Ազգ. Առաջնորդարանը Եւ Եու.Սի. Ըրվայն Համալսարանի համագործակցակցուսթիւն

Ազգ. Առաջնորդարանը Եւ Եու.Սի. Ըրվայն Համալսարանի համագործակցակցուսթիւն

Ուրբաթ, 7 Յուլիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Եու. Սի. Ըրվայն համալսարանի հայագիտական ամպիոնի պատասխանատու Դոկտ. Հուրի Պէրպէրեանի, որուն հետ միատեղ քննուեցաւ ամպիոնին ներկայ իրավիճակը (դասաւանդման նիւթեր, կարգեր, ուսանողներու թիւ, կարիքներ եւ այլն) եւ ընդհանրապէս հայագիտական ամպիոններու խաղացած դերին կարեւորութիւնը՝ հայ նոր սերունդներու ոչ միայն ազգային պատկանելիութեան պահպանման համար, այլեւ հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու լեզուի իմացութեան մէջ հայ ուսանող տարրի գիտելիքներու զարգացման եւ այժմէականացման ի նպաստ:  

Այս առիթով նաեւ շօշափուեցան Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Եու. Սի. Ըրվայն համալսարանի Հայագիտական Դասընթացքներու բաժանմունքի միջեւ գործակցութեան հեռանկար ու հորիզոն եւ յանուն հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց հայ ժողովուրդի բարերար զաւակներուն՝ զօրավիգ կանգնելու օտար համալսարաններու մէջ գործող հայագիտական ամպիոններու:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ ընդգծեց, որ համալսարաններու մէջ տեղ գտած հայագիտական ամպիոններու առաքելութիւնն է Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պատրաստել զարգացած միտքով եւ հայագիտական պաշարով հարուստ սերունդներ, ապա առիթը պատշաճ նկատելով՝ Եու. Սի. Ըրվայն համալսարանի հայագիտական ամպիոնի ծրագիրներուն մաղթեց յաջողութիւն եւ իբրեւ գործնական արտայայտութիւն՝ կատարեց նիւթական զօրակցութիւն:

Share