«Սահմանադրութեան ուժը՝ իւրաքանչիւր քաղաքացիի կողմէ զայն իր ամբողջութեանը մէջ կատարելապէս պաշտպանելու վճռականութեան մէջն է։ Սահմանադրական իրաւունքները կ’երաշխաւորուին միայն այն ատեն, երբ իւրաքանչիւր քաղաքացի իր պարտաւորութիւնը նկատէ իր բաժինը կատարելու՝ զայն պաշտպանութեան գործին մէջ»:
Ալպէրթ Այնշթայն (1879-1955)
Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբել։
Դեռ որքա՞ն կարելի է խաբուիլ։
Եթէ առաջին հարցումը կապ ունի «ազգընտիր»-ին հանապազօրեայ լարախաղացութիւններուն հետ, երկրորդը աւելի կը պատշաճի Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ներկայ կացութեան, թէեւ անմիջապէս ըսենք, որ խաբուելու տրամադիր կամաւորներուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ:
Արդեօք չե՞նք գիտակցիր, թէ ո՛ւր հասած ենք իբրեւ ազգ, պետութիւն եւ պետականութիւն…։
Արդեօք տեսողութեան լուրջ հա՞րց ունինք։ Չե՞նք տեսներ, թէ այս «ազգընտիր» բռնապետը եւ իր գործակիցները մեզ հասցուցած են այնպիսի վիճակի մը, ուր «լինել-չլինել»-ուն առաջին բառն իսկ ինկած է հարցականի տակ։
Այո՛: Այս «հերոս»-ներու հրոսակախումբը մեզ հասցուցած է չլինելու սեմին։ Եւ ահա, «ազգընտիր»-ը կը պատրաստուի նէօ-սահմանադրութիւն մը մրոտելու, յաւելեալ փաստ մը տալով, թէ հլու կամակատարն է Անգարա-Պաքու համաթուրանական դաշինքին։
«Ազգընտիր վարչապետ»-ը մէյտան իջած է նոր սահմանադրութիւն մը մշակելու առաջադրանքով. Սպասելի է որ զայն կոչէ «Թաւշեայ Սահմանադրութիւն»: Հիմնաւորո՞ւմը. բարեփոխուած, վերամշակուած կամ ամբողջութեամբ վերապատրաստուած սահմանադրութեամբ, Հայաստան աւելի մրցունակ եւ կենսունակ պիտի ըլլայ։ Արդեօք այս մարդուկը սահմանադրութիւնը կը շփոթէ հինցած կօշիկի՞ կամ ինքնաշարժի՞ հետ…
Զարմանալի՞ է: Նման առաջարկ մը ներկայացուցած էր Պաքուի բռնատէր Ալիեւը, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, սակայն ո՛չ թէ իր երկրին, այլ նոյնինքն Հայաստանի համար, անուղղակիօրէն նախաճաշակ մը տալով, որ ամբողջ Հայաստանը իր սեփականութիւնը կը նկատէ:
Խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար, Ալիեւ շեշտած ու կոչ ուղած էր, որ պէտք է ամուր երաշխիքներ տրուին Երեւանի կողմէ, թէ՝ ապագային դարձեալ Արցախի հարց պիտի չարծարծուի։
Այսպէս, բաց ճակատով, անթաքոյց, բացէ ի բաց, պաշտօնական եւ տոհմիկ ու մտերմիկ բեմերէ՝ Փաշինեան տարբեր առիթներով ափաշկարայ յայտարարեց, որ երկրին ապագային համար, պէտք է յստակօրէն արձանագրել, թէ ո՛չ միայն հիմա, այլ նաեւ ապագային, Հայաստան որեւէ երկրէ տարածքային որեւէ պահանջ պիտի չունենայ:
Անշուշտ իր յայտարարութիւններուն շարքը երկար է եւ այնքան մը ինքզինք հակասող, որ ամենէն խոր վերլուծաբանն ալ կը կորսուի անոր լեզուական հանելուկներուն մէջ։
Աւելի քան հինգ տարի առաջ, «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարած ամբոխահաճ վարչապետը հիմա կը ժպրհի մինչեւ իսկ առանցքային փաստաթուղթերէ հանել ու ջնջել Արցախի մասին որեւէ յիշատակում:
Ժամանակն է, եթէ ուշացած չենք, որ իբրեւ ազգ, հետեւինք հանճարեղ Այնշթայնի վերոյիշեալ հաստատումներուն։ Նոյնքան ազդեցիկ եւ անժամանցելի են Ա․Մ․Ն․-ի 16-րդ նախագահ Ապրահամ Լինքըլնի (1809–1865) մէկ մտածումը. «Սահմանադրութեան մէջ որեւէ բանի մի խառնուիք։ Անիկա պէտք է անփոփոխ պահպանուի, քանի որ մեր ազատութիւններու միակ երաշխիքն է»։ Անշուշտ Լինքըլն կ՛ակնարկէ իր ղեկավարած ու նախագահած երկրի սահմանադրութեան, սակայն նմանօրինակ հաստատում կարելի է կատարել որեւէ երկրի համար։
Ահաւորը այն է, որ Փաշինեան առանց ամօթանքի կը նշէ, թէ նմանօրինակ նէօ-սահմանադրութիւն մը պատրաստելով՝ քաղաքական որոշումներու օրինականութիւն ապահոված պիտի ըլլայ։ Հիմա ալ Սահմանադրութի՞ւնն է յանցաւորը…
Բաւարար չէր Հայոց Պատմութեան աղաւաղեալ դասագիրքերու ստեղծած տագնապը, ահաւասիկ շատ աւելի լուրջ ու խոր հարց մը։
Չլինելու եզրին ենք։ Սպասելու տեղ մնա՞ց։ Արդե՞օք մեր ժողովուրդին թմբիրը շուտո՛վ վերջ պիտի գտնէ եւ այս վարչախումբն է որ պիտի փոխուի: Բանաստեղծը աւելի քան կէս դար առաջ տուած է պատասխանը. «Կա՛նք, պիտի լինե՛նք…»:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական