Ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ մէջ

Ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգը արգիլուեցաւ Թուրքիոյ մէջ

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ջութակահար Արա Մալիքեանի` 11 Յունիսին Անգարայի մէջ նախատեսուած համերգը ջնջեց` առանց պատճառը նշելու: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, հաղորդած է «Թրքիշ Մինըթ»-ը` աւելցնելով, որ վերջին երկու շաբաթներուն երկրին մէջ բազմաթիւ համերգներ ջնջուած են:

Ըստ տեղական լրատուամիջոցներու, Մալիքեան 11 Յունիսին «մշակութային ուղիի փառատօն»-ի ծիրին մէջ համերգ պիտի ունենար նախագահական սինֆոնիք նուագախումբին հետ: Համերգի տոմսեր գնած անձերը պատգամով մը տեղեակ պահուեցան, որ ձեռնարկը ջնջուած է, սակայն ատոր համար որեւէ բացատրութիւն չստացան:

Մալիքեանի համերգի ջնջումը երաժիշտներու, դերասաններու, փաստաբաններու եւ մարդկային իրաւանց գործիչներու կողմէ քննադատութեան ենթարկուեցաւ:

Մալիքեան ընկերային ցանցերու վրայ թուրքերու կողմէ բուռն քննադատութիւններու ենթարկուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նախապէս անոր կատարած յայտարարութիւններուն համար: Թուրքեր «Թուիթըր»-ի վրայ հայ ջութակահարը կոչեցին «թուրքերու թշնամին» եւ մշակոյթի նախարարութեան կոչ ուղղեցին ջնջելու համերգը:

Նշենք, որ աշխարհահռչակ Արա Մալիքեան 2012-ին Պոլսոյ եւ 2019-ին Իզմիրի մէջ համերգներ տուած էր:

«ակունք»

Share