Երգի Մը Պատմութիւնը. Արաբոյի Օրերէն Մինչեւ Մեր Օրերը Հնչած «Զարթ(ն)ի՛ր, Լաօ՛» Ահազանգային Երգին Պատգամը

Երգի Մը Պատմութիւնը. Արաբոյի Օրերէն Մինչեւ Մեր Օրերը Հնչած «Զարթ(ն)ի՛ր, Լաօ՛» Ահազանգային Երգին Պատգամը

Աւօ Գաթրճեան



Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին ծնունդ տուած է ազգային շունչ ներարկող ռազմական, հայրենասիրական, ազգային, յեղափոխական, հայդուկային, ժողովրդական, ազգագրական, օրօրոցային եւ մարտական հազարաւոր երգերու:

Այդ երգերու մեծ բաժինը ծնունդ առած են 18-րդ դարու վերջաւորութեան հայ ժողովուրդի կողմէ մղուած ազատագրական պայքարին եւ կը շարունակուին մինչեւ օրս:

Հայ ժողովուրդը այդ երգերով սնանած ու անոնցմէ ներշնչուած է, անոնց մէջ տեսած է` իր ազատութիւնը, պայքարը, յաղթանակը, անկախութիւնը, հողին կառչելու ուժականութիւնը, գոյամարտը եւ գոյերթը: Այդ իսկ պատճառով ան գուրգուրած ու մասունքի նման պահպանած է այդ երգերը:

Ակնյայտ իրողութիւն է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ազգային արժէքները պահպանելու պարտաւորութիւնը բնականաբար ինկաւ սփիւռքի ուսերուն վրայ, յատկապէս` անոր մէկ հատուածին: Այդ իմաստով ալ ազգագրական երգերէն շատերը սփիւռքը պահեց-պահպանեց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք վերադարձուց հայրենիք:

Այդ երգերէն մէկն ալ հայդուկապետ Արաբոյին նուիրուած երգն է, որ աւելի ծանօթ է «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» կրկներգի հիման վրայ:

Նիւթի հրատապութիւնը եւ տասնեակ տարիներու ընթացքին գեղարուեստական այժմէականութիւնը մեզ մղեց, որ լուսարձակի տակ առնենք եւ հանգամանալից կերպով ուսումնասիրենք:

Առաջին հերթին, պէտք է խոստովանիմ, որ «Զարթնի՛ր, լաօ՛» երգը մանկութենէս նախ լսած էի հօրմէս եւ` շատ սիրած, հետագային իր ոգեւորիչ ու խանդավառ երաժշտական ոճին պատճառով կ՛երգէի: «Զարթնի՛ր, լաօ՛»-ն մեր ընտանեկան հաւաքոյթներու ընթացքին մեր երգացանկին առաջին երգուած երգերէն էր: Այս եւ նման հայերէն բազմաթիւ երգերով նաեւ դաստիարակուեցանք եւ հասակ առինք: Դաստիարակուեցանք ու զինուեցանք հայ երգի, մանաւանդ ազգային, ռազմա-հայրենասիրական, յեղափոխական երգերու հրայրքով ու հմայքով, որոնք եղան հայկականութեան հրավառ հայրենասիրութիւն եւ ազգապաշտութիւն ջամբող մէկ կարեւոր գործօն:

«Զարթնի՛ր, լաօ՛» երգը բնականաբար հետաքրքրական ճակատագիր ունեցած է. ան կազմաւորուած է պատմական հենքի վրայ, նուիրուած է հայ առաջին ֆետայիներէն Արաբոյին:

Ո՞վ էր Արաբոն:

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայապետ, առաջին ֆետայիներէն (1880-ականներուն), Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ Արաբօ, բուն անունով` Ստեփանոս Մխիթարեան, յայտնի է նաեւ Առաքել անունով: Արաբօ ծնած է 1863 թուականին, Պիթլիսի նահանգի Կուռթեր գիւղը: Կուռթեր գիւղը կը մտնէր Սասունի Բռնաշէն գաւառակի մէջ:

Սորված է Մուշի Առաքելոց վանքի դպրանոցին մէջ: Արաբոն, չհանդուրժելով քիւրտ ցեղապետներու վայրագութիւնները, կ՛որոշէ անոնց պատասխանել «ակն ընդ ական»-ով: Ան յանդուգն էր, արի, վեհանձն, կը պաշտպանէր հասարակ գիւղացին` անկախ ազգութիւնէ: Կը կողոպտէր հարուստներու ունեցուածքը ` բաժնելու համար անխտիր բոլոր գիւղացիներուն:

