Փաշինեանին՝ թրքական բարենիշեր

Փաշինեանին՝ թրքական բարենիշեր

Ա.Ա.

   Հայաստանի վարչապետին՝ թրքական բարենիշեր, որովհետեւ հրաժարած է պատմական Հայաստանի գաղափարէն եւ հայութենէն կը պահանջէ գոհանալ ներկայ Հայաստանով։ Բարենիշերը թրքական պետութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, լրագրողներու եւ թրքական պետական մտածողութեան զարգացման նպաստող պետական դէմքերու եւ  հասարակական գործիչներու կողմէ տրուած են, նկատի ունենալով,որ Երեւան նստած վարչապետը Հայ Դատի տասնամեակներու պայքարը եւ ձեռքբերումները կը ջրէ ու կը մերժէ, նախ որդեգրելով թրքական պետական այն մտածողութիւնը, թէ պէտք է գիտնալ ու իմանալ մահացած հայերուն հասցէները։ Ապա՝ յայտարարելով,որ դուրսը նստած մարդիկ բանաստեղծական զեղումներով Պատմական Հայաստան կը ստեղծեն եւ ասիկա մեծապէս կը վնասէ իրական Հայաստանի ստեղծման եւ հզօրացման։ Թուրքերուն համար Փաշինեան իտէալական պետական գործիչ մըն է, որ վարչապետութեան աթոռին նստած յառաջ կը մղէ թրքական պահանջները։ Միթէ թուրքերուն հաշւոյն չի՞ գար, երբ Հայաստանի վարչապետութիւնը ստանձնած անձը կը պայքարի Պատմական Հայաստանի տեսլականին անհետացման եւ ջնջման համար։Թուրք որ պետական պաշտօնատարը պիտի չուրախանայ, թէ ահա Հայաստանի վարչապետն է, որ կը բարբաջէ, թէ մոռցէ՛ք Պատմական Հայաստանը եւ գոհացէք ներկայ Հայաստանով, որուն ինքնիշխան տարածքներէն կրնան Ատրպէյճանի տրուիլ, որպէսզի յաղթականները պարտեալներուն դէմ դարձեալ պատերազմ չյայտարարեն։

    Փաշինեանի ապահովութեան հսկողութիւնը թուրք յատուկ ջոկատայիններու վստահելու մասին թուրք հանրածանօթ լրագրող Նեւզէթ Չիչէքի առաջարկը աստղերով զարդարուած բարենիշ մըն է, որ կը տրուի Փաշինեանի, իբրեւ վարձատրութիւն Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ առհասարակ Հայ Դատէն հրաժարելու անոր կեցուածքներուն, որոնք աւելի համոզում եւ Երեւանի պետական քաղաքականութեան մէջ ներմուծուած դրոյթներ կը թուին ըլլալ։ Չիչէքի համաձայն, թրքական հասարակական- պետական շրջանակներու մեծ մտահոգութիւն պատճառած է Փաշինեանը փոխադրող ուղղաթիռին դէպքը։ Այնքան մը, որ մտավախութիւն ստեղծուած է, թէ Հայաստանի վարչապետութեան աթոռը գրաւած անձին դէմ մահափորձ մը կրնար կատարուիլ, սակայն փառք Աստուծոյ ուղղաթիռը ապահով էջք կատարած է եւ Փաշինեանն ալ փրկուած է «մահափորձ»-էն։

     Փաշինեանի տրուած թրքական երկրորդ բարենիշին հեղինակը Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Հուլուսի Քըլըճն է, որ գովաբանած եւ շնորհաւորած է Փաշինեանը, որովհետեւ ան կը տեսնէ իրականութիւնները՝ իբրեւ «հայ ժողովուրդի ապագային մասին մտածող առաջնորդ», որ չ՛ուզեր հարցերը գալիք սերունդներուն ձգել։ Քըլըճի համար Փաշինեան այն առաջնորդն է, որ կարողութիւնը եւ կամքը դրսեւորած է՝ տեսնելու ամբողջ իրականութիւնը, թէ սխալ է պատմական հողերու գաղափարը։

    Եւ ահա երրորդ բարենիշ մը՝ Փաշինեանի եւ անոր գլխաւորած քաղաքական հոսանքին։ Ասիկա պետական բարձրագոյն կարգի բարենիշ մըն է, որ կը շնորհուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ, որուն կարծիքով Թուրքիա եւ Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստանի իշխանութիւններէն վտանգ չեն զգար։Այլ վտանգը, որ իրական է, կու գայ հայկական Սփիւռքէն եւ հոն գործող հայկական կազմակերպութիւններէն, որոնք կը շարունակեն Հայ Դատի պայքարը։Ըստ Էրտողանի, Փաշինեան առաջին հերթին պէտք է ձերբազատի Սփիւռքի վատ ազդեցութիւններէն։Իսկ եթէ ուշադրութեամբ հետեւինք Երեւանի վարած քաղաքականութեան, թրքական խրատներուն անսալու պատրաստակամութիւնը առաւել քան յստակ կը դառնայ։ Էրտողան յստակատես անձ մըն է, որ կը զգայ, թէ իսկական վտանգը կու գայ հայկական Սփիւռքէն, որ տասնամեակներէ ի վեր կը պաքարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու համար։

      Այս երեք բարենիշերուն լոյսին տակ, կրնանք կասկածիլ, թէ Երեւանի իշխանութիւնները որուն խամաճիկն են։ Անգարայի եւ Պաքուի՞։ Մանաւանդ որ Փաշինեանի կատարած յայտարարութիւնները՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Պատմական Հայաստանի մասին, հարիւր առ հարիւր կը համընկնին թուրքեւատրպէյճանական ճակատին շահերուն եւ քաղաքական մօտեցումներուն։

Share