Շաբաթ, 29 Յունիս 2024ի երեկոյեան, Beverly Hilton պանդոկի սրահը հեղեղուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներով ու համակիրներով։ Շուրջ 600 հայորդիներ մէկտեղուած էին, տօնախմբելու յաղթանակները այն երիտասարդութեան, որ թրծուելով Շաւարշ Քրիսեաններու, Յովհաննէս Հինդլեաններու Տիգրան Քհնյ. Խոյեաններու նման ազնուագոյն դաստիարակներու հիմնած կազմակերպութեան մէջ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսի հաւատքով դաստիարակուած ու յուսադրած էին իրենց շրջապատը։
Այո, նուիրումով համախմբուած էին մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.ասէրներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու եւ աջակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նաւասարդեան 47րդ Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններուն, որոնք հաւատալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, մեծ ոգեւորութեամբ ստանձնած էին իրենց վստահուած պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ին եղբ. Արամ Պէքարեանին, որ հաւատաւոր միութենականի իր վարքով՝ բարի օրինակ հանդիսացաւ մեր շրջապատին:
Այս համոզումով սրահ ժամանած էին, Թեմիս առաջնորդ Գեղամ Արք․ Խաչերեան եւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովիւ տէր Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ.-ի Բիւրոյի Ներկայացուցի` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ եղբ. Մհեր Դաւիթեան, Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկ. Աւօ Քէշիշեան, Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան անդամ Սարգիս Թաթիկեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան Ներկայացուցիչներ ընկհ. Վիքի Մարաշլեան եւ ընկհ. Քրիսդինա Խանճեան, Համազգայինի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Նիկոլ Մանուկեան, Հայ Դատի ներկայացուցիչ՝ Օշին Յարութիւնեան եւ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչ՝ Փաթիլ Աբոշեան եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Քաղաքական անձնաւորութիւններ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, անցեալի Պատուոյ նախագահներ, Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան փողերախումբի եւ անոր հետեւող Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենոյշներու տպաւորիչ մուտքով եւ դրօշակի արարողութեամբ։ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգները քնքոյշ ձայնով մեներգեց Ալին Արուսդամեանը։
Տէրունական աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք․ Խաչերեան, որ նաեւ հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցելով դրուատեց աշխարհատարած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր միութեան ազգային, սկաուտական եւ մարմնակրթական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի մէջ գործող միաւորին աշխատանքները, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւեն Նաւասարդեան խաղերը, որոնք ամէնամեայ դրութեամբ տեղի կ՛ունենան շարունակելով աւանդը, ըսաւ ան եւ սրտագինս շնորհաւորեց 47-րդ տարուան խաղերուն բոլոր մասնակիցները, պատասխանատուները, ծնողները, կամաւոր աշխատողները, բարերարներն ու համայնքի զաւակները, իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
«Յաղթանակի պարահանդէս» բառակապակցութիւնը սոսկ զուգադիպութիւն կամ պատահականութիւն չէ, որովհետեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿը հիմնական յատկանիշն ու էատարրն է այս պատուաբեր միութեան, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Մէկ խօսքով՝ յաղթանակը հիմքն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի էութեան, դաւանած կարգախօսին եւ համահայկական գործունէութեան», դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ յատկապէս ա՛յս առումով գնահատեց Նաւասարդեան 47-րդ խաղերու նախագահ՝ Տէր եւ Տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեան զոյգը Արեւմտեան Թեմի բարեզարդման ծրագիրներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, ապա իր խնդութիւնը արտայայտեց՝ այս տարեշրջանի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.»-ական տիտղոսին արժանացած Տիար Արամ Պեքերեանի եւ սրահը լեցուցած բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն ու աջակիցներուն մաղթեց անսպառ առողջութիւն, որպէսզի շարունակեն իրենց նիւթական եւ բարոյական անսակարկ ներդրումը բերել՝ վասն Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ազգային, եկեղեցական եւ միութենական ծրագիրներու յաջողութեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութիւնն ու աշխատանքները արտացոլող հետաքրքրաշարժ տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք բեմը բացման խօսք արտասանեց պարահանդէսի յանձնախումբի անդամներէն քոյր Սարէլ Ճանոյեանը։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու (Next Generation) «Յաջորդ Սերունդ» խորագիրին, շեշտելով երիտասարդութեան դերը, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկան են ու ապագան:
