Կարօ Արմենեան
Մեծ ոգևորութեամբ և միաժամանակ զգալի անհանգստութեամբ կը հետևիմ Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած բողոքի շարժման փուլերուն, որոնք կը փոխուին ամէնօրեայ յաճախականութեամբ։ Կ՚ապրինք թէժ ժամանակներու մէջ։
Խոստովանի՛նք, որ շարժումը մեր մտքերը պարտադրաբար կը յղէ մօտիկ անցեալի իրադարձութիւններուն։ Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ է Ընդդիմութեան բազմահանգրուան փորձը անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին։ Ընդդիմութի՛ւն՝ որուն մէջ առաջնորդող դիրքերու վրայ էր նաև իմ կուսակցութիւնս՝ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։ Արդարև, ո՛չ նուիրումը կը պակսէր Ընդդիմութեան իրերայաջորդ ալիքներուն, ո՛չ քաղաքական ներուժը, ո՛չ քաղաքական իմաստութիւնն ու քաղաքական կամքը։ Եւ սակայն անվիճելի փաստը այն է, որ անոնք բոլորն ալ յանգեցան անարդիւնաւէտ վախճանի և համատարած հիասթափութեան։ Ինչո՞ւ։
Բագրատ Սրբազանի և իր գործակիցներու առաջին խնդիրն է հասկնալ նախորդող ընդդիմադիր շարժման փորձառութիւնը յետին մանրամասնութեամբ։ Բա՛ն մը՝ որ վստահաբար դրուած է իրենց օրակարգին վրայ այս պահուն։
Սրբազան Հօր խօսքը մեծ վարկ կը վայելէ ներկայիս մեր ժողովուրդին մօտ։ Եւ այս մէկը՝ ոչ միայն հայրենիքի, այլև ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ասիկա անգնահատելի քաղաքական հարստութիւն մըն է, որ նաև չի դադրիր մեծապէս փխրուն ըլլալէ։ Մեր ժողովուրդի վստահութեան քուէն կրնայ ունենալ աշխարհածաւալ լայնք, բայց միաժամանակ՝ շատ ջնջին խորութիւն…Պէտք է մեծ բծախնդրութեամբ խորաչափել զայն և ըստ այնմ կազմակերպուիլ վաղուան համար։
Օրերը ցոյց տուին, որ Փաշինեան և իր ետին կանգնած համաշխարհային համակարգը շատ լաւ կը հասկնան մեր բողոքի հոգեբանական առանձնայատկութիւնները։ Կեանքը ցոյց տուաւ, որ որոշ իմաստով անոնք աւելի լաւ կը ճանչնան մեզ, քան մենք՝ ինքնե՛րս։
Անցեալի Ընդդիմութեան շարժման նպատակն էր վար բերել պարտութեան վարչակարգը և դուրս բերել երկիրը իր ճակատագրական փակուղիէն։ Շարժման որոշումն էր այս նպատակին հասնիլ քաղաքացիական անհնազանդութեան սահմանադրական զէնքերով։ Հակադիր ճակատի վրայ, Փաշինեանական համակարգի նպատակն էր ցոյց տալ, որ ինք կարող է յաղթահարել այս մարտահրաւէրը և յաջողապէս վերապրիլ։ Վերապրիլ ամէն գնով։ Միշտ հաշուի առնելով, որ այս բանին համար ինք կրնայ ապաւինիլ համաշխարհային ուժերու (և յատկապէս թշնամիի) անյատակ կարողականութեանց։ Եւ այս հակադիր կողմերու ռազմավարութեանց միջև կը գտնուէր Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան լուռ զանգուածը…Փաշինեան դիմեց ամէն միջոցի, որպէսզի այդ զանգուածը մերժէր իր վստահութեան քուէն Ընդդիմութեան պայքարին։ Ան ամէն միջոցի դիմեց ապաքաղաքականացնելու ժողովուրդի լայն զանգուածը զայն վախցնելով, զայն կաշառելով, զայն յուսահատեցնելով, զայն քաղաքականապէս բարոյալքելով։ Կրնանք անվարան ըսել, որ բողոքի շարժումը իր կռնակէն դաշունահարուեցաւ այն իսկ զանգուածին կողմէ, որուն արժանապատիւ գոյութեան համար կը կռուէր ան։ Ողբերգութի՛ւն մը՝ որ պիտի մնայ մեր ժամանակակից պատմութեան արատը յաւիտեանս յաւիտենից։
Իրականութեան մէջ, այն ինչ, որ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, յուսալքութենէ բխող անձնատւութիւնն էր։ Ֆրանսացիք այս երևոյթը կը բնորոշեն որպէս adhesion de desespoir։ Փակուղիի մէջ բռնուած մարդն է, որ ի վերջոյ կը «յանձնուի» և «կ՚ընտրէ» իր ճորտային կարգավիճակը (մերժելով ազատութիւնը) կարենալ գէթ վերապրելու համար։ Ճիշտ ինչպէս խորհրդային համակարգն էր իր խորքին մէջ, որուն յիշողութիւնը դեռ շատ թարմ է մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ։
Հետևաբար կարևոր է, որ անդրադառնանք մէկ հիմնական իրականութեան։ ՈՐՊԷՍ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔ, ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՁԱԽՈՂԵԼՈՒ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ։ ԱՆՇՈՒՇՏ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԵՆՔ, ՈՐ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ՀԱՒԱՔԷ ԱՆՑՆՈՂ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ՕՐՈՒԱՆ ՀԵՏ ԵՒ ԲԱՑԱՌՈՒԱԾ ՉԷ, ՈՐ ՊԱՏԱՀԻ ՆԱԵՒ ԱՅԴ ՄԷԿԸ։ ԲԱՅՑ ԱՅԴ ՄԷԿԸ, ԸՍՏ ԷՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՐԱԳԱՅԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՆՔ ՄԸՆ Է, ՈՐՄԷ ՊԷՏՔ ՉԷ ԽԱԲՈՒԻԼ։ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԹԱՓ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՄԷՆ ՕՐ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ «ՊՈՌԱԼ» ՄԵՐ ԵՐԵՍԻՆ ՝ «ԿԵՆԴԱՆԻ՛ ԵՄ»…ԻՆՉՊԷՍ ՄՍՐԱՅ ՄԵԼԻՔԸ։ ԵՒ ԻՐ ԿԵՆԴԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՍՏԵ՛Լ ԻՐ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ։ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԲՈՂՈՔԻ ՇԱՐԺՈՒՄՆ Է, ՈՐ Կ՚ԻՅՆԱՅ ԵԿՈՒՈՒԹԵԱՆ ՔԱՈՍԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՉՔԱՆԱՅ։
Այս բանին մեծ գիտութեամբն են օժտուած Փաշինեանի համակարգն ու իր արտաքին հովանաւորներու բանակը (ներառեա՛լ՝ թշնամին)։ Հետևաբար ապահովութեան սիրոյն հաշուեցէք, որ ժամանակի գործօնը կը գործէ շարժման դէմ և ոչ՝ հակառակը։ Հաշուեցէք, որ շարժումը կը գործէ ապառիկ ժամանակով։ Ժամանակը չի պատկանիր ձեզի։ Հաշուեցէք, որ բողոքի շարժման տրուած է շատ նեղ պայմանաժամ մը Փաշինեանական համակարգը լուծարելու։ Միշտ ի մտի ունենա՛լ՝ որ երկսայրի ուժականութիւն մը կայ երևանեան բողոքի էութեան մէջ։ Ուժականութիւնը կը պատկանի բողոքի շարժման այնքան ատեն, որ ան հաւատք կը ներշնչէ քաղաքացիին, որ այս առճակատման մէջ առաւելութիւնը կը պատկանի շարժման։ Ամէն օր, որ շարժումը տեղքայլ կ՚ընէ, շարժումը կը կորսնցնէ քաղաքացիին հաւատքը զայն մղելով ձեռնպահութեան և այդ ձեռնպահութիւնը կը գործէ ի նպաստ իշխանութեան։ Դաժան իրականութիւնը այն է, որ շարժումը անգիտակցաբար և ինքնաբերաբար կը գործէ ի նպաստ Փաշինեանին, երբ քաղաքացին ամրացած է իր ձեռնպահութեան մէջ հանդէպ շարժման…Շարժումը – ամէն գնով – պէտք է խուսափի առճակատման այս սադայէլական գօտիէն (devil’s zone)։
Պէտք չէ իտէալականացնել հակասութիւններու մէջ բռնուած այսօրուան քաղաքացին։ Այսօրուան քաղաքացին շատ հեռու է ազատ մտածող մը և ազատ ընտրող մը ըլլալէ։ Այս բանին մէջն է, որ յաջողած է Փաշինեանական համակարգը (և իրմէ առաջ՝ խորհրդային համակարգը)։ Այսօրուան քաղաքացիին համար ազատութիւնը կու գայ շատ աւելի մեծ ճիգով քան աւելի բնականոն պայմաններու մէջ ապրող մարդուն։ Ընդունեցէք, որ քաղաքացիին առաջնահերթ խնդիրը վերապրիլն է այս բառին ամենէն նախնական էութեամբ։ Այսպէս է քաղաքացին ամէնուրեք։ Այսպէս կը գործէ քաղաքացիին միջավայրը պայմանաւորղ քաղաքականութիւնը։ Կրկին կարդացէք Արիստոտէլը։ Այս բանտուած կարգավիճակէն է, որ մագլցելով դուրս կու գայ Նարեկացին մատչելով հոգևոր ազատութեան։ Եւ միայն մէկ Նարեկացի կայ։
Քաղաքացիին քաղաքականացումը և, աւելի՛ն, անոր յեղափոխականացումը այսօր կախուած է շարժման ռազմավարութեան որակէն։ Կը յաջողին այն ռազմավարութիւնները միայն, որոնք կրնան գործել շրջադարձային յարացոյցով և իրավիճակ փոխել ժամանակի կայծակնային գործօններով։ Մէկ բան յստակ է։ Բողոքը չի կրնար համակեցութեան մէջ գտնուիլ status quo-ին հետ։ Փաշինեանի չքնաղ բառապաշարով՝ «իրական Հայաստանին հետ»։ Նման համակեցութիւնը կը թունաւորէ բողոքի շարժումը և ի վերջոյ կ՚ըսպաննէ զայն։ Եւ երկարաձգուած բողոքը, Փաշինեանական համակարգի մեքենայութիւններով, ի վերջոյ կը հաւասարի մեղաւոր համակեցութեան, զոր պէտք է մերժել ամէն գնով։
Վերադառնալով Բագրատ Սրբազանի գլխաւորած շարժման նախաձեռնութիւններուն, լաւ է այժմէն արծարծել այն մտահոգութիւնները, որոնք կապ ունին այս սկզբնական օրերու թանկ բնոյթին հետ։ Չկայ շարժում, որ ազատ ըլլայ հոգեբանական պատերազմի սպառնալիքներէն։ Բայց նաև ամէն շարժում իր իմաստութիւնն է, որ կը բերէ ազգային ազատագրութեան գործին։ Շարժման այսօրուան յայտարարութիւնը կը խոստանայ յառաջիկայ շաբաթը ընել ջրբաժան և ջարդել փակուղին։ Կեցցէ՛ք։ Շարժման շտեմարանները հարուստ են ոգևորութեան թարմ պաշարներով, որոնք պէտք է արագօրէն նուաճեն ազգային լայն միասնականութեան նշաձողը ծնունդ տալով քաղաքական ուժերու միասնական ուխտին սարսելով հիմերը Փաշինեանական հաստատութեան։
Սրբազան Հօր շղթայազերծած մակընթացութիւնը պատմական մեծ պատասխանատւութիւն մը կը դնէ շարժման ղեկավարութեան և շարժման բոլոր նուիրեալներուն ուսին։ Իրենք փուլ բերին համբերութեան ամբարտակը յղելով վերջնական ազդարարութիւնը պարտութեան վարչակարգին։ Ետ դարձ չկա՛յ։ Օրերու ընթացքին փուլ պէտք է գայ Փաշինեանական համակարգը։
Պէտք է բերել այդ օրը անյապա՛ղ։ Պէտք է բերել ամէն գնով։ Տէր ընդ ձեզ։
Մայիս 12, 2024