Հայ-թրքական բանակցութիւններու Թուրքիոյ բանագնացը այցելած է Կարսի կողմէ Հայ-թրքական սահմանադուռ

Հայ-թրքական բանակցութիւններու Թուրքիոյ բանագնացը այցելած է Կարսի կողմէ Հայ-թրքական սահմանադուռ

Հայ-թրքական բանակցութիւններու Թուրքիոյ բանագնաց, դիւանագէտ, ԱՄՆ-ի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Սերտար Քըլըչ այցելած է Կարս եւ գտնուած է հայ-թրքական սահմանադրան մօտ։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդէ «Կազեթէ Կարս» պարբերականը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Սերտար Քըլըչ այցելած է Անիի աւերակներ, «Պանիրի թանգարան», Ռազմական պատմութեան թանգարան եւ Աքիաքա արեւելեան սահմանադուռ, ուր կը գտնուի հայ-թրքական սահմանը։

Ուշագրաւ է, որ Սերտար Քըլըչ չէ ուզած, որ իր այցին մանրամասները լուսաբանուին զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Ան որոշ այցեր կատարած է նաեւ Կարսի կեդրոն եւ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ։

Պէտք է ենթադրել, որ Սերտար Քըլըչի այցը կապուած է հայ-թրքական սահմանը բանալուն ուղղութեամբ իրականացուող քայլերու հետ։

Share