Գործած է Սասունի, Տարօնի գիւղերու մէջ:

Ինքնապաշտպանութեան նպատակով կազմակերպած է զինուած խումբ, որուն կազմին մէջ էին` Ալիզըռնանի Լեւոնը, Գոմերցի Յովիկը, Սաղտունի Գեալշօ Մանուկը, Բերդակի Ներսոն, Մխօ Շահէնը, Ղարսեցի Հակէն, Գէորգ Չաւուշը:

1882 թուականին թուրք իշխանութիւնները Բերդակ գիւղին մէջ ձերբակալած են Արաբոն, դատապարտած` 15 տարուան տաժանակրութեան, սակայն փախած է Պիթլիսի բանտէն եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը: Մուշի մէջ կազմակերպած եւ գլխաւորած է հայկական առաջին հայդուկային խումբերէն մէկը: Պայքարած է սուլթանական բռնապետութեան ազգային ճնշումներու եւ ընկերային կեղեքումներու դէմ:

Տարօնի հայութիւնը պաշտպանած է թուրք պաշտօնեաներու եւ քիւրտ ցեղապետներու հարստահարութիւններէն: 1889 թուականէն սկսած է այցելել Կովկաս: 1892 թուականին Թիֆլիսի մէջ մասնակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան Ա. Ընդհանուր ժողովին:

1893 թուականի գարնան Սասունի ապստամբներուն օգնելու նպատակով, Կովկասէն զէնք տեղափոխելու ժամանակ, Արաբոն 16 հոգինոց լաւ զինուած խումբով Կարսի մարզէն կ՛անցնի ռուս-թրքական սահմանը` ուղղութիւն վերցնելով դէպի Խնուս-Մուշ: Ճանապարհին` Ղոզլուի սարերու մէջ քիւրտերու հետ կռուի ժամանակ կը զոհուի Արաբոյի զինակից Ալիզռնանցի Լեւոնը: Արաբոն իրեն հետ վերցնելով իր ընկերներէն հինգ հոգի` քիւրտի տարազով կը շարունակէ ճանապարհը դէպի Մուշ, բայց Գեալէ-ռաշ (Սեւ բերդ) կոչուող ձորին մէջ, Մուշի եւ Խնուսի միջեւ, դարձեալ կը բախուի քիւրտերու հետ: Կռուի ընթացքին կը զոհուին Արաբոյի զինակիցներ` Պուլկարը, խնուսցի Մելքոնը, մշեցի Աւոն եւ Մարտոն: Արաբոն եւ ախալցխացի Վարդանը մեծ քաջութիւն կը դրսեւորեն, բայց անոնց բոլոր ջանքերը` ճեղքելու թշնամիի օղակը ու հասնելու հանդիպակաց լեռները, կ՛անցնին ապարդիւն: Արաբոն եւ Վարդանը նոյնպէս կը նահատակուին այդ կռուի ընթացքին:

Ժողովուրդը երգեր հիւսեց Արաբոյի մասին եւ գովերգեց անոր խիզախութիւնը:

Արաբոյին նուիրուած ամէնէն ուժեղ եւ ազդու երգերէն է աշուղ Ֆահրատի հեղինակութեամբ «Արաբոյի երգը» («Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛») խորագիրը կրող երգը, որ տարիներու ընթացքին երաժշտութիւնը, բառերը եւ վերնագիրը որոշ փոփոխութիւններ կրած են: Այս երգը բոլորիս ծանօթ է նաեւ «Խուժան ասկեար, զօրք է ժողովել»:

Նախ երկու խօսք` Ֆահրատի(2) մասին: Ֆահրատ, նաեւ` Ֆէյրատի, բուն անուն-ազգանունը` Խաչատուր Գէորգեան, ծնած է 1867 թուականին, Տիրաքլար (ներկայիս` Շիրակի մարզի Կառնուտ), մահացած է 1921 թուականին, Գիւմրի: Հայ աշուղ, որ երեք տարեկան հասակին կուրցած է:

Մանուկ հասակին ծնողները Խաչատուր Գէորգեանը յանձնած են աշուղ Ֆիզահիի խնամքին, որ անոր սորվեցուցած է սազ եւ ջութակ նուագել: 1884 թուականին նշանաւոր աշուղներ Ջիւանին, Զահրին եւ Ճամալին անոր շնորհած են վարպետի կոչում` տալով Ֆէյրատի մականունը:

Յօրինած է հերոսապատման թեմայով ասքեր, գրած է երգեր` Րաֆֆիի, Խաչատուր Աբովեանի, Ծերենցի, Մուրացանի գրուածքներու հիման վրայ: Ստեղծագործած է հայերէն եւ թրքերէն, սակայն թրքերէն երգերը չեն պահպանուած եւ մոռցուած են: Գրած է մաքուր գրական հայերէնով` համեմուած իր ժամանակի կենդանի լեզուի բառ ու բանով:

Ֆահրատը կը համարուի Գիւմրիի աշուղներու վերջին նշանաւոր ներկայացուցիչը: Անոր գործերը ամփոփուած են «Երգիչ Ֆահրատի ողբերն ու հառաչները» գիրքին մէջ, Ալեքսանդրապոլ, 1906(3):

Նկատի առնելով, որ երգին կրկներգը «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ, մռնիմ քըզի» բառերն են, եւ այս բառերը ամէնէն շեշտուած եւ ընդհանրապէս յիշողութեան մէջ քանդակուած են, հետեւաբար կ՛արժէ բացատրել մեզի քիչ ծանօթ հոն գործածուած «լաօ» բառը:

«Լաօ» բառի ստուգաբանութեան մասին պէտք է արձանագրել, որ Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ին մէջ հետեւեալ ձեւով կը բացատրուի. լաւօ, լաօ – (քրտերէն` lau, lav = մանչ, տղայ), գ. (իբրեւ կոչական) ա՜յ տղայ: «Լաօ» բառը ընդհանրապէս օգտագործուած է Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ, Վան շրջաններուն մէջ` իբրեւ կոչական բառ (յատկապէս` տղամարդու հետ):

1904-ին լոյս տեսած աշուղական, ժողովրդական խառն երգերու եւ պարերգերու նուիրուած «Ռամկական մրմունջներ»-ու մէջ կը հանդիպինք «Արաբոյի երգը» խորագրով Ֆահրատի բնագիրին, որ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ:

Արաբոյի Երգը
Սասունայ սար փչէ ուր հով,
Արեւ կշտէդ ընցնի ամպով,
Չուր ե՞բ քնիս երազներով.
Զարթի՛ր, լաօ, մռնիմ քըզի,
Ե քէ մռնիմ, օգնէ խայուն:

Բոբիկ էրթամ Մարմառ- Քումբէթ,
Եօթ- Անունն էղնի քո խետ,
Քրդու արուն կաթա թրէգ: Զարթի՛ր…

Բոբիկ ոտքով չուր Աղթամար,
Էրթամ յիլամ քըզի համար,
Քէ խետ էղնի սուրբ Տիրամայր: Զարթի՛ր…

Քրդու դըհէն էղնի պօղօս,
Խայու Խայրիկ քէ բարեխօս,
Թուրգի օրհնէ մըր Քիրիստոս: Զարթի՛ր…

Գրող տանի քուրդ Աբոյին,
Ըսպաններ է ջոջ Ափոյին,
Իլլաջ մացեր Արաբոյին: Զարթի՛ր…

Չուր ե՞բ մնամ էլու դռները,
Էրթամ գտնիմ զիմ խեղճ գառներ,
Սուքեմ զիմ բախչայի ծառներ: Զարթի՛ր…

Դէն իրիշկէ, գալող ո՞րն է,
Քաջ Արաբօ բաղտաւորն է,
Կարմիր իրիցանց զինւորն է: Զարթի՛ր…

Խեղճ մշեցին մնաց լալով,
Հեռու երկրներ մանգալով
Մեռաւ թուրքի պարտքը տալով: Զարթի՛ր…

Ոտքի կայնի, կտրիճ Խերան,
Զօրքով գնա՛ առաջ ուրան,
Սալաթ Մէյրու բաժին ղուրբան: Զարթի՛ր…

Սէֆիլ, շիւար, մացած Հայեր,
Էղած անտէր – բնաւեր հաւքեր,
Տէր, դու փըրկէ, պահէ՛ արթուն: Զարթի՛ր…

Աշուղ Ֆահրատի «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» հայկական ժողովրդական երգը ստեղծուած է 1890-ական թուականներուն, Արեւմտեան Հայաստանի Տարօնի շրջանին մէջ, երբ հայ յեղափոխական խումբերու կողմէ ազգային-ազատագրական պայքար սկսած էր թուրք ջարդարարներու դէմ:

Երգը յօրինուած է իբրեւ օրօրոցային, որուն մէջ սակայն մայրը ոչ թէ ննջելու, այլ զարթնելու կոչով կը դիմէ իր արու զաւակին. նպատակը` երեխայի մէջ սերմանել զգօնութիւն, որ կ՛ապահովէ անոր լուսաւոր ապագայ:

Ինչպէս ըսինք, «Արաբոյի երգը» («Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛») յօրինուած է աւանդական օրօրներու նմանութեամբ, միայն հակառակ նպատակաուղղուած` արթնցնել, ոտքի հանել մանուկը` լաոն, զէնքի կոչել: Թէեւ հոն կը դրուատուին խիզախ ֆետայի Արաբոյի սխրանքն ու քաջագործութիւնները` շրջանի թուրք ոճրագործ կառավարիչներուն դէմ: Սակայն օրօրին մէջ ակնյայտ է, որ կեդրոնական դէմքը մայրն է: Ան զաւակին կը պատմէ Մշոյ հայութեան (որոշ տարբերակներուն մէջ` հայութեան առհասարակ) թշուառ վիճակին մասին. թրքական կառավարութեան հայահալած վերաբերմունքի, դաժան հարկահանութեան, կեղեքումներու ու կոտորածներու պատճառով խեղճ մշեցին մեռաւ լալով, փախչելով հայրենի հարազատ վայրերէն եւ օտար երկրներու մէջ դեգերելով: Մայրը, մատնացոյց ընելով Արաբոն` կը յորդորէ որդին` հետեւիլ սիրուած հերոսի օրինակին, զինուորագրուիլ հայրենիքի ազատութեան գործին: Այս հատուածին մէջ մայրը կը յայտնէ, որ թուրք ասկեարը (զինուորը) սպաննած է հայութեան պաշտպան, ապաւէն Ջոջ (Մեծ) Ապոն (Ափոն), որ նոյն Արաբոն է, եւ մեր ժողովուրդին յոյսը թողած է օրօրոցի վրայ: Այսինքն համիտեան ջարդերուն զոհ գացին մեծահասակ տղամարդիկ, որոնք պէտք էր պաշտպանէին իրենց ընտանիքներն ու հայրենակիցները, եւ մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան յոյսը մնաց այս ամէնուն դեռ անտեղեակ եւ իրենց ժողովուրդի ցաւին տակաւին անհաղորդ մանուկները, որոնք քնացած են օրօրոցներուն մէջ:

Աւարտին, մայրը կոչ կ՛ընէ զաւակին` «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛, մեռնիմ քըզի»: Այս տողը կը կրկնուի իւրաքանչիւր քառատողի վերջը եւ կը բացայայտէ երգին հիմնական տրամադրութիւնը. իսկ ան պայքարի կոչ է` ուղղուած ամբողջ հայութեան: Այլ խօսքով, այս կրկներգին մէջ է, որ բացայայտուած է երգին հիմնական բովանդակութիւնը, որ պայքարի ելլելու կոչ է` ուղղուած ողջ հայութեան:

Երգի տարբերակներէն մէկուն վերջին քառատողին մէջ մայրը քնացած մանուկին կը յայտնէ, որ սուլթան Համիտը զօրք ժողված, հաւաքած, եկած ու արդէն Մշոյ բերդը պատած է եւ կ՛ուզէ բռնել նաեւ իրենց` մօրը եւ մանուկին, խաթարել նաեւ մանուկին քունը: Եւ դարձեալ կոչ կ՛ընէ. «Զարթի՛ր, լաօ, մեռնիմ քըզի», կարծես ըսել կ՛ուզէ, որ ջոջերու` մեծերու կորուստէն ետք հայ մանուկը այլեւս խաղաղ քունի իրաւունք չունի, ան պէտք է արագ մեծնայ եւ շարունակէ իր հօր պայքարը:

Այստեղ յատուկ ուշադրութեան կը յանձնենք, «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» կամ «Չուր եփ մնամ» մեզի քիչ ծանօթ երգին այն տարբերակը, որ իր բնոյթով աւանդական օրօրոցային է, այս պարագային կոչ պարունակող բովանդակութեան հետ մէկտեղ ծորուն մեղեդիով, այդ մեղեդիի տարբերութեամբ կրկնութիւններով, յանկարծախօսութեան շարադրանքով, ազատ կշռոյթով:

«Չուր եփ մնամ»

Չուր ե՞րբ մնանք զէլու դռներ,
Երթամ գտնեմ զիմ խեղճ գառներ,
Սուքեմ զիմ պախչայիս ծառներ,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի
Սէրն Աստուծոյ, օգնէ մըզի:

Գրող տանի քուրդ Հասոյին,
Որ չսպաններ ջոջ Ափոյին,
Իլաճ մացեր Արաբոյին,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի
Սէրն Աստուծոյ, օգնէ մըզի (X 2):

Օրօրոցային բնոյթով այս տարբերակը մեներգած է «Ծովակ» աւանդական երգ ու պարի խումբի մենակատար Էդուարդ Մովսիսեանը: Նուագակցութեամբ ընկերակցած է Սեւադա Իրիցեանը: Այս տարբերակով երգուած երգին ընդհանրապէս ծանօթ չեն մեր ընթերցողները:

Հետագայ գործածութեան ժամանակ այս պատմական երեւոյթին հետ կապ ունենալը մոռացութեան մատնուած է:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Արաբոյին նուիրուած «Զարթ(ն)ի՛ր, լաօ՛» երգի չորս տարբերակները, որոնք լոյս տեսած են բազմաթիւ երգարաններու, պարբերականներու ու այլ բնոյթի գրական եւ մշակութային հրատարակութիւններու մէջ:

Առաջին տարբերակը, որ «Քաջ Արաբոյի երգը» խորագիրը կը կրէ, լոյս տեսած է «Վազգէն երգարան»-ի մէջ, Պոսթըն, 1901-ին: Հոն «լաօ»-ի տեղ օգտագործուած է «Լաւօ»:

Քաջ Արաբոյի Երգ
– Գրողը տանի քուրդ Աբոյին,
Ըսպաններ է ջոջ Ափօյին,
Իլլաճ մացիր Արաբօյին,
Զարթի՛ր, Լաւօ, մըռնիմ քըզի:

Զուր ես գնամ էլու դռներ,
Երթամ գտնեմ զիմ խեղճ գառներ:
Սուքեմ` զիմ բաղչայի ծառներ,
Զարթի՛ր, լաւօ, մըռնիմ` քըզի:

Դէն երիչկէ գալող ո՞րն է,
Քաջ Արաբօ բախտաւորն է:
Կարմիր իրիցանց զինւորն է,
Զարթի՛ր, Լաւօ, մըռնիմ քըզի:

Խեղճ մշեցին մնաց լալով,
Հեռու երկիրներ ման գալով
Մեռաւ թուրքի պարտքը տալով,
Զարթի՛ր, Լաւօ, մըռնիմ քեզի:

Ոտքի կայնէք, կտրիճ Խերան,
Զօրքով գնա՛ առաջ ուրան,
Սալաթ մէյրու բաժին ղուրբան,
Զարթի՛ր, Լաւօ, մըռնիմ քըզի:

Սէֆիլ – չիւար, մացած Հայեր,
Եղած անտէր – բնաւեր Հաւքեր,
Տէ՛ր, դու փրկէ, պահէ արթուն,
Զարթի՛ր, Լաւօ, օգնէ՛ հայուն:

«Մշեցու երգը»

Չուր ե՞րբ մնանք զէլու դռներ,
Երթամ գտնիմ զիմ խեղճ գառներ,
Սուքեմ զիմ պախչայիս ծառներ,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:

Խեղճ մշեցին մեռաւ լալով,
Օտար երկրներ մանգալով,
Մեռաւ թուրքի պարտքը տալով,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:

Գրող տանի քուրդ Հատոյին,
Որ չսպաններ ջոջ Ափոյին,
Իլաճ մացեր Արաբոյին,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:

Դէն իրիշկէ` գալող ո՞րն ա,
Քաջ Արաբօ բաղդաւորն ա,
Կարմիր իրիցանց զինուորն ա,
Զարթի՛ր լաօ, մռնիմ քզի:

(Շար. 1)

Share