Մաշեցնողը պիտի մաշի, սպառեցնողը պիտի սպառի

Մաշեցնողը պիտի մաշի, սպառեցնողը պիտի սպառի

Սեդօ Պոյաճեան

Դիւրին չէ եւ պիտի չըլլայ Դիմադրութեան շարժման ճանապարհը։ Դիմադրութեան գործին արգելք հանդիսացող ոստիկանները ոչինչ են բաղդատած տարողութեանը եւ  հասանելիութեանը այն ուժերուն, որոնք իսկական տէրերն են ներկայ իշխանութեան։

Հայկական Դիմադրութեան դէմ կանգնած են այնպիսի ուժեր, որոնք երեք տարիէ ի վեր կը պատրաստուէին նման դիմադրութիւն մը դիմագրաւելու հաւանականութեան։

Այդ ուժերը կազմ ու պատրաստ են տապալելու Հայկական Դիմադրութիւնը։ Անոնց զինանոցը հարուստ է դաւադրութեան, կաշառակերութեան եւ մարդասպանութեան միջոցներով ու գործարքներով։

Հետեւաբար, եթէ նոյնիսկ Նիկոլ Փաշինեան որոշէ հեռանալ, այս ուժերը թոյլ պիտի չի տան իր կամովի հեռացումին։

Այս ուժերը աւելի քան քսան տարիէ ի վեր միլիոնաւոր տոլարներ ներդրած են պատրաստելու համար իրենց ծառայող հայ քաղաքացիներ եւ կազմակերպութիւններ։ Անոնք փոխարինած են մեր պետական համակարգի պաշտօնէութիւնը իրենց սեփական կամակատարներով եւ, բառին ամբողջական առումներով, գնած են մեր պետութեան պաշտօնատարները։

Ոչ մէկ ուժ իր կառուցածը հեշտութեամբ ձեռքէ չի տար։ Ան ոգի ի բռին կը պայքարի պահելու եւ պահպանելու իր կառուցածին գոյութիւնը։ Դիմադրութեան դէմ մեր պետական կուլիսներու ետին ու կարգ մը օտար դեսպանատուներու գրասենեակներու մէջ օրն ի բուն բանող ուժերէն տարբեր վերաբերմունք պէտք չէ ակնկալել։

Այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը միայն այն չէ, թէ Դիմադրութիւնը կը պայքարի փրկելու համար իր հայրենիքը, ժողովուրդը եւ պետութիւնը։ Այս իրականութեան միւս կողմը այն է, որ Դիմադրութեան պայքարին դէմ կը դնեն ու պիտի շարունակեն դէմ դնել նշեալ ուժերը։

Ուստի, մեր ազգային փրկութեան պայքարը պարտաւոր է պատրաստ ըլլալ նաեւ այս ուժերու հերթական գրոհներուն, որոնք անպայման պիտի գան երբ Դիմադրութեան շարժման ժողովրդային ենթահողը սկսի աւելի ընդլայնիլ ու ընդարձակուիլ։

Այս ուժերը ցարդ աչալուրջ կը հետեւին Դիմադրութեան շարժումներուն։ Անոնք այժմ  ոստիկաններու միջոցով կը փորձեն մաշեցնել ըմբոստացող ժողովուրդին ուժն ու կոռովը։

Անոնք կ՛ակնկալեն «մաշումի պատերազմի» մարտավարութեան ճամբով սպառել Դիմադրութիւնը։

Անոնք իրենց հաշիւներուն մէջ կը մոռնան հայուն դիմադրականութեան յարատեւութիւնը, համառութիւնը եւ յաւերժականութիւնը։

Անոնք կը մոռնան, որ մեր Ազգային Դիմադրութեան ուժը միշտ եղած է իր յարատեւութեան մէջ։

Ի դէմ Դիմադրութեան յարատեւութեան, մաշեցնողը ի՛նք կը մաշի, սպառեցնողը ի՛նք կը սպառի՝ կարեւոր չէ, թէ ան աշխարհաքաղաքական կամ միջազգային ինչ ուժ կը ներկայացնէ։

Մայիս 5, 2022

Share