Թէոտոր Ռուզվելթի այժմէական պատգամները

Թէոտոր Ռուզվելթի այժմէական պատգամները

Վհրամ Էմմիեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 Օգոստոս 2021-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ իր կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանայ։ Ան այդ նոյն գաղափարը կրկնեց 2 Մարտ 2023-ին, երբ Պերլինի մէջ արտաքին քաղաքականութեան գերմանական խորհուրդի մէջ «Անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ․ Հայաստանի հեռանկարը» թեմայով քննարկման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքական կամք դրսեւորած է եւ վճռական քայլեր կը ձեռնարկէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոր դարաշրջան բանալու ուղղութեամբ։

Ճիշդ ի՞նչպիսի խաղաղութեան մասին է խօսքը։

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Մայիս 28-ին Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի նախօրեակին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով քուարկողներուն կոչ ուղղեց «միասին բանանք Թուրքիոյ նոր դարաշրջանի դուռը» եւ յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները կը միաւորուին «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի տեսլականին շուրջ։ Թուրք քուէարկողները ընդառաջեցին անոր կոչին։

Ան նախագահ վերընտրուելէն անմիջապէս ետք, Մայիս 31-ին, Անգարայի մէջ Թուրքիոյ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան եւ սակարաններու պալատներու ընկերակցութեան նիստի ընթացքին խօսք արտասանելով բացաւ «Թուրքիոյ դարաշրջան»-ի փակագիծերը եւ զայն մանրամասնելով յայտարարեց․ «Մեր նպատակն է «անվտանգութեան եւ խաղաղութեան գօտի» ձեւաւորել Եւրոպայէն մինչեւ Սեւ ծով, Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք»։

Փաշինեան ինքն իրեն կը վերագրէ հաստատումը ուրիշներուն՝ 44-օրեայ պատերազմի յաղթական կողմին օրակարգը եղող խաղաղութեան մը հաստատման ծրագիրը։ Այդ խաղաղութիւնը իսկութեան մէջ թրքական խաղաղութիւնն է՝ Փաքս Թուրքան է, 44-օրեայ պատերազմէն ետք ընթացք առած իրերայաջորդ զիջումներու հոլովոյթով հաստատուելիք խաղաղութիւնը, այն խաղաղաղութիւնը, որմէ, 6 Դեկտեմբեր 1904-ին Քոնկրէսին յղած իր տարեկան պատգամին մէջ, կը զգուշացնէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթը՝ ընդգծելով.«Դաժան սարսափի խաղաղութիւնը, երկչոտ տկարութեան խաղաղութիւնը, անարդարութեան խաղաղութիւնը, այս բոլորէն պէտք է հեռու մնալ, ինչպէս անարդար պատերազմէն հեռու կը մնանք»։

Ռուզվելթ այդ նոյն պատգամին մէջ նաեւ կը նշէ. «Ազատութեան իրաւունքն ու այդ իրաւունքի կիրարկման պատասխանատուութիւնը կարելի չէ իրարմէ անջատել» , եւ կը յիշեցնէ ամերիկացի բանաստեղծի մը այն խօսքը, թէ ազատութիւնը նուէր մըն է, որ վախկոտներուն, ծոյլերուն, անպարկեշտներուն կամ չափազանց անմիտներուն ձեռքերուն մէջ երկար չի մնար։

Հենրի Քիսինճըր իր «Դիւանագիտութիւն» գիրքին մէջ կը գրէ, թէ Թէոտոր Ռուզվելթ ունէր հետեւեալ տեսակէտը. «Այն ինչ, որ ազգ մը իր սեփական ուժով չի կրնար պաշտպանել, չի կրնար միջազգային ընտանիքին կողմէ երաշխաւորուիլ»։

Թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի վերոնշեալ պատգամները մեզի համար չեն ըսուած, սակայն կարծէք մեր պետութեան ու ազգին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ ըսուած են։ Անոնք խիստ ուսանելի են, յստակ են ու այժմէական։

Թէոտոր Ռուզվելթի պատգամը հետեւեալն է. պէտք չէ անմտաբար կամ ծուլութեամբ ակնկալել, որ օտարը գայ եւ մեզ, մեր ազատութիւնը, պապենական հողերը, անկախութիւնն ու գոյութիւնը պաշտպանէ, եւ պէտք չէ դժգոհիլ, զարմանալ կամ ընդվզիլ եթէ այդ մէկը չկատարէ, որովհետեւ ատիկա առաջին հերթին մեր պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է։ Օտարէն ֆայտա չկայ։ Երբ ազգ մը ինքն իր իրաւունքին տէր կը կանգնի, ինքնիրեն կ’օգնէ, այն ատեն միայն օտարը կրնայ թերեւս աջակցիլ այդ ազգին, եթէ անշուշտ ատիկա իր շահերուն կը համընկնի…։


«Հայրենիք»

Share