Կարօ Արմենեան
Մինչ ամենէն մղկտալի պայմաններու մէջ տեղի կ՚ունենայ մեր ժողովուրդի խուճապային ելքը Արցախէն, Ազրպէյճանի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հրապարակած է Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարդկային կորուստներու պատկերը, ըստ որուն ազրպէյճանական կողմը ունեցած է 192 սպանեալ, 511 վիրաւոր։ Հաւանաբար շատ աւելի՛ն՝ զոր Բաքու կը նախընտրէ պահել Ազրպէյճանի և աշխարհի հանրութենէն։
Այլ խօսքով, նախայարձակ Գողիաթը, որ սպառազինուած էր անհամեմատօրէն աւելի ճոխ զինատեսակներով և ռազմակարողականութեամբ և իր կողքին ունէր Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Ուկրայինայի, ԱՄՆ-ի և այլ երկիրներու զինամատակարարման համակարգերը, յանկարծ ինքզինք կը գտնէ դէմ յանդիման Արցախի մէջ իրեն սպասող Դաւիթին։ Վիճակագրական այս տուեալները ինքնին կը վկայեն, թէ ինչպիսի՜ խիզախութեամբ և ռազմագիտական քանքարով կռուած են Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակի զինուորները։
Բնական պայմաններու մէջ, հայկական այս ուժը պէտք էր ուժեղ հակահարուած տուած ըլլար թշնամիին և ջարդուփշուր ընէր անոր յարձակողականը։ Այդ բանը անպայման տեղի պիտի ունենար ցարդ հաստատուած և բազմիցս փորձուած հայկական ռազմավարական կերպարին (model) շնորհիւ, որ կ՚ենթադրէր ՀՀ Զինեալ Ուժերու խորքային զօրակցութիւնը Արցախի ուժերուն՝ երկու հայկական բանակներու միջև վաղուց ձևաւորուած փոխներգործօն մարտավարութիւններով։ Եւ անշուշտ տեսնելով հայկական ուժի գերազանցութիւնը գետնի վրայ, Մոսկուան պիտի փութար միջամտելու և նոր զինադադար հռչակելու…ինչպէս անցեալին։
Այս բանը տեղի չունեցաւ։ Չէր կրնար տեղի ունենալ։ Երևանի մէջ նստած վիշիական թրքահաճոյ իշխանութիւնը Արցախը թողուց առանց յենարանի։ Ան Արցախը հռչակեց Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մաս։ ԱՆ ԽԶԵՑ ԿԱՊԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ։ Եւ երբ ազրպէյճանական ուժերը ներխուժեցին Արցախի մեր ամրոցէն ներս, ան մերժեց որևէ ռազմական օժանդակութիւն։ Ան Արցախին զլացաւ իր արդար յաղթանակը։ ՄԵ՛Ր ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ։ ԱՐՑԱԽԻ , ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ , ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԱՂՈՒԱՆ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈ՛Ւ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ։
Ան ոչ միայն զլացաւ այդ յաղթանակը Արցախին և հայ ժողովուրդին, այլ Արցախին պարտադրուած այս ահաւոր պարտութեամբ ան թշնամիին «նուիրեց» Արցախի հզօր ռազմոյժը։ Մանագէտներու վկայութեամբ՝ մօտ մէկ միլիառ տոլար արժողութեամբ բարձրորակ հրակարողականութի՛ւն (firepower)՝ որ յանձնուած է թշնամիին Պաշտպանութեան Բանակին հասցուած դաւադրական այս հարուածով։ Ան թշնամիին յանձնեց Արցախեան մեր հայրենիքը և անկէ բխող աշխարհաքաղաքական այն կենսական յենարանը առանց որուն հարցականի տակ է այսօր հայ պետականութեան լինելիութեան շէնքը և ի վերջոյ հայութեան հաւաքական գոյութի՛ւնը իր հայրենի հողին վրայ։
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Բանակը ժամանակակից հայոց պատմութեան սխրալի իրագործումն էր։ Իր անվիճելի ռազմահեղինակութեամբ, ան մեր առաջնագիծը պահող անսասանելի ուժն էր։ Փանթուրքիզմի աղէտը իր բոյնին մէջ խեղդող մհերեան մագի՛լը և սարսափը թշնամիին։ Պաշտպանութեան Բանակի ողբերգութիւնը մեր ազգային ողբերգութիւնն է այսօր։ Անոր կազմաքանդումով կը խախտի հայոց հայրենիքի պաշտպանունակութեան բանալի գրաւականը։ Եւ անշուշտ՝ նոյն համեմատութեամբ կը հզօրանայ թուրքևազրպէյճանական (և իսրայէլեա՛ն) մեր թշնամիի լծակային ուժը Ռուսաստանի, Իրանի և Արևմուտքի նկատմամբ։ Այսինքն բոլոր այն ուժե՛րը՝ որոնք բնական գործօններն են Կովկասի հաւասարակշռութեան և որոնց պէտք ունի հայ անկախ պետականութիւնը իր լինելիութիւնը կարենալ կերտելու համար։ Մինչդեռ Արցախի լուծարումով թուրքևազրպէյճանական թշնամի ուժը (Իսրայէլի հետ միասին) կը դառնայ գերիշխող և իր օրակարգը կը պարտադրէ տարածաշրջանի ռազմաբեմին։ Ամենէն ցանկալի, ամենէն գերիրական և նիրվանեան դիրքը որ Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ., Թալէաթ, Էնվէր, Ճեմալ և Մուսթաֆա Քեմալ երբևէ երազած ըլլային Թուրքիոյ համար։
Սեպտեմբեր 27, 2023