Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանն ու ազգային մարմինները ցաւակցել են Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի եղեռական վախճանումի առիթով:
Երեքշաբթի, 4 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 09։30-ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս Եկեղեցում
տեղի ունեցաւ Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի վերջին օծման արարողութիւնը։ Ապա, ցաւակցութիւններ ընդունելուց յետոյ, մարմինը փոխադրուեց Անթիլիասի Մայրավանք, ուր կատարուեց Գերեզմանի Կարգը եւ հայր սուրբի մարմինը ամփոփուեց «Զարեհեան» միաբանական յուշարձան-դամբարանի մէջ։
Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ին բացայայտուել էր ահաւոր ոճիրը, երբ գտնուեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի դիակը, որի վրայ երեւում էին տանջանքի հետքերը` գազանային սպանութիւնից առաջ:
Ահաւասիկ տեղեկութիւններ մամլոյ էջերից՝
Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ի կանուխ առաւօտուն, Մեթնի Պսալիմ շրջանին մէջ անարգ ոճիրի զոհ գնաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն, Պեքայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Անոր սպանութիւնը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց պետական, կրօնական, քաղաքական, հասարակական ու եկեղեցական շրջանակներու մէջ:
Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետի Պաշտօնակատար
Միքաթիի Կեցուածքները
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին: Նախագահը դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը` նշելով, թէ ապահովական մարմինները հետաքննութիւն կը կատարեն` բացայայտելու համար ոճիրին ծալքերն ու ոճրագործները ձերբակալելու եւ զանոնք փոխանցելու արդարադատութեան, որպէսզի խստագոյն պատիժը կրեն:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ու դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութեան դէպքը` նշելով, որ ինք համապատասխան սպասարկութիւններուն թելադրած է հարցը արագօրէն հետապնդել` բացայայտելու համար դէպքին ծալքերն ու ձերբակալելու հեղինակները:
Երեսփոխաններու Եւ Քաղաքական Ուժերու Կեցուածքներ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթ օր «Էքս»-ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը.
«Բուռն կերպով կը դատապարտենք երէկ յոռեգոյն կերպով չարչարելէ ետք Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի` այս սիրով լեցուն ու աշխուժ վարդապետի սպանութեան ոճիրը, եւ կը շեշտենք ինքնազսպումի եւ անձնական արարքի մը պատճառով սադրանքի չտարուելու անհրաժեշտութիւնը, սպանութեան հեղինակը խստագոյն պատիժի ենթարկելու համար ոճրագործներու յայտնաբերման ու հետապնդման հարցով վստահութիւն յայտնելով ապահովական մարմիններուն»:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը` հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց. «Ոճրագործին ինքնութիւնը ոճրագործ է, յարանուանութիւնը ոճրագործ է, համայնքը ոճրագործ է: Ոճրագործութիւն, որ կը մարմնաւորէ գողութիւնը, չարչարումն ու սպանութիւնը. ոճրագործը յանդգնեցաւ սպաննել Անանիա Անդրանիկ ծ.վրդ. Գուճանեանը»:
«Աստուած վկայ, տակաւին երէկ ըսինք ու պիտի չկրկնենք: Կանխարգելիչ ապահովութիւնը անկասկած ապահովական մարմիններու պատասխանատուութիւնն է, սակայն պէտք է բոլորս գիտակցինք կացութեան դժուարութեան: Կանխարգելիչ ապահովութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն պատասխանատուութիւնն է, ըսել կ՛ուզեմ, օրինակի համար, ապօրինի ձեւերով ոչ ոք վարձուոր կամ աշխատանքի ընդունիլ», աւելցուց երեսփոխանը:
«Աստուած ողորմի հայր սուրբին եւ սրտագին ցաւակցութիւնս մեր եկեղեցիին ու Արամ Ա. կաթողիկոսին: Վստահ եմ, որ ապահովական մարմինները կարելի եղածին չափ շուտ պիտի բացայայտեն այս ոճիրի ծալքերը», եզրափակեց Թերզեան:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հեռաձայնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` դատապարտելով Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը: Ան նաեւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ համայնքին` պահանջելով քստմնելի ոճիրին հեղինակները խստագոյն պատիժի ենթարկել:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կրօնական յարաբերութիւններու բաժանմունքը դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը:
