Թուրքիա կ՛աջակցի արտերկրի իր քաղաքացիներուն, մինչդեռ Հայաստան կը վանէ իր սփիւռքը

Թուրքիա կ՛աջակցի արտերկրի իր քաղաքացիներուն, մինչդեռ Հայաստան կը վանէ իր սփիւռքը

Յարութ Սասունեան 

http://www.TheCaliforniaCourier.com

Հայաստան շատ մեծ Սփիւռք ունի, որ կը գնահատէ եօթը միլիոն՝ Հայաստանի բնակչութեան աւելի  քան կրկինը։ Հայաստանի իրարայաջորդ իշխանութիւնները այս վիթխարի հարստութեան միայն չնչին մասը ներգրաւած են ի շահ հայրենիքին: Սփիւռքը Հայաստանի ամէնէն կարեւոր աջակիցն է, սակայն կ՛անտեսուի: Ասիկա նման է սովահար  մարդու մը, որ կ՛անտեսէ ադամանդներով լեցուն իր պայուսակը։

Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Սփիւռքի աջակցութիւնը ներգրաւելու փոխարէն, ճիշդ հակառակը ըրած է՝ խոչընդոտներ ստեղծելով Սփիւռքի մասնակցութեան համար Հայաստանի զարգացման գործին մէջ: Սփիւռքահայերը զրկուած են ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունքէն եւ արգիլուած է անոնց՝ բարձր պաշտօններ զբաղեցնելը: Նոյնիսկ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող, բայց արտերկիր ապրողներուն չի թոյլատրուիր քուէարկել Հայաստանի դեսպանատուներու կամ հիւպատոսութիւններու մէջ։

Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը ամէն ինչ ըրած է, որ քանդէ միակ կամուրջը, որ գոյութիւն ունէր հայրենիքի եւ իր մեծ Սփիւռքին միջեւ՝ փակելով Սփիւռքի նախարարութիւնը: Փոխարէնը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անխոհեմաբար «Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար» նշանակեց ոչ պիտանի սփիւռքահայ մը՝ Զարեհ Սինանեանը։ Սինանեան ամբողջ աշխարհը կը շրջի Հայաստանի հարկատուներուն հաշուոյն՝ Փաշինեանի վարչակարգին համար քարոզչութիւն իրականացնելու նպատակով:

Մինչդեռ,  թրքական հզօր կառավարութիւնը, գիտակցելով իր սփիւռքին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունենալու օգուտները, մեծ արշաւ սկսած է՝ ամրապնդելու համար իր կապերը աշխարհի տարբեր երկիրներու թուրքերու հետ:

Թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ Nordic Monitor կայքէջին մէջ հրապարակած է յօդուած՝ «Թուրքիան կ՛ընդլայնէ իր սփիւռքի ներգրաւուածութիւնը՝ արտերկրի մէջ քաղաքական նպատակներու հասնելու համար» վերնագիրով։ Ան կարեւոր մանրամասնութիւններ կը յայտնէ իր սփիւռքին հետ Թուրքիոյ մօտեցման մասին:

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը նախատեսէ արտերկրի մէջ ընդլայնել իր աջակցութիւնը սփիւռքի խումբերուն, ինչպէս ֆինանսական, այդպէս ալ այլ միջոցներով, նպատակ ունենալով խթանել աւելի ամուր  նուիրուածութիւն  Թուրքիոյ նկատմամբ, յաղթահարել իրաւական եւ վարչական մարտահրաւէրները՝ հիւրընկալող երկիրներու մէջ, խրախուսել աշխուժ քաղաքական ներգրաւուածութիւն եւ կապեր հաստատել ոչ թրքական կրօնական համայնքներու հետ», կը գրէ Պոզքուրթ։

Թրքական կառավարութեան սփիւռքի գործակալութիւնը՝ «Արտասահմանեան թուրքերու եւ յարակից համայնքներու նախագահութիւնը» (թուրքերէն՝ YTB), պատրաստած է 71 էջնոց պաշտօնական զեկոյց՝ «Ռազմավարական ծրագիր 2024-2028 թուականներու համար», որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ գործակալութեան յատուկ նպատակները, տեսլականը, առաքելութիւնը եւ «սփիւռքի համայնքի մօտ եօթը միլիոն  անդամներու զօրաշարժման ռազմավարութիւնը՝ թրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը առաջ մղելու համար»:

YTB-ի նպատակն է «աջակցիլ Թուրքիոյ յաւակնութիւններուն` դառնալու աշխարհի յառաջատար տէրութիւններէն մէկը, տեսլական մը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ձեւակերպուած է իբրեւ «Թուրքիոյ դար»։

YTB «քաղաքականութեան քանի  մը գործողութիւններ առաջարկած է Էրտողանի կառավարութեան։ Ան կոչ ըրած է օգտագործել իր դիւանագիտական ազդեցութիւնը եւ հանրային դիւանագիտութեան գործիքները՝ ճնշում գործադրելու օտար երկիրներու վրայ՝ ջնջելու սահմանափակումները թրքական սփիւռքի խումբերու հանդէպ։ Օտար երկիրներու մէջ մահմետական կրօնական այլ խումբերու հետ համագործակցութիւնը YTB-ի կողմէ ներկայացուած է եւս իբրեւ մէկ առաջարկ՝ թրքական սփիւռքի նկատմամբ սահմանափակումները յաղթահարելու համար»:

YTB կը տրամադրէ նիւթական հովանաւորութիւն, լոճիսթիք եւ արհեստագիտական աջակցութիւն թրքական սփիւռքի խումբերու գործունէութեան համար, ամբողջ աշխարհի տարածքին: YTB վերջերս Անգարայի մէջ մասնակցած է Միջազգային դեմոկրատներու միութեան (UID) կողմէ կազմակերպուած ծրագիրին. կազմակերպութիւն, որ կը գործէ իբրեւ արտաքին շահերու խումբ եւ կը ներկայացնէ Էրտողանի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (AKP) արտասահմանի մէջ։

YTB-ի զեկոյցին մէջ կը նշուին այն խումբերը, որոնք դէմ են թրքական կառավարութեան քաղաքականութեան՝ զանոնք անուանելով «ահաբեկիչներ»: «YTB ըսած է, որ այս ընդդիմադիր խումբերը կը խաթարեն թրքական կառավարութեան հանրային դիւանագիտութեան ջանքերը, պառակտում կը սերմանեն սփիւռքի մէջ եւ քաղաքական ու անվտանգային ռիսքեր կը ներկայացնեն Էրտողանի կառավարութեան հետ համագործակցող  խումբերու համար»:

YTB յայտարարած է, որ թրքական սփիւռքի ուսանողները, որոնք թրքական կառավարութենէն կրթաթոշակներ կը ստանան Թուրքիոյ մէջ ուսումնառութեան համար, «կը դառնան կամաւոր թուրք դեսպաններ»: YTB-ն նաեւ առաջարկած է, որ այս ուսանողները կապուած ըլլան «արտաքին առեւտուրով զբաղող թրքական ընկերութիւններու հետ», որպէսզի անոնք կարենան «դառնալ տնտեսական դերակատարներ» իրենց ապրած երկիրներուն մէջ։

Աւելի վտանգաւոր է, որ «YTB աշխուժօրէն կը համագործակցի թրքական կառավարական այլ կառոյցներու, մասնաւորապէս թրքական հետախուզական գործակալութեան՝ MIT-ի (Milli İstihbarat Teşkilatı) հետ եւ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ լրտեսական գործակալութեան հաւաքագրման աղբիւր արտասահմանեան սփիւռքի համայնքներուն մէջ: Այս կ՛ընդգրկէ փոխանակման ուսանողները, որոնք պետական կրթաթոշակներով ուսանած են Թուրքիոյ մէջ: Թրքական դեսպանատուներուն յանձնարարուած է բոլոր միջոցներով օգնել YTB-ի աշխատանքին, օտար երկիրներու մէջ »։

YTB նաեւ կը համագործակցի «ոչ թրքական խումբերու հետ, որոնք կը կոչուին «յարակից համայնքներ», որոնք կը ներառեն համաշխարհային իսլամիստական ցանցերը, ինչպիսիք են «Մուսուլման եղբայրները» եւ «Հիզպ ութ-Թահրիր» ցանցերը, ի շարս այլոց»:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը YTB-ի տրամադրած է 544.2 միլիոն տոլար ընդհանուր պիւտճէ, 2024-2028 թուականներու համար. 2024-ին՝ 61,5 միլիոն տոլարէն սկսեալ, 2025-ին՝ աճելով մինչեւ 83,5 միլիոն տոլար, 2026-ին՝ 103.3 միլիոն տոլար, 2027-ին՝ 133.5 միլիոն տոլար եւ 2028-ին՝ 162.4 միլիոն տոլար:

YTB ուշադիր կը հետեւի 170 երկիրներու պետական կրթաթոշակ ստացած 15 հազար օտար ուսանողներու գործունէութեան: 6 Մայիսի իր ելոյթով նախագահ Էրտողան բացայայտեց, որ կան նաեւ 340 հազար օտար ուսանողներ 198 երկիրներէ։ «Բացի այդ, գործակալութիւնը (YTB) կը համակարգէ համագործակցութեան ջանքերը աւելի քան 150 հազար շրջանաւարտներու հետ, որոնք իրենց կրթութիւնը ստացած են Թուրքիայէն: Էրտողանի կառավարութիւնը նաեւ կը հովանաւորէ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ կ՛աջակցի անոնց, որպէսզի լրացնեն YTB-ի գործունէութիւնը՝ 92․5 միլիոն տոլար պիւտճէով: Այս ծրագիրին հիմնական շահառուներէն մէկը UID-ն է՝ նախագահ Էրտողանի երկար ձեռքը արտերկրի մէջ»։

Հայաստանի ղեկավարները կրնան արժէքաւոր դասեր քաղել թրքական կառավարութեան կողմէ իր սփիւռքի հետ համագործակցութենէն: Բայց, արդեօք Հայաստանի մէջ ոեւէ մէկը մտիկ կ՛ընէ՞ կամ հետաքրքրուա՞ծ է:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share