Վաղը, Մեր Զատիկն Է…

Վաղը, Մեր Զատիկն Է…

Գևորգ Պետիկեան

Շատ տարիներ առաջ եւ Յունուարի խթման գիշերն էր, եկեղեցիէն ետք, հարազատներով, աւանդական սեղանին շուրջ բոլորուած երբ կ՛ընթրէինք, յանկարծ, ողորմած մայրս կը խզէր սենեակին մէջ լեցուած աշխարհ մը մթնոլորտը.-
– Քա՛, ըսէ՛ք նայիմ, այս տարի Զատիկը ե՞րբ է:
Ամերիկայի մէջ, աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր հաստատուած, Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա բնակող իր հարազատներուն համար ամերիկահայ նկատուած մօրս յանկարծակի այս մտահոգութիւնը, թէեւ վայրկեանի մը համար ապշեցուցած էր բոլոր սեղանակիցներս, սակայն խորքին մէջ ինքնին նոր եւ տարբեր բան մը արտայայտել ճգնող հարցում մըն ալ էր, որուն արմատները իբրեւ աւիշ ունէին մեր կենցաղի ու նկարագիրի անուշ գիծերը:
Դարերու վրայ երկարող ազգային մեր պատմութեան ընթացքին, մենք գրեթէ մեծցած ենք պապենական մեր հաւատքին շունչով եւ օծուած՝ անոր ոգիով:
Ինչ որ ալ ըլլային մեր ապրած երկիրներու քաղաքական պայմանները, անոնց մարդկային ազատութեան թոյլտուութիւնները, մեր հոգեւոր հովիւներուն նուիրումի աստիճաններն ու մեր աղօթած եկեղեցիներուն եւ վանքերուն շքեղութիւններն ու մեծութիւնը, մեր մէջ հաւատք ըսուած աներեւոյթ կենսանիւթը մեզ կանգուն պահած էր: Ու այս մէկը, սերունդէ սերունդ ժառանգած էինք, մաքուր ու հաստատ:
Մօրս՝ այդ վայրկեանի հարցումի մը պիտակով յանկարծական պոռթկումը, ինծի համար գաղտնի ուրիշ թելադրանք մըն ալ ունէր իր մէջ: Ազգային Յարութեան հաւատացող թելադրանք մը: Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, քառեակ մը հարստութեան անմեղ ու բնական արտացոլումը: Այսպէս՝ ամէնուրեք քրտինք կը թափենք, կանգուն պահելու համար հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայ մշակոյթն ու մեր տոհմիկ նկարագիրը:
Ահա մեր քառեակը:
Մօրս մտահոգութեան ծնունդ տուող գեղեցիկ կանչի մը արձագանգն էր այդ հարցումը, որ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ հարազատ դրօշմը այս քառեակին:
Վայրկեանապէս, բոլորս ալ դադրեցուցինք մեր կերուխումը: Իւրաքանչիւրս, իր կարգին, այս տարուան Զատկուան թուականը գտնելու ճիգով, իր յիշողութեան դռները բանալ փորձեց:
Ս. Զատիկ:
Անոր մեծ շուքին տակ մեծցանք: Այդ օրերուն միայն կարմիր ներկուած հաւկիթը չէր, ո՛չ ալ ազգականներուն տուները շնորհաւորելու ձգտող անմեղ մեր այցելութիւններուն հաւաքուած շաքարներն ու շոքոլաները: Ուրիշ բան մը կար: Սիրտդ ու հոգիդ պարուրող գաղտնի բան մը ունէր Զատիկը, որ տարինե-րու թաւալումին ընթացքին, մեր միտքերուն մէջ հասունցուց Յարութեան նշանաբանը:
Այդպէս մեզ մեծցուցին: Ու հիմա, անոր թուականը կը փնտռենք:
Ս. Զատիկ: Մեր բակէն ներս անոր ոտնաձայները զգալի կը դառնային Միջինքին յաջորդող օրերէն սկսեալ: Անօրինակ եռուզեռ մը կը ծնէր մեր բակին մէջ: Անոր զգալի շուքը կը յայտնուէր ամբողջ թաղին մէջ: Դրացիները գրեթէ պակսեցուցած էին իրար այցելելու իրենց անգիր ժամանակացոյցին օրերն ու ժամերը: Տունէն շուկայ, շուկայէն խոհանոց եւ խոհանոցէն փռապան:
Այս էր այդ օրերու հեւքին ընդհանուր պատկերը: Հապա հե՞ւքը:
Դուրսէն հիւրեր պիտի ունենայինք. սովորաբար մեր մօտիկ ազգականները, որոնք այդ օրերուն Հալէպ կ՛այցելէին: Եւ տակաւին, ասոնց վրայ պիտի աւելնար նաեւ այդ օրերուն ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար ուրիշ քաղաքներէն եկած անծանօթ գայլիկ մը, սկաուտ մը, նոյնիսկ արծուիկ մը, որոնք մեծ ուրախութեամբ մեր ակումբի դրան առջեւէն առնելով տուն կը բերէինք, հնազանդ եւ խղճամիտ՝ սկաուտի եւ գայլիկի մեր գիտակցութեան կոչին անսալով:
Միջինքէն ետք, շուտով Ծաղկազարդը կու գար արագացնելու տնային մեր աշխատանքնեըը: Իսկ Զատկուան դպրոցական մեր արձակուրդին, արդէն ձեռքով ոտքով «մէջը ինկած», մօրս օգնելով կը զբաղէինք: Ամբողջ մեր միակ ու մեծ սենեակը դուրս կը բերէինք: Սովորութիւն էր: Ամառնամուտէն առաջ նման մաքրութեամբ կը զբաղուէր ամբողջ քաղաքը: Աթոռ, սեղան, անկողին, մահճակալ, կարպետ կամ սնտուկ՝ «օդ առնելու» համար պէտք էր դուրս հանուէին բակերը կամ տանիքները: Պէտք էր վերէն վար մաքրէինք տունը, շտկէինք, շտկռտէինք, գալիք հիւրերուն քնանալու տեղեր պատրաստէինք, որպէսզի ամօթով չմնայինք: Երբեմն ալ այնքան հիւրեր կ՛ունենայինք, որ մենք՝ երեք եղբայրներով, ստիպուած մեր թաղի միւս ազգականներուն տուները կը գիշերէինք:
Հաճոյք էր: Սրտի ու հոգիի գոհունակութիւն պատճառող հաճոյք մը՝ մեր հիւրընկալ քաղաքէն ժառանգած ու անկէ ներշնչուած: Միւս կողմէ սակայն, դրացիներով միասին կ՛ապրէինք Չորեքշաբթի օրերու Արեւագալը եւ Ուրբաթներուն՝ հսկումը, պահքի ճաշերն ու ծոմապահութիւնը: Եւ ապա «Տասը Կուսանացն» ու «Ոտնլուան», «Խաւարման» ու «Խթման» գիշերները, եօթը եկեղեցիներ այցելելու սովորութիւնը, Ճրագալոյցն ու ընթերցուածները եւ վերջապէս՝ սպասուած Զատիկը:
– Կամ Մարտի վերջը պիտի ըլլայ եւ կամ ալ Ապրիլի սկիզբը, – ձայնեց ներկաներէն մէկը:
Մայրս չէր գոհացած: Տօնական օրերը «կամ»-ով կարելի չէր սահմանել: Ինք տէրտէրի աղջիկ էր: Մի նայիք, որ հիմա մոռցած էր շատ մը բաներ, բայց այդպէս կարելի չէր համրել:
Վերջապէս կինս էր, որ օրացոյցէն քաղած իր տեղեկութիւնը փոխանցեց մտահոգ մօրս.
– Այս տարի, Զատիկը Ապրիլ 15-ին է:
Խորունկ շունչ մը քաշեց մայրս: Ուրեմն տակաւին ժամանակ կար, հաւանաբար կը մտածէր: Թերեւս իր մտահոգութեան մէջ թուականի մը ճշդումէն անդին, ուրիշ բան մըն ալ կար, որուն մենք՝ իր սեղանակիցներս անտեղեակ էին: Թերեւս: Այդ վայրկանին արդէն իսկ Զատկուան խորհուրդը սկսած էր շեշտուիլ հոգւոյս մէջ:
Մտովի հեռանալով սեղանէն, կը խորհէի, թէ մարդկային այս մեծ խառնարանէն ներս, առանց այս խորհուրդին, անկասկած, անհոգի բազմութիւն մը պիտի ըլլայինք:
Ազգերու Զատիկը չի նմանիր այն կարմիր հաւկիթին, որ ժամանակին մեր մեծերը Զատկին օրը՝ իբրեւ գերագոյն նուէր, մեր գրպանը կը դնէին, մեր Զատիկը տարբեր հաւատք եւ գոյն ունէր, կը կրկնէր միտքս շարունակ:
Մեր Զատիկը: Հայու Զատիկը: Հայու խորհուրդ եւ նոր արշալոյս բերող Զատիկը:
Վաղը մեր Զատիկն է:

Share