Շրջանային Վարչութեան Պատգամը փոխանցեց ատենապետ եղբ. Փիէռ Մանուկեան, որ ողջունելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները, վեր առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոյութիւնը ըսելով. «106 ամեայ համագաղութային այս հսկայ միութիւնը, 55 տարիներէ ի վեր աշխուժօրէն կը գործէ շրջանիս մէջ, ազգային ինքնութեամբ դաստիարակելով բազմաթիւ սերունդներ՝ մարզական եւ սկաուտական հայաբոյր եւ առողջ միջավայրի մէջ:
Շրջանս իր աշխատանքային օրակարգին մէջ առաջնահերթ տեղ վերապահեց Արցախահայութեան, որուն բարօրութեան ի խնդիր, պիտի շարունակենք ամէն ջանք ի գործ դնել եւ զանազան միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ պապենական հողէն տեղահան դարձած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: »
Ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Նաւասարդեան մարզախաղերու (Next Generation) «Յաջորդ Սերունդ» խորագիրին ըսելով «պիտի շարունակենք մեր երթը եւ Միութեան սրբազան առաքելութիւնը՝ ամէն ճիգ ի սպաս դնելով ապահովելու հայ նոր սերունդներուն եւ երիտասարդներուն ազգային առողջ դաստիարակութիւնը, որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բոլոր մարզիկները, սկաուտները, արենոյշները, արծուիկներն ու գայլիկները, անմահ ցեղի ժառանգորդներու յատուկ ներկայութեամբ, «Առողջ միտք, Առողջ մարմին» կարգախօսով, շարունակեն իրենց հաստատ ու վստահ քայլերը դէպի փայլուն եւ լուսաւոր ապագայ:»
Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց դոկտ. Մայք եւ իր տիկնոջ Եւելինա Սարեաններուն, որոնք մեծ սիրով ստանձնեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 47րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը, այս տարուայ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Արամ Պէքարեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր կամաւորներուն, նուիրատուներուն եւ , որոնք իրենց անսակարկ ու անձնազոհ գործունէութեամբ, միշտ բարձունքներ առաջնորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Ճաշի դադարէն ետք ցուցդրուեցաւ տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական» եղբ. Արամ Պէքարեանի կենսագրական գիծերն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը ներկայացնող տեսաժապաւէն մը, որմէ ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ եղբ. Արամ Պէքարեանը, որ փոխանցելով իր սրտի խօսքը շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան, իրեն ընծայուած պատիւին համար, որ կ՚ընդունի, ոչ թէ իբր մեծարանք, այլ որպէս արժեւորումը Հ.Մ.Ը.Մ.ին մատուցած իր երկար տարիներու աշխատանքին։ Տպաւորիչ իր ելոյթէն ետք, ատենապետ եղբ. Փիէռ Մանուկեան յանձնեց անոր «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական – 2024» տիտղոսը հաստատող յուշատախտակը՝ առ ի գնահատանք իր միութենական նուիրումին ու անսակարկ գործունէութեան:Որմէ ետք ողջունեց ներկաները եւ իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց Շրջանային Վարչութեան այս տիտղոսին համար, ետքը իր խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց «Հրաշք» բաժանմունքի յանձանխումբի անդամները եւ կամաւորները:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեաններու կենսագրական գիծերը, միութենական կեանքն ու արձանագրած յաջողութիւնները ներկայացնող տեսաերիզը, որմէ ետք երկարաշունչ ծափողջոյններու ներքոյ, բեմ առաջնորդուեցան դոկտ. եւ տիկ. Մայք եւ Եւելինա Սարեանները ստանձնելու պատուոյ նախագահութիւնը խորհրդանշող եռագոյն երիզները եւ յուշատախտակը: Սարեան ամոլը մեծ սիրով ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը եւ յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին միշտ նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը: Անոնք իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ ﬔծապէս պիտի նպաստեն այս հսկայ կազմակերպութեան վերելքին:
Գեղեցիկ այս անակնկալէն ետք, երեկոն խանդավառեց Ալըն Ճի եւ իր նուագախումբը՝ յաղթական ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծելով սրահէն ներս:
Ուշ երեկոյեան, ներկաները ոգեւորութեամբ մեկնեցան տուն, 4-7 Յուլիսին տիրական ներկայութիւն հանդիսանալու Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած Փառատօնին, մարզական մրցումներուն եւ փակման գեղեցիկ հանդիսութեան: