Ուաշինկթընի մէջ աւարտած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի եռակողմ հանդիպումը:
Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին մէջ, հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած է չլուծուած հարցերուն, որոնց լուծումը առանցքային է շրջանին մէջ խաղաղութեան համար` ընդգծելով կողմերուն պարտաւորութիւնները: