Թուրքիա Կը Շրջանցէ Արեւմուտքի Պատժամիջոցները՝ Գրկաբաց Ընդունելով Ռուս Սակաւապետները

Թուրքիա Կը Շրջանցէ Արեւմուտքի Պատժամիջոցները՝ Գրկաբաց Ընդունելով Ռուս Սակաւապետները

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ www.TheCaliforniaCourier.com

Ռուս-ուքրանական պատերազմի մասին Թուրքիոյ հակասական դիրքորոշման պատճառով կը շարունակուի բանավէճը, զայն պարգեւատրել կամ դատապարտել ուզողներու միջեւ։

Wall Street Journal թերթը (WSJ) 7 Ապրիլին հրապարակած է Ճարետ Մալսինի եւ Էլվան Քիվիլչիմի հանգամանալից յօդուածը՝ «Գեր-զբօսանաւեր, ծովափնեայ բնակարաններ եւ կանխիկ գումարով լեցուն ճամպրուկներ. ռուսերը գումարներ կը լեցնեն Թուրքիա» վերնագրով։

Ռուսական դրամատուներու եւ առեւտրային գործարքներու նկատմամբ Արեւմուտքին կիրարկած պատժամիջոցներուն հետեւանքով, տասնեակ հազարաւոր ռուսեր փախած են Թուրքիա՝ դրամով լեցուն ճամպրուկներով, գեր-զբօսանաւերով, անձնական օդանաւներով եւ այլ հարստութեամբ։ «Շատեր հեռացած են իրենց հետ տանելով հարիւրաւոր կամ հազարաւոր տոլարներու կանխիկ դրամ՝ Ռուսիոյ կառավարութեան կողմէ սահմանուած  գումարներու վերահսկողութեան պատճառով», կը հաղորդէ WSJ: Ռուսերը Թուրքիոյ մէջ կը  գնեն տուներ եւ այլ գոյքեր՝ օգտուելով այն օրէնքէն, որ թոյլ կու տայ օտարերկրացիներուն՝  դառնալ Թուրքիոյ քաղաքացի, եթէ անոնք առնուազն 250 հազար տոլարի ներդրում կատարեն: Շատ ռուսեր ի վիճակի են շրջանցելու արեւմտեան պատժամիջոցները՝ իրենց գումարները ռուսական դրամատուներէն փոխանցելով թրքական դրամատուներ  եւ իրենց ռուպլիները փոխանակելով թրքական լիրայով կամ այլ դրամանիշերով։ ՆԱԹՕ-ի անդամ բոլոր երկիրները, բացառութեամբ Թուրքիոյ, խիստ պատժամիջոցներ սահմանած են Ռուսիոյ դէմ՝ թոյլ չտալով, որ անոր քաղաքացիները իրենց դրամները երկրէն դուրս հանեն, արգելափակելով ռուսական օդանաւային ընկերութիւններու թռիչքները դէպի արեւմտեան երկիրներ եւ գրաւելով սակաւապետներու գեր-զբօսանաւերն ու անձնական  օդանաւները։ Հրաժարելով Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելէ՝ Թուրքիա կը փորձէ վերակենդանացնել իր սնանկացած տնտեսութիւնը՝  հաւաքելով  խիստ անհրաժեշտ գումարներ:

Երկրէն փախչող ռուսերը ի վիճակի են խուսափելու արեւմտեան պատժամիջոցներէն եւ դրամագլուխի վերահսկումէ, որ Ռուսիոյ կողմէ կիրարկուած է իր քաղաքացիներուն նկատմամբ՝ «Թուրքիոյ մէջ գործող կանխիկ փոխանցումներու ռուսական ընկերութիւններու միջոցով, քրիփթօ-արժոյթներով եւ պարզապէս հազարաւոր տոլարներ կանխիկ փոխադրելով օդակայաններով», ըստ WSJ-ի: Թրքական կառավարութիւնը հնարած է այն  ոչ համոզիչ արդարացումը, թէ թոյլ կու տայ ռուսական միջոցներու փոխանցումը Թուրքիա այնքան ատեն, որքան որ «գումարները օրինական են»։ Նման ստուգում մը, եթէ ի հարկէ երբեւէ եղած է, շատ արագ անհետացած է՝ անտեսելով այն պահանջը, որ օտարերկրացիները պէտք է կացութեան թոյլտուութիւն ստանան նախքան դրամատնային հաշիւ բանալու թոյլտուութիւնը: Ըստ WSJ-ի՝ «Սթամպուլի մէջ մէկ պետական դրամատան միայն մէկ մասնաճիւղին մէջ ռուսերը վերջին շաբաթներու ընթացքին բացած են աւելի քան 600 հաշիւ»:

WSJ յայտնած է, որ «Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատունը, Մարտի կէսերուն, միայն երկու օրուան ընթացքին ընդունած է մօտաւորապէս 3 միլիառ տոլար…: Այս գումարները, հաւանաբար, հիմնականին մէջ կազմուած են ռուսերու աւանդներէն, կ՛ըսէ տնտեսագէտ Օմեր Կենչալ՝ «HSBC Թուրքիա»  եւ թրքական այլ մեծ դրամատուներու նախկին պաշտօնեան»։

Սթամպուլի անշարժ գոյքի Golden Sign ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Կիւլ Կիւլը WSJ-ին ըսած է, որ՝ «Նոր հասած ռուսերը մէկ անգամէն չորս բնակարան կը գնեն, սովորաբար կանխիկ գումարով, որպէսզի քաղաքացիութեան համար պահանջուող 250 հազար տոլարի ներդրում կատարեն»: «Ներկայիս մեր ծախած 10 բնակարաններէն վեց-եօթն գնած են ռուսերը», ըսած է տիկին Կիւլ։ Անոնք հիմնականին մէջ գործարարներ են, մեծահարուստներ, մէկ քանին ալ՝ սակաւապետներ»։

Ռուս սակաւապետ Ռոման Աբրամովիչ վերջին շաբաթներուն թրքական նաւահանգիստներ  տեղափոխած է իր երկու գեր-զբօսանաւերը։ Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետւետեւ անցեալ շաբաթ Սթամպուլի մէջ կայան ապահոված է իր 74 մեթր երկարութեամբ նաւուն, որ կը կրէ «Տիեզերք» անունը», ըստ WSJ-ի:

Աւելին, WSJ կը հաղորդէ, որ «Որոնողական  «Եանտեքս»  ընկերութիւնը, գովազդային յայտարարութիւններու Avito կայքը, առեւտրային Tinkoff դրամատունը եւ համակարգչային ծրագիրներու DataArt ընկերութիւնը միասնաբար աւելի քան 1000 աշխատող տեղափոխած են Թուրքիա: «Եանտեքս»-ի մօտաւորապէս 900 աշխատողներ Թուրքիա հասած են  պատերազմը սկսելէն անմիջապէս ետք, թէեւ անոնցմէ մօտաւորապէս 300-ը աւելի ուշ մեկնած են»:

Ռուսիոյ մէջ իրենց գործունէութիւնը դադրեցնելու մասին Visa-ի եւ Mastercard-ի որոշումները դրդած են ռուսերը՝ օգտագործելու «ռուսական Mir վճարային համակարգը, որ կը գործէ Թուրքիոյ որոշ վայրերու մէջ: Սթամպուլի մթերային խանութներուն մէջ սկսած են յայտնուիլ՝ «Մենք կ՛ընդունինք Mir-ը գրութեամբ ցուցանակներ», գրած է WSJ:

