Վահէ-Վահեանի թարգմանութեամբ’  Ապրիլ Գրատունը կը ներկայացնէ Խալիլ Ճպրանի «Մարգարէն»

Վահէ-Վահեանի թարգմանութեամբ’ Ապրիլ Գրատունը կը ներկայացնէ Խալիլ Ճպրանի «Մարգարէն»


Կլենտեյլ, Քալիֆորնիա – Բանաստեղծ, խորունկ տեսանող Ճպրան Խալիլ Ճպրանի աշխարհահռչակ գրական ստեղծագործութիւնը՝ ՄԱՐԳԱՐԷՆ որը հայերէնի թարգմանուած էր բանաստեղծ ՎԱՀԷ-ՎԱՀԵԱՆի կողմէ 1984-ին, վերահրատակուած է եւ պիտի ներկայացուի Ապրիլ Գրատան կողմէ՝ Հինգշաբթի, 19 Մայիս, 2022, երեկոյեան ժամը 7:00ինՀիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանին մէջ — 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA. Գիրքը պիտի ներկայացնէ Դոկտ. Արփի Սարաֆեանը: Գրքէն հատուածներ պիտի կարդայ Յասմիկ Կիտցինեանը: Մուտքը ազատ է: Հիւրասիրութիւն։ Տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել՝ (818) 243-4112. Երեկոն կը հովանաւորէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոսը:
Այս երկրորդ հրատարակութիւնը ճշգրիտ կրկնօրինակն է 1984-ի հրատարակութեան ի բաց առեալ Արփի Սարաֆեանի Նախաբանէն: Կը զուգադիպի ան հռչակահամբաւ դասականին առաջին հրատարակութեան մօտալուտ հարիւրամեակին:
ՄԱՐԳԱՐԷՆ գրական ստեղծագործութիւն մըն է, որ մեծ ժողովրդականութիւն շահած էր 1923-ի  իր առաջին հրատարակութենէն  արդէն:  Բայց եւ այնպէս, թարգմանական մատուցում մը անոր, որ կը նկատուի լաւագոյնը շատերու կողմէ՝ մատչելի չէր երեսունհինգ տարիէ ի վեր: Ներկայ հրատարակութիւնը արձագանգն է Վահէ-Վահեանի թարգմանութեան պահանջին՝ վերջերս լոյս տեսած զանազան քաջալերական յօդուածներէն մղուած:

Share