտիկիններու ձեռամբ պատրաստուած համադամ ուտելիքներով ու քաղցրաւենիներով, այլեւ հայկականութիւն բուրող միութիւններու, կազմակերպութեանց եւ կառոյցներու ձեռային աշխատանքներով եւ խորհրդանշական իմաստ ունեցող հոգեւոր, ազգային ու մշակութային զանազան տեսակի զարդեղէններու եւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ:

Երկու օրերու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շփուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան տարբեր շերտերուն հետ՝ մանուկէն մինչեւ տարեցներ, գործարար մարդիկ, աշակերտներ, ծնողներ եւ ոչ հայ այցելուներ, որոնք ուրախութեամբ եկած էին քերմէս եւ խանդավառութեամբ լեցուած՝ կը համտեսէին հայկական ուտեստներ, կը ծանօթանային հայ մշակոյթի զանազան երեսներուն: 

Առաջնորդ Սրբազանը այս առիթով արտասանած իր խօսքերէն մէկուն ընթացքին նշեց, որ համայնք մը կանգուն կը մնայ եւ իր ազգային դիմագիծը անխաթար կը պահէ, մէկ կողմէ իր նախորդներուն ստեղծած հոգեւոր, ազգային ու ժողովրդային աւանդութիւնները շարունակելով, իսկ միւս կողմէ՝ ժամանակի շունչն ու պատանի եւ երիտասարդ նոր սերունդներու պատկերացումները, հնարամտութիւնն ու աշխատանքային ոգին իբրեւ ներդրում աւելցնելով գոյութիւն ունեցածին եւ մինչ այդ ստեղծուածին վրայ:

Ան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց շրջանի վաստակաշատ ղեկավարներէն Տիար Ռոստոմ Այնթապլեանի, Հոգաբարձութեան կազմին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Մատթէոս Սենեքերիմեանի, Տիկնանց միութեան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի՝ Տիկին Անահիտ Չաքալեանի եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի Ազգ. Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, ծնողներուն եւ աշխատող ձեռքերուն, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Տիկին Կրէյս Անտոնեանի: 

Յայտնենք, որ շաբաթավերջ մը տեւող եւ ժողովրդային խանդավառութեամբ յատկանշուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ամէնամեայ քերմէս-փառատօնին այս տարի ներկայ եղան աւելի քան եօթը հազար այցելուներ, որոնց շարքին՝ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատաւոր Տիար Ռապ Պոնթա, որ առ ի գնահատանք յաջողապէս կազմակերպուած քերմէսին, յատուկ յուշագիր մը փոխանցեց եկեղեցւոյ հովիւին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Լոս Անճելըս վերադարձաւ Շաբաթ յետմիջօրէին:
Western Prelacy E-Newsletter
Share