Սփիւռքեան մեր համայնքները արդէն քաջատեղեակ են Սուրիոյ վերջին քանի մը օրերու պատահարներուն, տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններուն, որոնք ազդած են երկրին վրայ եւ շարունակ նորութիւններ ի յայտ կու գան։ Մարդիկ ապաստանած են իրենց բնակարաններէն ներս եւ ապրուստի կենսական ծախսերը հոգալու հնարաւորութիւնը սահմանափակուած ըլլալով՝ կը գտնուին դաժան կացութեան մէջ:
Այս կացութեան դիմաց, մեր համայնքին պարտականութիւնն է շտապօրէն գործի լծուիլ եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրել Սուրիոյ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ինչպէս որ նախապէս կատարեցինք Միջին Արեւելքի մեր լիբանանահայ գաղութին:
Մեր համայնքները միշտ ալ առատաձեռն եղած են եւ կատարած` իրենց նիւթական օժանդակութեան պարտականութիւնը, երբ մեր ժողովուրդը շուտափոյթ օգնութեան կարիքը ունեցած է:
Վստահ ենք, որ միասնաբար կրկին թիկունք պիտի կանգնինք եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրենք սուրիահայութեան:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հայ Օգնութեան Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութիւն-YOARF, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
Հ.Մ.Ը.Մ., Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.
11 Դեկտեմբեր, 2024