Անցնող օրերուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կապ հաստատեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) պատասխանատուներու մարմիններուն հետ, որպէսզի միջազգային համայնքին անգամ մը եւս ուշադրութեան յանձնեն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի (Լաչին) միակ միջանցքը անմիջապէս վերաբանալու հրամայականը եւ դատապարտեն Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող այս անմարդկային արարքը։
Արդարեւ, Ե.Հ.Խ.ը կոչով մը հանդէս եկաւ, ուր ան կը դատապարտէ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած Բերձոր միջանցքին արգելափակումը։ Խորհուրդը իր կոչին մէջ կ՚ըսէ. «Նկատի առնելով Լաչինի միջանցքին փակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական տագնապը, Ե.Հ.Խ.ը կը վերահաստատէ իր կեցուածքը եւ կոչ կ՚ուղղէ միջազգային համայնքին անմիջապէս միջամտելու եւ նախաձեռնելու միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն»։
Արցախի ժողովուրդը կարիքը ունի սննդեղէնի, դեղորայքի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի։ Ուստի, «Ե.Հ.Խ.ը դարձեալ կոչ կ՚ուղղէ Ազրպէյճանի եւ տարածաշրջանի ոյժերուն, որ անմիջապէս Լաչինի միջանցքին արգելափակումը վերացնեն, որպէսզի ճանապարհը ազատ ու ապահով ըլլայ քաղաքացիներու տեղաշարժին համար եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասնին Արցախի մէջ ապրող ու տառապող հայ ժողովուրդին»։
Յայտնենք, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը նախապէս քանի մը առիթներով կատարած է նոյնպիսի կոչեր ու յայտարարութիւններ, ի մասնաւորի Խորհուրդի 11-րդ ընդհանուր ժողովին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հայաստանի դեպանը
Երկուշաբթի, 31 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի այցելութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը դեսպանը տեղեակ պահեց միջ-եկեղեցական աշխարհին ճամբով, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.), Արցախի գծով կատարուելիք յայտարարութիւններուն մասին։ Դեսպանը, իր կարգին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Նորին Սրբութեան Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին