Թրքական դասագիրքերը ժխտելով փոքրամասնութիւններուն ցեղասպանութիւնը աշակերտներուն ուղեղները կը լուան

Թրքական դասագիրքերը ժխտելով փոքրամասնութիւններուն ցեղասպանութիւնը աշակերտներուն ուղեղները կը լուան

Յարութ Սասունեան

www.TheCaliforniaCourier.com

Ուզէյ Պիւլիւթ՝ թուրք հետազօտական լրագրող մը, կը հրատարակէ «Կէյթսթոն» հիմնարկի կայքէջին մէջ յօդուած մը որ վերնագրուած է՝ «Թրքական դասագիրքերը՝ Պատմութիւնը կը շրջեն գլխիվայր»։

Պիւլիւթ կը գրէ.- «Թրքական իշխանութիւնը թիրախ դարցուցած է Անաթոլիոյ մէջ իր բնիկ ժողովուրդը, իսկութեան մէջ՝ պոնտոսեան (pontic) յոյներն ու հայերը։ Քսաներորդ դարուն, Օսմանական թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններով բնաջնջեց վերոնշեալ ժողովուրդները, ցեղասպանութեան միջոցով»։

Պիւլիւթ բացատրեց.- «Սակայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՚անդրադառնայ այդ ցեղասպանութիւններուն իբրեւ հայկական եւ յունական «անհիմն պնդումներ»։ Թրքական Պատմութեան դասագիրքերուն մէջ այդ հատուածները նախապէս կը խորագրուէին իբրեւ «Պոնտոսեան խնդիրը», եւ «Հայկական հարցը»։ Սակայն հիմա անոնք վերնագրուած են «անհիմն պոնտոսեան պնդումներ» եւ «անհիմն հայկական պնդումներ»։

Թուրքիոյ կառավարութիւնը նաեւ կը ժխտէ հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն բնիկ ժողովուրդի հանգամանքը այն հողերուն վրայ ուր թուրքերը քանի մը դար ետք միայն պիտի հաստատուէին, բռնագրաւէին հողերը եւ ջարդէին այնտեղ արդէն ապրող բնակիչները։

«Մահմետական թուրքերը, միջին Ասիոյ տարածքներէն կը հասնին Հայկական բարձրաւանդակը եւ Անաթոլիա, ինչ որ այն ժամանակ Բիւզանդական տիրապետութեան տակ կը գտնուէր, միայն ԺԱ դարուն։ Զինուորական արշաւանքներով, մահմետական թուրքերը գրաւեցին դարեր շարունակ ապրող բնիկ քրիստոնեաներուն գիւղերն ու քաղաքները։ Օսմանեան թուրքերը վերջապէս խուժեցին Կոստանտնուպոլիս (այսօրուան Իսթանպուլ) ԺԵ դարուն, իրենց հետ բերելով աւեր եւ փլուզում բիւզանդական կայսրութեան։ Յետ ներխուժման, տարածուեցան քրիստոնէութեան եւ անոր մշակոյթային ժառանգութեան դէմ հալածանքները», կը գրէ Պիւլիւթ։

Դժբախտութիւնը այն է որ երիտասարդ դպրոցական թուրքերը, որոնք ոչ իսկ գաղափար ունին իրենց հայրենիքի իսկական պատմութեան մասին, իրենց ուղեղները կը լեցուին սուտերով իրենց երկրին ծագումին մասին, եւ կը սնանին ատելութեամբ փոքրամասնութիւններուն մնացորդացին նկատմամբ։ Հետեւաբար, այդ երիտասարդները կը դառնան չափահասներ որոնք թութակաբար կը կրկնեն նոյն սուտերը որ սորված են իրենց դպրոցէն – ժխտելով Օսմանեան թուրքիոյ իրագործած ցեղասպանութիւնները հայ, ասորի եւ յոյն բնիկ ժողովուրդին վրայ։ Այս թուրք երեխաները յանցաւոր չեն չիմանալուն համար իրենց երկրին ճշմարիտ պատմութիւնը եւ ոչ ալ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ ցեղասպանութեան մասին։ Անոնք սնանած են այն կեղծիքով թէ այդ փոքրամասնութիւնները կ՚ապրէին ուրախ ու խաղաղ Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ մինջեւ որ եւրոպական ուժերը իրենց հրահրեցին որ ապստամբին կառավարութեան դէմ։ Բայց ճշմարտութիւնը ճիշդ հակառակն է՝ Օսմանեան կայսրութեան տակ ապրող փոքրամասնութիւնները միշտ կը ճնշուէին, կը ստրկացուէին. Յարձակումներու կ՚ենթարկուէին, կը կողոպտուէին, կ՚արեւանգուէին, կը բռնաբարուէին, կը ջարդուէին, եւ այս ընթացքը իր գագաթնակետին հասաւ 1915-ի ցեղասպանութեամբ։ Այս փոքրամասնութիւնները նոյնիսկ երկրորդ դասակարգի քաղաքացիներ չէին նկատուէր։ Անոնք չէին վայելեր ոչ մէկ իրաւունք, եւ կը մնային իրենց վայրագ դրացիներուն կամեցողութեանց տակ։ Պիւլիւթ կը մատնանշէ թուրք երեխաներուն ուսումը իբրեւ «ապատեղեկութիւն, դիտումնաւոր խեղաթիւրում եւ պատմական վերաքննարկում»։

Այս պարզապէս հայ-թրքական վէճ մը չէ։ Թրքական կառավարութիւնը շատ ալ լաւ գիտէ որ ցեղասպանութեան մեղադրանքները փաստացի են եւ Օսմանեան կայսրութեան արխիւներուն մէջ կան իրականութեան ապացոյցեր, նոյնիսկ ընտրովի մաքրագործութիւններէ ետք։

2007-ին, Համաշխարհային Ցեղասպանութեան ընկերակցութեան մասնագէտները բանաձեւ մը ընդունեցին ուր կը նշեն.- «Համաշխարհային Ցեղասպանութեան ընկերակցութեան մասնագէտներու համոզումն է որ Օսմանեան Կայսրութեան  արշաւը  Քրիստոնէական փոքրամասնութիւններուն վրայ, 1914 թուականէն 1923, ցեղասպանութիւն կը նշանակէ հայերու, ասորիներու, պոնտnսեան եւ անաթոլեան յոյներու»։

Ըստ Տոքթ. Կրեկորի Հ. Սթանթընի՝ նախագահ Ցեղասպանութեան դիտորդի (Genocide Watch), ժխտումը վերջին հանգրուանն է ցեղասպանութեան.- «Ժխտումը շարունակութիւնն է ցեղասպանութեան քանի որ ան կը շարունակէ իր ջանքերը ոչնչացնելու համար զոhերը, հոգեբանական եւ մշակութային գետնի վրայ, ժխտելով անդամներուն, նոյնիսկ իրենց հարազատներուն, սպաննութիւններուն յիշողութիւնը»։

Աւելին՝ կը յանձնարարեմ որ թուրքիոյ հպարտ քաղաքացիները զգոյշ լսեն ճշմարտախօս խոստովանութիւնը արդի թուրքիոյ հիմնադիր՝ Քեմալ Աթաթուրքի խօսքերը, Լոս անճըլըս Էքզամինըր օրաթերթին հարցազրոյցի ընթացքին որ լոյս տեսաւ 1926-ի Օգոստոս 1-ին.- «Նախորդ Երիտասարդ Թուրքեր կուսակցութենէն մնացորդները պէտք է հաշիւ տան միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակներուն որոնք անգթաբար զանգուածօրէն բռնի տեղահանուեցան եւ ջարդուեցան»։ Յուսամ որեւէ թուրք քաղաքացի այնքան յիմար չի գտնուիր ըսելու համար թէ իր հայրենիքի հիմնադիր՝ Աթաթուրքը ստախօս մըն է, գիտնալով որ ան եթէ կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններէն ներս անյապաղ կը ձեռբակալուի եւ եթէ արտասահման է, վերադարձին իսկ կ՚ արժանանայ նոյն ճակատագրին։

Թուրք կառավարութիւնը, վերջապէս, պէտք է ընդունի իրականութիւնը, եւ ուսուցանէ անմեղ թուրք երեխաներուն ճշմարտութիւնը, այդ բոլոր ողբերգական իրականութիւնը պատմութեան, ջարդերուն, եւ ցեղասպանութեան մասին, ճշդելով որ ոչ այսօրուան թուրք կառավարութիւնը ոչ ալ երիտասարդութիւնը պատասխանատու է այդ անգթութիւններուն։ Անոնք ողջ իսկ չէին այն ժամանակ։ Իւրաքանջիւր երկիր ունի իր պատմութեան մթագոյն բիծերը, բայց փոխանակ զանոնք քօղարկելը, պէտք է ճշմարտօրէն ընդունիլ- լաւն ու վատը հաւասարաբար։ Միայն այս ճամբով է որ երկիր մը կրնայ շրջանցել իր ստուերոտ ժամանակները եւ անցնիլ ընդառաջ։ Տե՛ս Գերմանիոյ օրինակը, ան ընդունեց պատասխանատուութիւն իր գործած մեղքերը Հոլոքոսթի եւ անոնց հատուցումը տուաւ։ Այլապէս՝ թուրքիոյ ապագայ սերունդները պիտի տեւական ջանան ժխտել եւ ստել  իրենց ամօթալի անցեալին մասին, եւ մի՛շտ պիտի ունենան այդ խղճի խայթը, բանի մը համար որ իրենք բոլորովին մասնակից չէին։ Սակայն իրենց խօսած սուտերն ու ժխտումներու շարքը պիտի իրենց եւս մեղսակից դարձնէ այդ նախկին ոճրագործութիւններուն։

Թարգմանիչ՝ Կարէն Շահէ Ճինպաշեան

Share