Մարատա հոսանքը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութեան ոճիրը` պահանջելով շտապել հեղինակներուն ձերբակալութիւնն ու խստագոյն կերպով պատժելը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ:
Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութեան դէպքը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց հայ համայնքին «այս աստուածապաշտ մարդու կորուստին համար»` պահանջելով շտապել հեղինակներուն ձերբակալութիւնն ու խստագոյն կերպով պատժել զանոնք:
Նախկին փոխվարչապետ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Կը դատապարտենք քստմնելի ոճիրը, որուն զոհը գնաց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը: Գողութեան, կրակոցի եւ սպանութեան ոճիրները որոշ ատենէ ի վեր կը շատնան, եւ ձերբակալութիւններու գրեթէ բացակայութիւնը պետութեան հեղինակութիւնը չ՛արտացոլացներ: Ժամանակն է, որ հեղինակները ձերբակալելու արտակարգ քայլեր որդեգրուին»:
Երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց. «Վերջին շրջանին սպանութեան ու գողութեան ոճիրներու մագլցումը մտահոգիչ է, եւ այսօր ահաւոր ոճիրի մը ճամբով կորսնցուցինք Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը»: Ան ապահովական մարմիններուն կոչ ուղղեց` աշխուժացնելու ոճրագործները ձերբակալելու ջանքերը եւ զանոնք յանձնելու արդարադատութեան ու խստագոյն կերպով պատժելու, ինչպէս նաեւ որդեգրելու ապահովական խիստ ծրագիր մը` «արգիլելու համար այսպիսի ոճիրներու կրկնութիւնը»:
«Այս առիթով սրտագին ու անկեղծ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին», աւելցուց Պուսթանի:
Երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Լիբանանի մէջ Հայ առաքելականներու առաջնորդի տեղակալ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի իր տան մէջ ահաւոր ոճիրով սպանութիւնը մերժելի ու ցաւալի է: Ամբողջական վստահութիւն ունինք ապահովական մարմիններուն նկատմամբ` բացայայտելու հեղինակները եւ զանոնք խստագոյն կերպով պատժելու: Աստուած ողորմի անոր եւ մխիթարէ հայ առաքելական համայնքը»:
Երեսփոխան Շարպել Մասաատ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց «իր կեանքը հաւատքին ու խաղաղութեան նուիրած կրօնաւոր» Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը` նշելով. «Այս դատապարտելի ոճրային արարքը բացայայտ յարձակում է մարդկային ու բարոյական արժէքներուն վրայ, եւ ոճիր մըն է, որ կը վտանգէ քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ կը հակասէ կրօնական ու ազգային բոլոր սկզբունքներուն»:
Ան առնչակից ապահովական ու արդարադատական կողմերուն կոչ ուղղեց անմիջապէս գործի լծուելու` բացայայտելու համար ոճիրին ծալքերը եւ խստագոյն կերպով պատժելու անոր հեղինակները, «արդարութեան իրագործումը ապահովելու եւ արգիլելու համար այսպիսի արարքները, որոնք կը թիրախաւորեն անմեղները»: Երեսփոխանը ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայր Անանիայի ընտանիքին` բոլորին կոչ ուղղելով «միասնականութեան կառչելու եւ բռնութիւնը մերժելու, որովհետեւ Լիբանանը միայն հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան հայրենիք կրնայ ըլլալ»:
Երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ դատապարտեց հայր Անանիայի սպանութիւնը` պետութեան պատասխանատուներուն եւ ապահովութեան ուժերուն կոչ ուղղելով` հետապնդելու ոճրագործները եւ զանոնք դատարանին առջեւ կանգնեցնելու:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին ու հայ համայնքին` աւելցնելով. «Ժամանակն է փակելու Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարը` առ ի պաշտպանութիւն քաղաքացիներուն»:
Եկեղեցական Կեցուածքներ
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքի գրասենեակը յայտնեց. «Մինասեան պատրիարքը խոր ցնցումով ու ցաւով կը դատապարտէ քստմնելի ոճիրը, որ խլեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի կեանքը, այդ ոճիրը նկատելով բացայայտ յարձակում մը ոչ միայն անոր անձին վրայ, այլ խոր արժէքներուն վրայ, որոնց վրայ հիմնուած են եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքի պատգամը, ինչպէս նաեւ սիրոյ եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք մարդկային ընկերութեան սիւներն են: Այս վախկոտ արարքը անպատասխան պիտի չմնայ եւ պիտի չըլլայ պարզապէս անցողիկ դէպք մը, որ ոճիրներու արձանագրութեան մէջ կը փակուի, այլ մարդկութեան խղճին վրայ վէրք մը պիտի մնայ, մինչեւ արդարութեան իրագործում եւ յանցագործներուն խիստ կերպով պատժուիլը»:
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ Զահլէի, Այնճարի, Լիբանանի եւ աշխարհի բոլոր հայերուն` նշելով. «Հայր Անանիայի կորուստը պարզապէս անձնաւորութեան մը կորուստը չէ, այլ կորուստը ձայնի մը, որ իր կեանքին մէջ կրեց հաւատքի եւ ծառայութեան պատգամը, ան սիրոյ եւ երկխօսութեան ուղիին վրայ լուսաւոր ջահ մըն էր եւ եկեղեցւոյ արժէքներուն ու ուսուցումներուն խոր յանձնառութեան խորհրդանիշ մը»:
«Այս դժուար պահուս, եկեղեցւոյ զաւակներուն կոչ կ՛ուղղենք` միախմբուելու ու հաւատքի մէջ ամուր մնալու եւ չարիքի ու վախի ուժերուն չարտօնելու սրտերուն մէջ թափանցելու: Մեր եկեղեցին ամուր կանգնած պիտի մնայ իր ժայռին վրայ եւ պիտի շարունակէ վկան ըլլալ Քրիստոսի լոյսին, որ չի մարիր, որքան ալ յարձակումի խաւարը զօրանայ», աւելցուց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը:
Յոյն ուղղափառներու լիբանանեան ընկերակցութիւնը դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի` «իր հօտը սիրող ու անոր մօտիկ այս վարդապետ»-ին սպանութիւնը` «եղբայրական» ցաւակցութիւն յայտնելով Արամ Ա. կաթողիկոսին ու ընդհանրապէս հայ համայնքին, եւ ապահովական ուժերուն կոչ ուղղելով բացայայտել ոճիրին հեղինակները եւ զանոնք ենթարկելու խստագոյն պատիժի:
Զահլէի եւ Պեքայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը բուռն կերպով դատապարտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի սպանութիւնը: Ֆըրզոլի, Զահլէի եւ Պեքայի յոյն կաթողիկէներու առաջնորդ Իպրահիմ եպս. Միխայիլ, Զահլէի մարոնիներու հոգեւոր հովիւ Ժոզեֆ եպս. Մուաուատ, Զահլէի եւ Պաալպեքի յոյն ուղղափառներու հոգեւոր հովիւ Անթոնիոս եպս. Սուրի եւ Զահլէի ու Պեքայի ասորի ուղղափառներու հոգեւոր հովիւ Պուլոս եպս. Սաֆար միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին. «Այս ոճիրը պարզապէս անձի մը վրայ յարձակում չէ, այլ թիրախաւորումը հանդուրժողականութեան ու սիրոյ արժեչափերուն, որոնց մասին կը ջատագովեն միաստուածեան կրօնները»:
Եպիսկոպոսական խորհուրդը առնչակից իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` շտապ կերպով գործելու` ձերբակալելու եւ խստագոյն կերպով պատժելու յանցագործները` երաշխաւորելու համար արդարութեան իրագործումն ու արգիլելու համար այսպիսի քստմնելի արարքներու կրկնութիւնը:
Անոնք կոչ ուղղեցին «բոլոր հաւատացեալներուն կողք-կողքի կանգնելու բռնութեան դէմ եւ աշխատանք տանելու խաղաղութեան ու կայունութեան համար»` շեշտելով. «Հակառակ մարտահրաւէրներուն ու դժուարութիւններուն, եկեղեցին հաստատ պիտի մնայ սիրոյ եւ եղբայրութեան վրայ հիմնուած իր առաքելութեան վրայ»:
Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Միշել Մաթթա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ցնցուած է ու կը դատապարտէ «Լիբանանն ու Հայ առաքելական եկեղեցին ցնցած ահաւոր ոճիրը, որ խլեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի կեանքը: Այս ոճրային արարքը յարձակում է կրօնական ու մարդասիրական արժէքներուն վրայ»:
Մաթթա խորհուրդին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ ապահովական մարմիններուն կոչ ուղղեց` աշխուժացնելու ոճիրի ծալքերուն բացայայտման աշխատանքը եւ ձերբակալելով յանցագործները զանոնք կանգնեցնելու արդարադատութեան առջեւ, որպէսզի անոնք իրենց արդար պատիժը կրեն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