Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Կ՛աջակցին Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Կ՛աջակցին Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման: Այս մասին հաղորդեց «Ամերիկայի ձայն»-ը:

«Միացեալ Նահանգներ վճռականօրէն կ՛աջակցին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ դրականօրէն պիտի անդրադառնայ ամբողջ շրջանին վրայ: Հայ-թրքական երկխօսութիւնը ներուժ ունի մեծցնելու շրջանային կայունութիւնը, զսպելու վնասակար ազդեցութիւնը եւ յանգեցնելու աւելի մեծ տնտեսական զարգացման, որ շահաւէտ է բոլորին համար:

«Անիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր` հաշուի առնելով Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ պատերազմը: Միացեալ Նահանգներ պատրաստակամ են աջակցելու այս կարեւոր երկխօսութեան այնպէս, ինչպէս երկու կողմերը պատշաճ պիտի նկատեն», նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին մէջ:

Յիշեցնենք, որ 11 յուլիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Ղեկավարները ընդգծած էին կարեւորութիւնը իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմանի հոլովոյթին, ինչ որ պիտի նպաստէ նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման:

Այս ծիրին մէջ անոնք յոյս յայտնած էին, որ 1 յուլիսին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին:

Ազդակ

Share