Ս. Մահսէրէճեան
Պանկլատէշի վարչապետ Շէյխ Հասինայի երկրէն փախուստը Երկուշաբթի, 5 Օգոստոսին, գրաւեց միջազգային լրատու աղբիւրներու առաջին տեղը. նախընթաց օրերէն շատ աւելի լայն ու մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդուեցան եւ բազում մեկնաբանութիւններ իրարու հետ մրցումի ելան յեղաղրջական շարժումին մասին, որուն շարժիչ ուժը ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ:
Այս սիւնակին մէջ պիտի չմտնենք եղածին բազմաթիւ ծալքերուն մէջ, ո՛չ ալ պիտի պեղենք ստեղծուած վիճակին իրական կամ ենթադրեալ արմատները, որոնք կ’երկարին մինչեւ 1971, անգա՛մ մինչեւ 1947, երբ ծնունդ առաւ Պանկլատէշ անունով (իբրեւ իսլամական ճանչցուած) երկիրը, նախ Փաքիստանի հետ անջատուելով Հնդկաստանէն, ապա դառնալով անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն: (Մանրամասնութիւն մըն է, օրինակի համար, բրիտանական կայսրութենէն անկախցած Հնդկաստանէն այս անջատուուողներուն… Անգլիոյ զօրակցութիւնը): Երկար է պատմութիւնը նաեւ ներքին այն հակամարտութիւններուն ու մրցակցութիւններուն, որոնք որոշ հանգրուաններու իրարու դէմ հանած են նախկին գործակիցներ (նման վիճակներու ականատես եղած ենք նորանկախ բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Ափրիկէի եւ այլ ցամաքամսերու վրայ): Կ’ուզենք լուսարձակի տակ բերել քանի մը գլխաւոր գիծ, որոնք ուսանելի են նա՛եւ հայերուս համար: Պատճառը այն չէ, որ Երեւանի արեւմտեան՝ Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանը ծանօթ է Պանկլատէշ անունով:
Ա. Հրաժարեալ եւ Հնդկաստան ապաստանած վարչապետուհին, 76 տարեկան, պատմական դէմք է. ան աւելի քան 20 տարի (երկու փուլով՝ 1996-2001 եւ 2009-2024) վարած է երկրին ղեկը: Դուստրն է Պանկլատէշի հիմնադիր եւ առաջին նախագահ Շէյխ Մաճիպուր Ռահմանի: Երկար ատեն սիրուած առաջնորդ էր. անոր կը վերագրուի Պանկլատէշի ապրած որոշակի բարգաւաճումը (նաեւ այլ դրական բարենիշներ ունի): Վերընտրուած էր այս տարեսկիզբին: Կը վայելէր բանակին զօրակցութիւնը: Անոր դէմ բողոքի շարժումներ արձանագրուած էին անցեալին, սակայն ան յաջողած էր մնալ ղեկին: Վերջին ընտրութիւններու նախօրեակին, անցեալ տարեվերջին, բանտախուցերը լեցուած էին շուրջ 25 հազար ընդդիմադիրներով…
Բ. Դժգոհութեան եւ բողոքի նորագոյն շարժումը սկիզբ առաւ Յունիսին, ուսանողական շարքերէ: Սկզբնապէս, կար այն վիճակը, թէ այս շարժումն ալ անպտուղ պիտի մնայ: Յետոյ, դէպքերը ստացան այլ ընթացք: Շարժումին անմիջական դրդապատճառը՝ խտրական օրէնքի մը շուրջ ստեղծուած՝ մուկ-կատուի խաղն էր. դրութիւնը պետական պաշտօններու կը կոչէր ընտրեալներու դասակարգ մը: Ըստ վիճակագրութիւններու, 170 միլիոն բնակիչ ունեցող երկրին մէջ, շուրջ 32 միլիոն անգործ ուսանող-երիտասարդ կայ: Յունիսին ծայր առած բողոքի ալիքը կտրուկ բարձրացում արձանագրեց Յուլիսի վերջին 10 օրերէն ասդին: Ուսանողները իրենց կողքին շահեցան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու զօրակցութիւնը, սակայն ո՛չ՝ բանակը (սկզբնական փուլին), որ իշխանութեան կողմէ գործի հանուեցաւ ճնշելու ցոյցերը: Քանի մը օրուան մէջ, վիճակը դարձաւ անհակակշռելի: Մայրաքաղաք Տաքայէն մինչեւ այլ մեծ ու փոքր քաղաքներ վարակուեցան բողոքողներու բազմութիւններով: Որոշ օրեր, ցուցարարներու թիւը գնահատուեցաւ միլիոնով: Ուսանողներուն սկսած շարժումը գտաւ լայն ժողովրդականութիւն, որովհետեւ մարդիկ դժգոհ էին տնտեսական եւ ընկերային գետիններու վրայ աղէտալի նահանջներէն (սղաճ, սուղ դրամանիշներու պահեստի նահանջ եւ այլն):
Գ. Իշխանութեան ի գործ դրած բիրտ ուժը ունեցաւ ահաւոր հետեւանքներ: Ըստ հաւաստի տեղեկութիւններու, վերջին երկու շաբաթներուն, արձանագրուած են առ նուազն 300 զոհ, որոնց շարքին՝ մանուկներ, որոնք սպաննուած են իրենց բնակարաններուն մէջ: Կ’ըսուի, թէ զոհերուն թիւը կ’անցնի հազարը…:
Դ. Բողոքաւորներուն միակ պահանջն էր՝ ՇԷՅԽ ՀԱՍԻՆԱ ՊԷՏՔ Է ՀՐԱԺԱՐԻ: Հիմա արդէն կը խօսին անոր երկիր վերադարձի եւ դատարան ղրկուելու պահանջներուն մասին: Կ’արժէ կրկնել, որ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՇԱՐՈՒՄԸ անգամ մը եւս փաստեց, որ երիտասարդութիւնը կրնայ լեռներ շարժել: Նախընթացները արձանագրուած են Եւրոպայի մէջ, Չինաստանի մէջ (Թիան Ան Մէն), հարաւ-ամերիկեան երկիրներու մէջ եւ այլուր:
Ե. Իբրեւ ուսանողական շարժում սկսած ալիքը, ինչպէս նշեցինք, վերջին օրերուն շահեցաւ քաղաքական ընդդիմադիրներու զօրակցութիւնը (թէ ի՞նչ ծալքեր կան հոն՝ չենք ուզեր արծարծել): Նախկին բանակայիններ ալ միացան ընդդիմադիրներուն: Ի վերջոյ, բացայայտ դարձաւ, որ բանակն ալ թողլքած է վարչապետը, որուն դիմաց բաց մնացած էր մէկ դուռ. հրաժարիլ եւ ապաստանիլ Հնդկաստան:
Զ. Վարչապետին իրողական պաշտօնանկութիւնը յայտարարեց բանակի հրամանատարը`Զօր. Ուաքէր ուլ-Զաման: Ան չեղեալ հռչակեց ստիպողական վիճակը, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան կոչ ուղղեց եւ ըսաւ, թէ կազմուած է ԱՌԺԱՄԵԱՅ ՓՈԽԱՆՑՄԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ մը: Խզուած հաղորդամիջոցները (համացանց եւ այլ) վերականգնեցան, խռովութիւններու ալիքը մեծ մասամբ մարեցաւ:
Վարչապետին հրաժարականին՝ բանակին կողմէ հրապարակումը գրաւեց միջազգային շրջանակներու ուշադրութիւնը եւ փաստագրեց, որ բանակը միացած է շարժումին, անընդունելի գտած է արիւնահեղութիւնը եւ բռնաճնշումները (ցուցարարներու դէմ գործածուած էին արցունքաբեր ռումբեր, ձգախէժէ փամփուշտներ եւ այլ կարծր զէնքեր…): Մեր ուշադրութիւնը գրաւեց պանկլատէշցի լրագրող մեկնաբանի մը բացատրութիւնը, որ սփռուեցաւ ֆրանսական պատկերասփիւռ կայանէ մը: Հիւրընկալ հաղորդավարին այն հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ բանակային մը կ’ընէ այս յայտարարութիւնը, մեկնաբանը պատասխանեց կարճ ու կտրուկ. «ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՔԱՅԼ ԱՌ ՔԱՅԼ ՔԱՆԴԱԾ ՈՒ ԿԱԶՄԱԼՈՒԾԱԾ ԷՐ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ, ՍԿՍԵԼՈՎ ԻՐԱՒԱԿԱՆԷՆ ՈՒ ՀԱՍՆԵԼՈՎ ԱՅԼ ՈԼՈՐՏՆԵՐ. ԿԸ ՄՆԱՐ ՄԻԱՅՆ… ԲԱՆԱԿԸ»:
Վաղը, օրերն ու շաբաթները ցոյց պիտի տան, թէ բողոքի այս շարժումը ցարդ նշուածներէն այլ՝ ի՞նչ խորքեր ու արմատներ ունէր (մէկ մասը յստակ է, սակայն, ինչպէս ըսինք, չենք ուզեր մտնել մանրամասնութիւններու մէջ), որո՞նք կը կանգնին – դուրսէն — անոր ետին: Արդեօք անիկա մէկ նոր օղա՞կն է այն «գունաւոր յեղափոխութիւն»ներու, որոնք առատօրէն կ’ընծայուին հոս-հոն:
Ժամանակը ցոյց պիտի տայ նաեւ, թէ ժամանակաւոր ու փոխանցման կառավարութիւնը որո՞ւն ենթակայ պիտի ըլլայ, նկատի ունենալով, որ բանակը միշտ ալ տիրական դեր խաղացած է նման շարժումներու զսպման մէջ: (Կը յիշէ՞ք Թուրքիոյ կամ այլ երկիրներու բանակի դերակատարութիւնները…): Յաջորդ իշխանութիւն(ներ)ը պիտի յաջողի՞ն բարեշրջման դուռները բանալ եւ դարմանել կուտակուած տագնապները: Ասիոյ հարաւ-արեւելեան (ո՛չ միայն) երկիրներու մէջ նախընթացները ուրիշ բան մտածել կու տան. նկատի ունինք նոյնինքն Հնդկաստանի, Փաքիստանի, մինչեւ իսկ Միանմարի եւ այլ երկիրներու նախընթացները:
Անշուշտ կը մնայ այլ կարեւոր հարցում մը, որ այս հարցով մեր հետաքրքրութեան կիզակէտն է. Հայաստանի մէջ արդեօք ուսանող կա՞յ, որ շահի բանակին եւ ազգապահպան-հայրենապաշտպան ընդդիմադիրներուն աջակցութիւնը, դառնայ ՄԻԱՑՆՈՂ ԳՈՐԾՕՆ, մանաւանդ, որ մեր հայրենիքին գլխուն կախուած վտանգները շա՛տ աւելի օրհասական են:
…Ուշագրաւ էր, որ նահանջի յորդորներու ու խաբէութեան տոպրակը կռնակը առած եւ Բերքաբեր գացած վարչապետը «Դուխով» արձանագրութեամբ գլխարկը չի գործածեր երկար ատենէ ի վեր:
5 Օգոստոս 2024