Միացեալ Նահանգներ Կը Հրապարակէ Հայաստանի Վերաբերեալ Իր Ռազմավարութիւնը, Որ Ակնյայտօրէն Հիմնուած Է Ամերիկայի Շահերուն Վրայ

Միացեալ Նահանգներ Կը Հրապարակէ Հայաստանի Վերաբերեալ Իր Ռազմավարութիւնը, Որ Ակնյայտօրէն Հիմնուած Է Ամերիկայի Շահերուն Վրայ

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com


Միացեալ Նահանգներու Պետական բաժանմունքը իր կայքին մէջ տեղադրած է ծաւալուն փաստաթուղթ մը, ուր նկարագրուած է ԱՄՆ կառավարութեան՝ 175 երկիրներու, որոնց շարքին՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յառաջիկայ չորս  տարիներու յարաբերութիւններու ռազմավարութիւնը։ Հայաստանի վերաբերեալ 16 էջնոց բաժինը թուագրուած է 2 Մայիս 2022։ Փաստաթուղթը  վերնագրուած է՝ «Համարկուած երկրի ռազմավարութիւն»:

Նշեալ Ռազմավարութիւնը  նպատակներ եւ խնդիրներ կը սահմանէ՝  Պետական քարտուղարութեան, ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի մէջ ծրագրաւորող ԱՄՆ պետական այլ մարմիններու միջեւ համակարգուած եւ միացեալ ծրագրաւորման ջանքերու միջոցով: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ հիմնական նպատակը Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերու պաշտպանութիւնն է։ Անիկա յստակ ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նպատակն է նուազագոյնի հասցնել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ՝ միաժամանակ առաւելագոյնի հասցնելով ԱՄՆի շահերը։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ բոլոր երկիրները կը ձգտին ընդարձակել իրենց ազդեցութիւնը աշխարհի մէջ։ Հաշուի առնելով՝ ուքրանական պատերազմի մէջ Ռուսիան ընդդէմ Արեւմուտքի առճակատումը, ԱՄՆի հակադրութիւնը Ռուսիոյ հանդէպ բազմապատիկ աճած է:  Այս կը  հաստատուի նոյնինքն փաստաթուղթի յայտարարութեամբ. «ԱՄՆի դերը աւելի կարեւոր կը դառնայ, որովհետեւ տարածաշրջանային լարուածութիւնը կը սաստկանայ, ի հետեւանք Ռուսիոյ՝ Ուքրանիա կատարած ներխուժման»:

Բացի հակառուսական իր հեռանկարէն, Միացեալ Նահանգներ Հայաստանը կը ներքաշէ Չինաստանի եւ Իրանի դէմ ունեցած իր  թշնամանքին  մէջ՝  Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ հետագայ  միջամտութեամբ։  Փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի․ «Ուժեղացնել գործընկերներու եւ դաշնակիցներու կարողութիւնը՝ դիմակայելու  եւ հակազդելու  ազդեցութեան գործողութիւններուն եւ ապատեղեկատուութեան, մասնաւորապէս Ռուսիոյ եւ ՉԺՀ-ի (Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն). հակազդել Ռուսիոյ, ՉԺՀ-ի, Իրանի եւ այլ պետութիւններու պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու ռազմավարական, սովորական եւ տարատեսակ սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ զարգացող-խանգարող արհեստագիտութեանց, որոնք կը սպառնան ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի ապահովութեան, Եւրոպայի մէջ եւ անկէ անդին»:

ԱՄՆ փաստաթուղթին մէջ նաեւ  կը նսեմացուի  Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան, քանի որ վերջինիս միւս անդամներն են Պելառուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզիստան եւ Ռուսիա։  Փաստաթուղթին մէջ արձանագրուած է. «Հայաստանի մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կրնայ սահմանափակել առեւտուրը ԵԱՏՄ անդամ չհանդիսացողներու հետ, որովհետեւ անիկա կը  համապատասխանէ ԵԱՏՄ վատ ծրագրուած կամ իրականացուած չափանիշներուն կամ կը ներկայացնէ անհասկնալի փաստաթղթային պահանջներ»։ Ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ կը թաքցուի այն փաստը,  որ Հայաստան 1 Մարտ 2021-ին ստորագրած է «Եւրոպական միութիւն-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը (CEPA)»՝ եւրոպական երկիրներու հետ առեւտրային եւ այլ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով։

Նմանապէս, ԱՄՆ փաստաթուղթի մէջ  կը նսեմացուի Հայաստանի անդամակցութիւնը Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ռազմական դաշինքին, որուն միւս անդամներն են Պելառուսիա, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Ռուսիա եւ Տաճիկիստան։

