Վեհանոյշ Թեքեան
Կ՚արժէ լսել Յորդանանի Թագաւոր Ապտուլլա Պին Էլ Հիւսէյնի խօսքը Մ․Ա․Կ․-ի գագաթնաժողովին, ուր մատնացոյց ընելով իր դէմ նստած Իսրայէլի ներկայացուցիչները, կ՚այպանէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան թերացումը Պաղեստինցի ժողովուրդին հարստահարութեան նկատմամբ, կը շեշտէ Իսրայէլի հակայարձակման վայրագութիւնն ու տարողութիւնը որ աշխարհ տեսաւ արդէն. բայց տակաւին ռումբերու տակ կամ բանտերու մէջ են անոնք։ Սպանդ մը, որ խլեց նաեւ, կամ հաշմանդամեց հազարաւոր երեխաներ։
Պատերազմի օրէնքը անտեսելով՝ Իսրայէլ թիրախաւորեց նոյնիսկ միջազգային կազմակերպութիւններէն օգնութեան հասած անդամներ, հիւանդանոցներ, ծեր ու նորածին, սրբազան վայրեր։ Սփռեց սով ու համաճարակ, բժշկական տարրական միջոցներու պակաս։ Կեանքի բնաջնջման կողքին Կազայի բնակչութիւնը ենթարկուած է ամէ՛ն զրկանքի։ Թագաւորը կոչ ուղղեց որ միջազգային համայնքը գործակցի իր հետ, փրկելու անդադրում հարստահարուող Պաղեստինցի ժողովուրդին տագնապը։
Մեր սիրտը կ՚արիւնի, որովհետեւ ո՛չ մէկ երկիր միջազգային ատեանի առջեւ այսպէս ուժգնօրէն չդրաւ Արցախի սգակիր ժողովուրդին պարտադրուած սովն ու բռնի տեղահանութիւնը՝ մեր դարաւոր հայրենիքէն, սրբավայրերէն, ուսման կաճառներէն, հարազատներու շիրմաքարերէն։
Մեր զզուանքը կրկնակի՛ է։ Տեսանք այսօր լուսանկարները Հայաստանի վարչապետին գրկած Էրտողանի գիրքին. առաւել՝ իր կնոջ ջերմածորան վերաբերումը Թուրքիոյ առաջին տիկնոջ հետ։
Հայրենիքի մէջ կատարած մեծ պարտութենէն ետք մեր հայրենազաւթումի պատմութիւնը կոխկռտող հայու ոտքեր։ Այդ ժպիտներուն մէջ արժանապատուութեան փոխարէն՝ սատտիստի հոգին կայ։
Դաւ ու նենգութիւն։ Ամենակուլ ու լպրծուն խաղաղութիւն։
Խամաճի՛կ խաղաղութիւն։