Ս. Մահսէրէճեան
Ի՞նչ ծնաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 9397-րդ նիստէն:
Մինչեւ ամբողջական տեղեկութիւններու մէկտեղումը, ստիպուած ենք աչքի առջեւ ունենալ այն մասնակի տեղեկութիւնները եւ տեղեկագիրները, ճառերը, որոնք կազմեցին Հայաստանի պահանջով 16 Օգոստոս 2023-ին գումարուած նիստին մասնակի պատկերը:
Նախ եւ առաջ քանի մը նկատողութիւն:
Նիստը տեղի ունեցաւ Միացեալ նահանգներու ներկայացուցիչին նախագահութեամբ: Այժմու նստաշրջանին նախագահը Միացեալ Նահանգներն է: Կարճ ճառ մը արտասանեց դեսպան Լինտա Թոմըս Կրինֆիլտ:
Հայաստանի դատին պաշտպանութիւնը վստահուած էր դիւանագիտութեան պետին՝ Արարատ Միրզոյեանի:
Տեղեկագիր մը ներկայացուց ղանացի ծագումով դիւանագէտ Էտէմ Վոսորնու, որ ՄԱԿի մարդասիրական հարցերու մէկ բաժանմունքին համակարգող-վարիչն է:
ՔԻՉ ՄԸ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
Եթէ վերոյիշեան ներկայացուցիչներուն եւ խօսք առնող այլ դեսպաններու արտայայտութեանց միջեւ հասարակ յայտարար մը որոնենք, նկատելի էր, որ ընդհանուր առմամբ ուղղակի եւ անուղղակի քննադատութիւններ ուղղուեցան Ազրպէյճանին, շեշտելով, որ ան փակ կը պահէ Լաչինի ճամբան, մարդկային աղէտի պատճառ կը դառնայ, պէտք է անյապաղ վերաբանալ կենսատու այդ ուղին, անսայ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին, Լա Հէյի Միջազգային ատեանի եւ այլոց կոչերուն ու նոյնիմաստ պահանջներուն: Մէկ խօսքով, անատամ բաներ:
Մանրամասնութիւննե՞ր:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ դեսպանը հարցին մօտեցաւ մարդկային տագնապի դիտանկիւնէն. սնունդի պակաս, անհատներու իրաւունքներ եւ ապահովութիւն, վեր առաւ Միջազգային Կարմիր խաչի մարդասիրական առաքելութիւնը՝ շուրջ 700 հիւանդներու փոխադրում: Յետոյ շեշտեց որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է խաղաղօրէն բանակցին, ինքնազսպումի դիմեն (յստակ էր, որ երկուքին միջեւ հաւասարութիւն մը կը գծուէր ոճրագործին եւ զոհին միջեւ…), նաեւ այն՝ որ Պաքու եւ Ստեփանակերտ պէտք է ուղղակի բանակցութիւն բանան: Ո՛չ մէկ քննադատութիւն կամ դատապարտանքի խօսք՝ Ազրպէյճանի ոճրային արարքներուն մասին, այլ նաեւ եզրափակում, թէ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ խաղաղութեան երկկողմանի եւ բազմակողմանի ճիգերուն:
ԷՏԷՄ ՎՈՍՈՐՆՈՒԻ տեղեկագիրը քիչ մը աւելի՛ քննադատական երանգ ունէր Ազրպէյճանի հասցէին: Ան հաստատեց, որ սննդանիւթի, դեղի, ուժանիւթի եւ այլ կենսանիւթերու տագնապ կայ (հոս ալ շեշտը մարդկային հարցերու վրայ), աւելցուց, որ իր կազմակերպութիւնը «անկախօրէն չէ կրցած հաստատել» այս տագնապներուն առկայութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճան մօտաւորապէս 3 տարիէ ի վեր կ’արգիէ ներկայացուցիչներու շրջան մուտքը: Ան ալ խօսեցաւ Միջազգային Կարմիր խաչի մարդասիրական առաքելութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, շեշտեց, որ պէտք է երթեւեկի ապահովման ձեւեր գտնուին եւ ակնարկութիւններ ըրաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին եւ Լա Հէյի ատեանի պահանջներուն:
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ճառը այլապէս ուշագրաւ էր: Ան քանիցս շեշտեց հարցը բազմակողմանի ճիգերով եւ ո՛չ թէ միակողմանի դասաւորումներով հետապնդելու ընտրանքին (պէտք է հասկնալ, որ միակողմանի ըսելով՝ ըսել կ’ուզէր, որ Ազրպէյճան կամայական եւ ինքնագլուխ քայլեր կառնէ), յետոյ յիշեցուց Հայաստանի յանկերգը, թէ՝ ճիգ կ’ընէ խաղաղութեան հասնելու համար, առանց մոռնալու կրկնուող խրատը, թէ Արցախը պէտք է բանակցի Ազրպէյճանի հետ. յետոյ մանրամասնօրէն խօսեցաւ Ազրպէյճանի (առանց բառը գործածելու) ոճիրներուն մասին, որոնց հետեւանքով՝ բնակիչներուն վիճակը կը վատթարանայ, ցեղային մաքրագործումի վտանգ կայ, Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները մատնուած են ոչարժանապատիւ կացութեան, մարդկային իրաւունքները չեն յարգուիր: Միրզոյեանի ճառին մէջ խարանող էին փաստերը՝ սովամահութեան եւ մարդկային աղէտի տանող վիճակները, Հայաստանէն կենսանիւթերու Արցախ չհասնիլն ու հետեւանքները: Թիւերով եւ թուականներով ներկայացուց վերջին տարիներու գագաթնային իրադարձութիւնները, պատերազմէն ետք զարգացումներ, Լաչինի ճամբու փակման փուլերը եւ մարկային տագնապը ծանրացնող դէպքեր, որոնք կը հետապնդեն ցեղասպանական նպատակ, յիշեցուց միջազգային շրջանակներէ Ազրպէյճանի ուղղուած կոչերն ու պահանջները: Ան եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է նոր ցեղասպանութիւնը կանխարգիլել, եւ ոչ թէ հարցը դիտել օր մը զանոնք ոգեկոչելու մօտեցումով:
Առաջին ակնարկով, Հայաստանի ներկայացուցիչին խօսքը բաւական խիստ դատապարտանք կը բովանդակէր Ազրպէյճանի հասցէին, սակայն եթէ քիչ մը քննական աչքով դիտենք, յստակ է, որ ան ալ հարցին կը մօտենար առաւելաբար մարդկային տագնապի մը ակնոցով, այնպէս, ինչպէս պիտի ընէր, օրինակի համար… Տարֆուրի, Ուքրանիոյ, Նիճէրի եւ տագնապահար այլ շրջաններու ժողովուրդներուն ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊ դիմագրաւելու դիտանկիւնէն: Անոր խօսքերուն մէջ անուղղակի կրկնութիւններ կային ՄԱԿի տեղեկագրողին եւ ամերիկացի դեսպանին խօսքերուն կարգ մը բաժիններուն: Կրնանք եզրակացնել, որ Միրզոյեան կրնայ «պրաւօ» մը շահիլ «անկողմնակալ դիտողներէ», սակայն վերջին հաշուով, անոր պաշտպանողականը, Ազրպէյճանի ուղղուած քննադատութիւններն ու ՄԱԿէն սպասումները կարելի է սեղմել ուսողութեան ու գիտութեան մէջ ծանօթ բանաձեւումով մը. «Կենսական, անհրաժեշտ բայց ոչ բաւարար» (Necessary but not sufficient!):
Ուշադիր ունկնդրութիւն մը եւ բնագիրներու ընթերցումե նաեւ ցոյց կու տայ, որ անուղղակի դատապարտում կայ ռուս խաղաղապահ ուժերուն հասցէին եւ հողի պատրաստութիւն՝ միջազգային աւելի լայնածիր միժամտութեան մը համար…
ԱՅԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ ԵՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ
Նշեցինք, որ արտայայտութեանց մէջ գերակշռողը՝ արցախցիներու ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԱԳՆԱՊ ՄԸ դիմագրաւելն էր եւ կրկնութիւնը Լաչինի ճամբուն վերաբացման պահանջներուն: Եղան նաեւ ազերիական քմահաճոյքին տուրք տուողներ, որոնք խօսեցան Աղտամի ճամբուն բացման ընտրանքին մասին:
Մեր այս սիւնակին նպատակը նիստին մանրամասն տեղեկագրումը չէ, այլ հպանցիկ այս նշումներով՝ կ’ուզենք անգամ մը եւս կանգ առնել ՄԱԿի եւ նմաններու այն յանցաւոր կրաւորականութեան առջեւ, որ նորութիւն չէ, իսկ աւելին սպասելու համար, աւելի քան անյետաձգելի է հատու, աւելի՛ ուժական քայլերու որդեգրումը:
Ապահովութեան խորհուրդի նիստը տեղի ունեցաւ դատապարտելի եւ յանցաւոր կրաւորականութիւն ցուցադրող դէպքերու ենթապատկերին առջեւ: Յիշատակենք նորագոյններէն մէկ քանին:
Տարօրինակ բանավէճ մը ծագեցաւ Եւրոպական միութեան դէտերուն եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ. ազերիները կրակեցին դէտերուն վրայ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց համապատասխան հաղորդագրութիւն, դէտերը ըսին, որ նման դէպք չէ պատահած, յետոյ հաստատեցին թէ թիրախաւորուած են, սակայն զոհ-վնաս չկայ: Գնա՛, հասկցի՛ր, թէ ինչպէ՞ս կրնաս նման հերքում ընել, երբ դուն ես թիրախաւորուածը: Հաւանաբար դէտերը Պաքուէն կանաչ լոյս սպասեցին, վստահ ըլլալու՝ որ նման հաստատում որեւէ հետեւանք պիտի չունենայ: Ի դէպ, եթէ զոհ կամ վնաս արձանագրուէր, բան մը պիտի փոխուէ՞ր: Աշխարհի այս կամ այն տաք կէտին վրայ բազմաթիւ դէտեր զոհ գացած են կամ վիրաւորուած: Հարցուցէ՛ք, օրինակի համար, ՖԻՆԻՒԼը հիւրընկալող լիբանանցիներուն…
Ա. Խ. նիստէն կարճ ատեն մը առաջ, ազերիները հայ զինուոր մը առեւանգեցին կրկնուող զրպարտանքներով: Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ մնացող գերի զինուորներուն հարցը մոռցուած է (իսկ անոնք վստա՛հաբար վճռած են ՉՆԵՐԵԼ Փաշինեանի, որ աւելի քան 2 տարի առաջ կը հաւաստէր, թէ մէկ-երկու ամիս բանտը մնալով՝ պիտի ներեն), պատանդներու թիւը նոր ոստումներ կ’արձանագրէ: Արդեօք «տակից» խօսակցութիւննե՞ր կը տարուին, որպէսզի ազերի ոճրագործներու հետ փոխանակութիւն մը սարքուի…
…Հայաստանի մէջ կեանքը «բնականոն կերպով» կը շարունակուի, եւ ինչպէս հեքիաթներու մէջ կ’ըսուի, «անոնք ապրեցան երջանիկ»: Փա՞ստ կ’ուզէք. կառավարութիւնը, ժողովուրդը մտահոգութենէ եւ ցաւերէ ձերբազատելու դիտաւորութեամբ, պատրաստած է ցանկը օտար երգիչներու եւ «Շօ պիզնէս»ի մարդոց, որոնք Հայաստան պիտի բերուին կառավարութեան պիւտճէէն յատկացումներով. խօսքը միլիոնաւոր տոլարներու մասին է: Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ նման ձեռնարկներ ժողովուրը քնացնելու, անոր ուշադրութիւնը էական հարցերէ հեռացնելու կը ծառայեն:
***
Քանի մը օր առաջ, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն, քաղաքական գործիչ մը արդարօրէն նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ ամէ՛ն գնով, արժանապատւութեան, իրաւունքներու, հողի եւ հայրենիքի կորուստներո՛ւ գնով խաղաղութիւն հետապնդելու փաշինեանական խմբակին մոլուցքը տարօրինակ է, որովհետեւ ո՛չ Ազրպէյճան, ո՛չ ալ Թուրքիա տրամադիր են երեւանցիներու ցանկացածին սահմաններուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, այլ անոնց նախապայմանը յստակ է. շրջանի քարտէսը՝ առանց Հայաստանի եւ հայկական պետութեան, իսկ եթէ ոմանք որոշ ատեն մը ընդունին թրքական տիրապետութեան տակ գոյութիւն քաշքշել, շուտով կրնանք հասնիլ Նախիջեւանի եւ նման շրջաններու հայերու ճակատագիրին: Ախտաճանաչումը մեր յիշողութեան մէջ արթնցուց զուարճալի անեկդոտ մը (թէեւ մեր վիճակը կատակ չի վերցներ): Հոգեկան հիւանդ մը հոգեբուժի մը դիմեր է, ըսելով, որ հաւերէ կը վախնայ, որովհետեւ ինքզինք ցորենի հատիկ կը կարծէ, ամէն անգամ որ հաւ մը տեսնէ, փախուստ կու տայ, որպէսզի զինք չուտէ: Հոգեբուժը երկար ատեն փորձած է դարմանել ջլախտաւորը, թէ՝ ինք հատիկ չէ, պէտք չունի հաւերէ վախնալու: Դարմանումը արդիւնք տուեր է եւ մարդը ըսեր է. այլեւս հաւերէ պիտի չվախնամ: Հոգեբուժը գոհունակութեամբ շնորհաւորեր է ապաքինած մարդը եւ զայն ճամու դրեր: Ժամ մը ետք, մարդը սարսափահար վերադարձեր է դարմանատուն, թէ՝ հաւ մը ետեւէն ինկած է: «Բայց չէ՞ որ համոզուեցար, թէ դուն հատիկ չես ու պէտք չունիս հաւերէ վախնալու», յիշեցուցեր է հոգեբուժը: «Ես համոզուեցայ, սակայն հաւը լուր ունի՞», հարցուցեր է զարհուրած մարդը…