Թիւֆէնքեան մանկապարտէզի աշակերտները այցելեցին ազգային առաջնորդարան

Թիւֆէնքեան մանկապարտէզի աշակերտները այցելեցին ազգային առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի մէջ գործող Ազգային Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկապարտէզ-մանկամսուրի աշակերտներուն, գլխաւորութեամբ մանկամսուրի վարիչ Արսինէ Աղազարեանի, ընկերակցութեամբ դաստիարակ ուսուցիչներու:

30 փոքրիկները լեցուցին Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակը խմբային աղօթքով, հայրենասիրական երգերով ու կոչերով եւ իրենց քաղցր ներկայութեամբ, մինչ Առաջնորդ Սրբազանը հայրական խանդաղատանքով ու գորովալի խօսքերով ողջունեց մանկական անմեղութեամբ աշխարհաճանաչութեան ձգտող մինչեւ 6 տարեկան հայ աշակերտները, միաժամանակ բարձր գնահատելով Ազգ. Թիւֆէնքեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, դաստիարակներն ու բոլոր նուիրեալները, իրենց ազգակերտ գործունէութեան համար:

Փոքրիկ հայորդիները այցելութեան աւարտին, երկիւղածութեամբ թարմ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ յուշակոթողին առջեւ, ապա Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ ստացան վզի խաչեր։

Share