Փաստաթուղթի առաջին պարբերութեան մէջ կը կարդանք. ԱՄՆ-ի նպատակն է «առաջ մղել ամերիկեան շահերը՝ օգնելով Հայաստանին յաջողութեան հասնելու՝ իբրեւ ապահով, բարգաւաճ եւ ժողովրդավարական երկիր, խաղաղութեան մէջ ըլլալով իր դրացիներուն  հետ եւ աւելի սերտօրէն համարկուելու եւրօ-աթլանթեան հանրութեան»: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ 2020ի Արցախեան պատերազմին մէջ Հայաստանի կրած պարտութիւնը, եւ անոր սահմանին երկայնքով շարունակուող լարուածութիւնը «կը կարեւորեն ԱՄՆի՝ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահի, դերն ու դիւանագիտական ​​այլ ջանքերը՝ բարելաւելու համար Հայաստանի  կապերը  իր  դրացիներուն  հետ»։ Ասիկա ապակողմնորոշիչ յայտարարութիւն է, որովհետեւ Մինսքի խումբը այլեւս գոյութիւն ունի միայն  թուղթի վրայ, քանի որ Ռուսիա՝ իբրեւ Մինսքի խումբի երեք համանախագահներէն մէկը, չ՛ընդունիր անոր կենսունակութիւնը, իսկ Ատրպէյճան լիովին կը մերժէ անոր միջնորդական ջանքերը։ Միացեալ Նահանգներ պարզապէս կ՛օգտագործէ չգործող Մինսքի խումբը իբրեւ գործիք՝ հակազդելու համար Ռուսիոյ միակողմանի գործողութիւններուն, արցախեան հակամարտութեան մէջ։ Երկրորդ պատրուակը, որ Միացեալ Նահանգներ  միջամտած է  Հայաստանի ներքին որոշումներուն, հետեւեալն է՝ «օգնել Հայաստանին, որպէսզի կարգաւորէ յարաբերութիւնները իր դրացիներուն հետ», նկատի ունենալով Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, բայց ոչ՝ Իրանը: Այս պահուն Հայաստանի յարաբերութիւնները շատ աւելի կարեւոր են աջակցող Իրանի, քան թշնամական Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։

Որեւէ թիւրիմացութենէ խուսափելու համար  նշեմ, որ  ես  նոյնքան  դէմ եմ Ռուսիոյ անտեղի ազդեցութեան՝ Հայաստանի ներքին գործերուն վրայ․ անիկա պէտք չէ ըլլայ որեւէ երկրի ազդեցութեան  տակ եւ պէտք է կարենայ կառավարել իր արտաքին յարաբերութիւնները՝ առաւելագոյնի հասցնելու համար ազգային սեփական շահերը։ Հայաստանին անհրաժեշտ է բազմակողմանի  արտաքին քաղաքականութիւն, բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացում աշխարհի շատ երկիրներու հետ, որոնց շարքին՝ Մերձաւոր Արեւելքի (արաբական երկիրներ, Իրան եւ Իսրայէլ), Ասիոյ (Չինաստան եւ Հնդկաստան), Ափրիկէի, Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ հետ։ Միայն մէկ ուժի վրայ յոյս դնելը, անկախ անկէ, թէ ո՛ր ուժի վրայ, կրնայ յանգեցնել միայն հիասթափութեան եւ Հայաստանի վրայ անտեղի ազդեցութեան։

ԱՄՆ փաստաթուղթի մէջ քանի մը անգամ կրկնուած է, որ «Հայաստան ամրապնդած է իր հաւատարմութիւնը դէպի ժողովրդավարական ուղի, որ կը յարգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները, թէեւ աւելի շատ յառաջընթաց  կը պահանջէ»: Բարեբախտաբար, Պետական քարտուղարութիւնը ընդունած է, որ «աւելի շատ յառաջընթաց կը պահանջուի»: Փաստաթուղթի մէկ այլ մասին մէջ Միացեալ Նահանգներ ճշմարտօրէն ընդունած է՝ «Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ քայլերու  ձեռնարկած է ընկերային եւ մարդկային իրաւունքներու հետ կապուած մտահոգութիւնները բարելաւելու համար, սակայն յառաջընթացը միանշանակ չէ»: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ 2018ին՝ որդեգրելով ժողովրդավարական կառավարման իտէալները։ Ցաւօք, ան շեղած է ժողովրդավարութեան սկզբունքներէն՝ հաստատելով միանձնեայ բռնապետական  իշխանութիւն, կայացնելով կառավարական բոլոր որոշումները Նախարարներու խումբի, խորհրդարանի, նախագահի եւ դատարաններու անունով: Քանի որ Փաշինեան վանած է հայերու մեծամասնութիւնը, անոր ժողովրդականութիւնը երկրի ներսը չափազանց տուժած է՝ 2018ի ամենաբարձր՝ 80 տոկոսէն իջնելով մինչեւ մօտ 30 տոկոսի ցած մակարդակը: Անտեսելով մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ ժողովրդավարութեան անկումը Հայաստանի մէջ՝ Միացեալ Նահանգներ պարզապէս կը հիասթափեցնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերը, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերը, որոնք կասկածի տակ կը դնեն ժողովրդավարութեան հանդէպ ԱՄՆի հաւատարմութիւնը, որ կ՛արտայայտուի միայն խօսքով, բայց ոչ գործով։

Երբ ԱՄՆ կառավարութիւնը եւ Երեւանի մէջ անոր դեսպանատունը կը լռեն Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու մասին, ասիկա ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներ, հակառակ իր յայտարարութիւններուն, լուրջ չի վերաբերիր՝ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան բարելաւման հարցին։  Նմանապէս, երբ Ատրպէյճան պարբերաբար կը յարձակի եւ կը սպաննէ հայեր, մինչ Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւնը նուազեցնելու կոչ կ՛ընէ երկու կողմերուն, Միացեալ Նահանգներ կը կորսնցնէ իր վստահութիւնը Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս ապրողներու աչքին:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share