«Միջին դասուն պատկանող ռուսերը հիմնականին մէջ բերած են միաժամանակ քանի մը հազար տոլար՝ կա՛մ կանխիկ, կա՛մ օգտագործելով ռուսական դրամական փոխանցումներու ընկերութիւնները, որոնք կը շարունակեն գործել Թուրքիոյ մէջ: Յայտնի ծառայութիւններէն է KoronaPay-ը, որ թոյլ կու տայ մարդոց՝ գումար փոխանցել Ռուսիայէն եւ զայն Թուրքիայէն եւ շարք մը ուրիշ երկիրներէ գանձել։ Ընկերութիւնը կը թոյլատրէ աւելի քան 15 հազար եւրօ արժողութեամբ փոխանցումներ, որ համարժէք է 16 հազար 400 ամերիկեան տոլարի, այնքան ատեն, որ յաճախորդները կը հաստատեն իրենց եկամուտի աղբիւրը, կ՛ըսուի ընկերութեան կայքին մէջ», կը հաստատէ WSJ: Նոյն աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ «Տարադրամ փոխանակող Վոլքան Չելիքիւրեք, Սթամպուլի Լալելի թաղամասին մէջ, ուր կը յաճախեն ռուս առեւտրականները եւ միակ տարածքներէն մէկն է, ուր փոխանակման կէտերը կը գնեն եւ կը ծախեն ռուպլիներ», ապա  թերթը կը մէջբերէ Չելիքիւրեքի խօսքը. «Ես մէկ անգամէն գնած եմ առաւելագոյնը 100 հազար ռուպլի: Բայց կան մարդիկ, որ գնած են միլիոններ»։

Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը օգուտ կը քաղէ ռուսական դրամներու հոսքէն, իսկ անոր՝ Ռուսիոյ երկերեսանի դատապարտումը, շահոյթ կը բերէ արեւմտեան երկիրներէ։ Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը վերջերս չեղեալ համարեց դէպի Թուրքիա զէնքի արտահանման մասին իր  պարտադրած  սահմանափակումները։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու 7 Ապրիլին յայտարարեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է «Համագործակցիլ Մեծն Բրիտանիոյ հետ կարեւոր պաշտպանական նախագիծերուն մէջ, որոնք կը ներառեն ռազմական օդանաւներ, ռազմանաւեր եւ օդանաւակիրներ»։ Չաւուշօղլու յայտարարած է նաեւ, որ Թուրքիա Գանատայի հետ կը քննարկէ՝ 2020-ի արցախեան պատերազմէն ետք կասեցուած թրքական «Պայրաքտար» ռազմական անօդաչու թռչող սարքերու տեսախցիկներու գնումները վերականգնելու հարցը։

Զարմանալի է, որ Պայտընի վարչակազմը, փոխանակ պատժելու Թուրքիան՝ պատժամիջոցները տապալելու յատակագիծներուն համար, կ՛ուզէ պարգեւատրել զայն՝ նշելով, որ F-16 կործանիչներ Թուրքիոյ ծախելը կը բխի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի լաւագոյն շահերէն: Այսուամենայնիւ, Քոնկրեսը դէմ է վաճառքին։ Քոնկրեսի աւելի քան 50 անդամներ Փետրուարին նամակ ստորագրած են՝ կոչ ընելով Պայտընի վարչակազմին՝  մերժել թրքական խնդրանքը, գնելու 40 F-16 օդանաւներ եւ արդիականացնելու 80 այլ օդանաւներ, որոնք արդէն կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ: Քոնկրեսականները այս վաճառքին հակադրուելու պատճառ նշած են Թուրքիոյ կողմէ ռուսական С-400 հրթիռային համակարգերու գնումը եւ Մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումները։ F-16 օդանաւներ Թուրքիոյ ծախելը «աւելի հաւանական է, որ յանգեցնէ՝ Էրտողանի զինուորականներու ձեռքով տարածաշրջանէն ներս հետագայ մահերու եւ աւերածութիւններու», կը գրեն օրէնսդիրները:

Կը մնայ տեսնել, թէ Թուրքիա որքա՞ն ժամանակով տակաւին կրնայ խաղալ իր խաբուսիկ խաղը՝ ռուս-ուքրանական պատերազմի հակամարտող երկու կողմերուն հետ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Share