Ներկայ պայմաններուն մէջ Վարդանանց խորհուրդը կը ներկայանայ ազգ-բանակ-եկեղեցի միաւորումով: Երբ գոյութենական սպառնալիքի դիմաց գտնուած է հայրենիքը, ապա կայացած է այդ միաւորումը, պատմութեան զանազան փուլերուն: Քրիստոնէութեան ընդունումէն գիրերու գիւտ, Աւարայր, Սարդարապատ, Արցախ: Այս փուլերը ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներ են եւ խարսխուած են այս եռամիութեան վրայ:
Խախտած է այսօր եռամիութիւնը, հակառակ անոր որ գոյաբանական սպառնալիքը կը յամենայ: Ներխուժուած են հայրենիքի գերիշխան տարածքներ, Արցախը ամբողջովին հայաթափուած է, Արցախի հայութեան դէմ իրականացուած է ցեղային զտում, թշնամին կը սպառնայ նոր տարածքներու` կառուցելու համար թուրանական կամուրջը: Նախապայմաններով կը թելադրուի հարցականի տակ առնել Ցեղասպանութեան պատճառները, հրաժարիլ տարածքային պահանջատիրութենէ, փոխել սահմանադրութիւնը եւ համապատասխան օրէնսդրութիւնը, տրամադրել միջանցքը, միջազգային ատեաններ դիմել ամրագրելու համար Արցախի հակամարտութեան լուծուած ըլլալը, սահմանազատման օրակարգին տակ զիջիլ այլ ռազմավարական տարածքներ, դադրիլ սպառազինուելէ:
Նոր Յազկերտներու նոր պահանջներն են, որոնք կը դրուին հայութեան դիմաց: Հայաստանի պետութեան ներկայացուցիչները կը մեկնին նորացուած Տիզպոններ, կը վերադառնան հայրենիք, սակայն չեն հետեւիր Վարդանանց օրինակին:
Ընդհակառակը, միաւորելու փոխարէն կը բաժնեն ազգը, կը խզուին եկեղեցիէն, կը հեղինակազրկեն զինուորական հրամանատարութիւնը եւ կ՛ընդառաջեն նոր Յազկերտներու պահանջներուն:
Կ՛ընդունին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը սպառած է, կը հաստատեն, որ Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, կապերը կը խզեն եկեղեցւոյ հետ, կը շրջանցեն սփիւռքի կառոյցները, կ՛իրականացնեն սահմանազատում հակառակորդի թելադրած կանոններով, պատրաստակամութիւն կը յայտնեն փոխելու Սահմանադրութիւնը, հարցականի տակ կ՛առնեն Ցեղասպանութեան պատճառականութիւնը, կը հրաժարին տարածքային պահանջներէ:
Այն ինչ որ կը պահանջէ նոր Յազկերտը հայկական կողմը կը պատրաստուի տրամադրելու, ընդառաջելու, միակողմանի զիջելու:
Վարդանանք ալ պարտուած էին ռազմական դաշտին վրայ: Սակայն չէին զիջած սկզբունքները: Գիտակից էին, որ կրօնափոխ Հայաստանը կ՛ենթադրէր ազգի գոյութեան եւ շարունակականութեան երաշխիքներու կորուստ: Կ՛ենթադրէր աւելին` ամբողջ տարածաշրջանի մը քաղաքակրթութեան արմատական փոփոխութիւն: Արժեհամակարգի տապալում: Իմացեալ մահով պէտք էր փրկել հայրենիքը: Իսկ փրկելու գիտակցութեան շուրջ համախմբուած էր ազգ-բանակ-եկեղեցի եռամիութիւնը:
Այդ գիտակցութիւնն էր, որ ռազմական կորուստին եւ բարոյական յաղթանակին հետեւցուց Վահանանքը, որոնք կռուելաձեւի մարտավարական փոփոխութիւններով յանգեցան կրօնական ազատութեան պահպանումը երաշխաւորող Նուարսակի դաշնագիրին: Արժանապատիւ խաղաղութեան պայմանագիր մը, ուր կը յարգուէին հայկական կողմին առաջադրանքներն ու իրաւունքները: Ահա այդ իրաւունքներէն չհրաժարելու, հակառակ պարտութեան արժեհամակարգին կառչած մնալու եւ պայմաններու փոփոխութեան հետ գոյութիւնը պահելու, ազգի շարունակականութիւնը երաշխաւորելու համաձայնագիրի յանգումով Վարդանանքն ու Վահանանքը փրկեցին հայրենիքը ի սպառ կորուստէ: Նախկին-ներկայ ղեկավարութեան ոչ թէ բախումներով ու հակասութիւններու բաժանարարութեամբ, այլ մարտավարութեան փոփոխութեամբ միեւնո՛յն առաջադրանքները իրականացնելով:
Ամուր մնացած էր խարիսխը` ազգ-բանակ-եկեղեցի մէկութիւնը: Եւ այդ մէկութիւնն է, որ հակառակ արտաքին մեծ հարուածներուն յաջողեցաւ վերականգնել ժողովուրդը, պաշտպանել հայրենիքի սահմանները, քրիստոնէութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը:
Վարդանանք թոյլ չտուին, որ հիմնական փոփոխութեան ենթարկուի քրիստոնէական արժէքներու վրայ կայացած ամբողջ տարածաշրջանի քաղաքակրթութիւնը:
Ա. Հանրապետութեան օրերուն եթէ չըլլար Սարդարապատը, Զանգեզուրեան գոյամարտը, եթէ չփրկուէր Հայաստանը, եթէ անէանար Սիւնիքը եւ կառուցուէր համաթուրանական կամուրջը, այսօր քաղաքակրթականօրէն այլ դիմագիծ կ՛ունենար ամբողջ Հարաւային Կովկասը: Եւ ոչ միայն Կովկասը:
Գոյաբանական նոյն սպառնալիքները կը յամենան այսօր: Յազկերտները կա՛ն: Չկա՛ն Վարդանները, որոնք պիտի մերժեն բոլոր նախապայմանները: Մերժելու համար թշնամիի ճշդած խաղի կանոնները նախ պէտք է վերամիաւորել ազգ- բանակ-եկեղեցի երրորդութիւնը:
Անյետաձգելի հրամայական է ուրեմն եռամիութիւնը վերակերտող պետական նոր ղեկավարութեան կայացումը:
Խմբագրական—Ազդակ