Թուրքիան առաջարկած է հանդիպումը կայացնել Անգարայի կամ Երեւանի մէջ

Թուրքիան առաջարկած է հանդիպումը կայացնել Անգարայի կամ Երեւանի մէջ

Թուրքիան առաջարկած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հերթական հանդիպումը կայացնել Անգարայի կամ Երեւանի մէջ, բայց առայժմ պատասխան չկայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, յղում ընելով Անգարայի մէջ դիւանագիտական իր աղբիւրին։

«Եթէ խօսքը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մասին է, տրամաբանական կ’ըլլար, որ բանակցութիւնները կայանան առանց երրորդ երկիրներու, ուժերու մասնակցութեան։ Մենք առաջարկած ենք հանդիպումը կայացնել Անգարայի կամ Երեւանի մէջ, բայց առայժմ պատասխան չենք ստացած»,- ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։

Ըստ դիւանագէտին՝  Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման խոչընդոտներէն մէկը հայկական սփիւռքի ճնշումն է։ «Երբեմն գործընթացը սապոթաժի կ’ենթարկուի։ Բայց մենք յոյս ունինք, որ կարգաւորման գործընթացը պիտի շարունակուի»,- աւելացուցած է աղբիւրը։

Share